Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քաունասի մէջ Քահանայապետին հանդիպումը քահանաներու, նուիրեալ անձերու, եւ նորընծաներուն հետ։

«Ձեզի նայելով կը տեսնեմ բազմաթիւ մարտիրոսներու դիմագիծը։ Մի մոռնաք ու միշտ յիշեցէք թէ դուք մարտիրոսներու զաւակներ էք» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լիթուա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկս Պապ, Կիրակի 23  սեպտեմբեր 2018-ին այցելեց Քաունաս քաղաքը ու քաղաքի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոսի անուան  աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիթուայի կղերական դասին հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Նշենք թէ Քաունասի աթոռանիստ եկեղեցին՝ որ նուիրուած է երկու առաքելապետերուն  Լիթուայի «կոթիք» ամենամեծ կառոյցն է եւ ունի 600 տարուայ պատմութիւն։ 2013-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քաունաս քաղաքին տուած առաքելական այցելութեան 20-րդ տարեդարձին առթիւ Եկեղեցւոյ մէջ կառուցուեցաւ նոր խորան մը ուր զետեղուեցան Սուրբ Քահանայապետին մասունքները, դառնալով ուխտագնացութեան կարեւոր վայր մը։

Սրբազան Քահանայապետը Աթոռանիստ եկեղեցի ժամանելուն դիմաւորուեցաւ  Եկեղեցւոյ ժողովրդապետի կողմէ որուն կ՛ընկերանային մայրապետ մը, կրօնաւոր մը եւ նորընծայ մը։

Նորին Սրբութիւնը անոնց հետ միասին մուտք գործեց եկեղեցի ու գերապայծառ Վոտոփիանովասի բարի գալուստի արտասանած խօսքէն, աղօթքէն ու Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք ներկաներուն ուղղեց իր սրտին խօսքը որուն սկիզբը ուզեց իր զգացումները արտայայտել ըսելով որ անոնց նայելով ինք կը տեսնէ բազմաթիւ մարտիրոսներու դիմագիծը, ապա խրախուսեց չի մոռնալ ու յիշել միշտ թէ իրենք մարտիրոսներու զաւակներ են ու թէ այս մէկը իրենց ուժը ըլլալու է։ Յիշեցէք միշտ ձեր մարտիրոսները ու անոնց հաւատացէք - ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով թէ քիչ առաջ եպիսկոպոսներուն հետ զրուցելով անոնք իրեն հարց տուած են թէ ինչպէս կարելի է երանացման դատը բանալ բոլոր անոնց համար որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Քրիստոսին համար, սակայն անոնց մասին չկան բաւարար տեղեկութիւններ։ Այս մէկը գեղեցիկ է ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ այդ մարտիրոսները սուրբեր են։

Ակնարկելով ապա Եպիսկոպոսին խօսքերուն Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց երկու երեւոյթներ՝ այսօր ապրուած  դժուարութիւնները ապա աղօթքի նկատմամբ ապրուած պաղութիւնը։ «Աշխարհականութեան հոգին, ձանձրութիւնը, ու փորձութիւնը մոռնալու մեր հայրերուն կեանքը՝ որոնք պայքարեցան ու չարչարուեցան եւ բանտարկութիւններ կռեցին, իսկ մենք ուժ չունինք յառաջ ընթանալու» ըսաւ Սրբազան Պապը ու մէջբերեց առաքեալներու գործերէն խօսքը. «Մի մոռնաք առաջին օրերը, ծագումը, ձեր նախահայրերը» ըսաւ Ան հաստատելով թէ « ահա այս է յորդորը ո որ այսօր ձեզի կ՛ուղղեմ։ Հուսկ  ակնարկելով ճամբորդութեան կարգախօսին «Յիսուս Քրիստոս՝ մեր յոյսը» եւ Պօղոս առաքեալի յորդորին՝ յուսալու յարատեւութեամբ, խօսքը կեդրոնացուց այդ յոյսի յատկութիւններու վրայ, որ «մենք քահանաներս, նուիրեալ անձինք ու նորընծաներ, կոչուած ենք ապրելու» յարեց Սրբազան Պապը ու մատնանշեց Պօղոս Առաքելի Հռովմէացիներու ուղղած նամակին (Գլ 8, 22-23.26) ուր հեթանոսներու քարոզիչը կը խօսի «հեծել» բայի մասին։

