Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Վիլնիուս քաղաքի ողորմութեան մայր սրբավայրը

Վախէն մղուած ինքնիր մէջ կը փակուած հաւատացեալները զրկուած կը մնան Յիսուսի բարի աւետիսէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վիլնիուս քաղաքին հովուական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, սեպտեմբեր 22-ին՝ յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը այցելեց Ողորմութեան մայր սրբավայրը:

Նորին Սրբութեան դիմաւորումի ելան Օրթոտոքսներուն մետրոպոլիտը եւ Սրբուհի Թերեզա ժողովրդապետութեան հոգեւոր հովիւը:

Յայտնենք թէ «Ողորմութեան Մայր» մատուռ առաջնորդող ուղիին երկայնքին, ներկայ գտնուեցան հարիւրաւոր որբեր ու անոնց խնամք տանող ընտանիքները:

«Ողորմութեան Մայր» տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց վարդարանի աղօթքը, ապա ներկաներուն փոխանցեց իր սրտի պատգամը, որուն մէջ անդրադարձաւ Վիլնիուս քաղաքի «Աւրոդա դրան», նկատել տալով որ այդ դուռը, հակառակ բազմաթիւ պատերազմներուն, 1979ին՝ քաղաքին վրայ արշաւած զօրքերուն, կանգուն մնացած եւ ժողովուրդը պաշտպանած է, շնորհիւ դրան մէջ զետեղուած Տիրամօր Սրբապատկերին, որ միշտ պատրաստ է օգնութեան փութալու բոլորիս:

Նորին Սրբութիւն նկատել կու տայ , որ Վիլնիուս քաղաքի մէջ տեղի ունեցած պատերազմներուն օրերուն, Աստուածածինը միշտ ուզած է սորվեցնել այն իրողութիւնը, որ կարելի է պաշտպանուիլ՝ առանց յարձակելու շեշտելով, որ Ողորմութեան Մայրը, առանց մանուկի ոսկեծոծ Մայրը, բոլորիս մայրն է, որ սրբավայր ժամանող իւրաքանչիւր հաւատացեալին մէջ կը տեսնէ ու կ՝ըմբռնէ այն ինչ որ նոյնինքն հաւատացեալը կարող չէ ըմբռնելու եւ տեսնելու, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապի ապա աւելցուց, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալին սրտին մէջ դրոշմուած է Յիսուսի դիմագիծը, եւ այս մէկը կարելիութիւն կ՝ընծայէ, իւրաքանչիւր այր մարդու կնոջ միջոցաւ Աստուծոյ հանդիպելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ նաեւ , որ հաւատացեալ մը երբ՝ վախէն մղուած ինքնիր մէջ կը փակուի ու պատնէշներ կը բարձրացնէ, զրկուած կը մնայ Յիսուսի բարի աւետիսէն, որ կ՝առաջնորդէ դէպի ուրիշներուն կեանքն ու պատմութիւնը:

Ան ապա յարեց, որ անցեալին մէջ կառուցուած են բազմաթիւ ամրոցներ, սակայն այսօր կարիքը կը զգանք մէկը միւսին դէմքին նայելու, կարիքը կը զգանք միասնաբար ընթանալու՝ ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ, յայտնաբերելով ու փորձարկելով եղբայրութեան արժէքը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տալով, որ ամէն օր, զանազան երկիրներէն ՝ լեհաստանէն, Լաթւիայէն, Պիելոռուսիայէն, Կաթողիկէ , օրթոտոքս բազմաթիւ հաւատացեալներ «Ողորմութեան Մայր» սրբավայր կ՝այցելեն, շնորհիւ հաղորդութեան դիւրինութիւններուն, երկիրներու միջեւ ազատ շրջագայութեան, մաղթանք յայտնեց , որ այս ազատ շրջագայութեան միանայ, բոլորիս միջեւ հանդիպումի, զօրակցութեան վայրեր, տարածելու համար անվճար ստացած պարգեւները, դուրս գալու համար մենք մեզմէ , եւ նուիրուելու ուրիշներուն, ընդունելով անոնց ներկայութիւնն ու տարբերութիւնը որպէս նուէր ու հարստութիւն մեր կեանքին մէջ:
Սրբազան Հայր դիտել տուաւ, որ երբեմն այնպէս մը կը թուի, որ աշխարհը կարծես մեզ կը մղէ մրցակցութեան տարածք, ուր մարդը կը նկատուի գայլ՝ այլ մարդու համար, ուր՝ լոկ տեղ կայ մեզ բաժանող պայքարին, մեզ սպառող բախումներուն, ատելութեան, թշնամութեան, որոնք մեզի ոչ մէկ տեղ կ՝առաջնորդեն:

Ողորմածութեան Մայրը ըսաւ Սրբազան Հայրը նման ամէն բարի մօր, կը փորձէ ընտանիքի անդամները միացնել, փսփսալով մեր ականջին «փնտռէ քու եղբայրդ: Ան՛ այսպէս մեզի կը բանայ նոր արեւածագ մը նոր արշալոյս մը :

Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց որ այսօր, մանուկներ ու ընտանիքներ մեզի կը սպասեն արիւնոտ վէրքերով Յիսուսի վէրքերը, որոնք իսկական եւ շօշափելի են որոնց ցաւերը կը բացագանչեն, անոնց փոխանցելու համար սիրոյ ամոքիչ լոյսը: Որովհետեւ հաստատեց Սրբազան Հայրը սէրը այն բանալին է որ կը բանայ երկինքի դուռը:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց մաղթելով, որ Աստուածամայրը միշտ ըլլայ՝ Լիթուայի օրհնուած համայն երկրին արշալոյսի դուռը, յորդորելով հաւատացեալները, թոյլ տալու, որ Տիրամայրը առաջնորդէ զիրենք, ապա հրաւիրեց վարդարանի աղօթքը կատարել:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2018, 16:12