«Այսօր լաւ կ՛ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք եթէ այդ  «հեծել»ը մաս կը կազմէ մեր կեանքին ու կամ եթէ բարօրութեան ընկերութիւնը մեզ կշատացուցած է» - ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «Մենք նուիրեալ անձերս այն մարդիկն ու կիներ ենք, որոնք չեն կրնար կորսնցնել այդ «հառաչիւնը», այդ սրտի անհանգստութիւնը որ իր հանգիստը կը գտնէ միայն Տիրոջ մէջ։ Ոչ մէկ բան պէտք է մեզմէ խլէ Տիրոջ հետ մեր առօրեայի երկխօսութեան պահը, աղօթքի ու պաշտամունքի մէջ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը  ընդգծելով թէ այդ հառաչիւնը յառաջ կու գայ մարդոց աշխարհի մասին խոկալէն, ու թէ այդ մէկը կոչ մըն է ի տես մեր աղքատ եղբայրներու կարիքներուն, երիտասարդներու կեանքի իմաստի բացակայութեան դիմաց ու ի տես տարեցներու առանձնութեան ու բնութեան չարաշահումներուն։

«Հառաչիւն մը որ կ՛ուզէ դրոշմը դնել ազգի մը, քաղաքի մը իրադարձութիւններուն վրայ, ոչ որպէս իշխանութեան բանեցում կամ ճնշում այլ որպէս ծառայութիւն» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը  աւելցնելով թէ մեր ժողովուրդին ճիչը պէտք է մեր վրայ ազդէ։ Ճիչը մեզ կը մղէ փնտռելու զԱստուած աղօթքին մէջ շեշտեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները պատրաստակամութեամբ մօտիկ ըլլալ Աստուծոյ ժողովուրդին ու անոր կարիքներուն ապա անդրադարձաւ Պօղոս առաքելի գործածած երկրորդ բառի մը՝ հետեւողականութիւն։ Հետեւողականութիւն տառապանքի մէջ ու բարի գործերու մէջ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով թէ այս մէկը կը նշանակէ ըլլալ կեդրոնացած Աստուած վրայ ու արմատացած Անոր մէջ, հաւատարիմ մնալով Անոր սիրոյն։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Լիթուայի մէջ անցեալին եկեղեցականներու դէմ անցեալին գործադրուած բռնութիւններուն ու հալածանքներուն «որոնք չկարողացան ոչ մի ձեւով յաղթահարել անոնց հաւատքը՝ Յիսուս Քրիստոսի մէջ» ըսաւ Ան ու ասկէ մեկնելով հրաւիրեց տարեցները վկայելու այդ իրականութիւնները ու երիտասարդներու յորդորեց փնտռել եւ գտնել իրենց արմատները՝ նայելով տարեցներուն։

«Չարչարանքներն ու հարստահարումներն են որոնք կը բնորոշն քրիստոնէական յոյսի յատկութիւնները» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները միշտ իրենց հայեացքը ուղղելու Քրիստոսին ու մասնակից դառնալու Անոր փրկագործ առաքելութեան, դիմելով նաեւ Սուրբ Հոգիին որ մեզ կը միաւորէ ու կը հաշտեցնէ մեր տարբերութիւնները ու մեր մէջ կը յառաջացնէ նոր ուժականութիւն մը՝ նոր ցայտ տալու Եկեղեցւոյ առաքելութեան։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նշեց հուսկ թէ ըլլայ Սուրբ Պետրոսը ըլլայ Սուրբ Պօղոսը  գիտակից էին թէ իրենց հրաւէր ուղղուեցաւ «բացերը երթալու»։ Այդ դէպի բացերը ընթացող նաւուն մէջ   ներկայ ենք նաեւ մենք ամէնքս, ըսաւ Սրբազան Պապը ու այդ Նաւը որ Եկեղեցին է, իր առաքելութեան որպէս կեդրոն ունի աւետարանելը։

Սրբազան Հայրը զգուշացուց ներկաները տխուր իրավիճակէն ու յատկապէս կոչումի գաղջութենէն ապա նշեց թէ այդ ծովուն մէջ ուր կը նաւարկենք, կան դժուարութիւններ ու նորանոր մարտահրաւէրները աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով «միշտ հարցադրել թէ Ի՞նչ կ՛ուզէ Տէր մեզմէ» ու այդ հարցումէն մեկնելով երթալ բացերը՝ աշխարհի արուարձանները, ու մեր կեանքի օրինակով վկայել Յիսուսի Քրիստոսի մէջ մեր հաւատքը։

Քահանայապետը ապա դիտել տուաւ թէ կայ այլ սպառնալիք մը՝ այն է կոչումը շփոթել աշխատանքի մը, գործի, արհեստի մը հետ։ Եթէ այդպէս ընենք մենք կը քալենք սխալ ճանապարհի վրայ  ու պիտի անդրադառնաք թէ Տէրը որ մեզ կոչած է սիրելու համար՝ դժգոհ է մեզմէ որովհետեւ  նախընտրեցինք գործակալի կեանք ունենալը։ 

Յիսուսի հետեւելու կեանքը գործակալի կեանք չէ՝ սիրոյ կանք է ու ժողովուրդին ի նպաստ ծառայութեան առաքելութիւն է - ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով թէ «գործակալ քահանան Կ՛արթննայ ու ժամանակներ ունի իր գրասենեակը բանալու ու զայն փակելու, սակայն հեռու կը մնայ ժողովուրդէն, ու եթէ դուք չէք ուզէր գործակալներ ըլլալ ձեզի կ՛ըսեմ միայն մէկ բառ. մօտիկութիւն։ Մօտիկութիւն տապանակին՝ Յիսուսին ու մօտիկութիւն ժողովուրդին։

Դուք գացէք ժողովուրդին մօտ ու մի սպասէք որ անոնք մօտենան ձեզի։ Որովհետեւ Տէրը կ՛ուզէ որ դուք ըլլաք ժողովուրդին հովիւներ եւ ոչ թէ կղերապաշտ աշխատաւորներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Յիսուսի ողորմութեան ու հաստատելով թէ «Քահանայ մը չի կրնար ողորմած չ՛ըլլալ, յատկապէս խոստովանարանին մէջ։ 

«Դուք պէտք է զղջացած մեղաւորին զգալ տաք Հօր ողջագուրումը, ներող Հօր ողջագուրումը» յարեց Սրբազան Պապը նշելով թէ անոնց պարտականութիւնն է անոր հաղորդել թէ Աստուած միշտ կը ներէ։ Աստուած կը սիրէ բոլորը։ 

Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց թէ ողորմութիւնը կը գտնուի տապանակին մէջ ու խօսքը ուղղելով մայրապետներուն զգուշացուց զանոնք շատախօսութիւններէն ու նշեց թէ իրենք նմանապատկերն են Աստուածամօր ու Եկեղեցւոյ ու անոնց մէջ մարդիկ պէտք է տեսնեն Մայր Մարիամը եւ Մայր Եկեղեցին։ «Մայր Եկեղեցին չի շատախօսէր, կը սիրէ, ու դուք հրաւիրուած էք ձեր մօտիկութեամբ ըլլալ մայրեր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ դարձեալ խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն աւելցուց «Եթէ դուք գործէք եւ ապրիք մօտիկութեամբ եւ ողորմութեամբ ձեր ծերութեան շրջանին պիտի ունենաք բաց ժպիտ մը եւ փայլուն հայեացք, որովհետեւ ձեր սիրտը լի է սիրով, ողորմութեան, մայրութեամբ եւ հայրութեամբ» Ան ապա խօսքը եզրափակեց ըսելով «Աղօթեցէք այս խեղճ եպիսկոպոսին համար»։ 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2018, 14:45