Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Լիթուայի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ հանդիպումը։

Բազմաթիւ ժողովուրդներ եւ կրօններ ապրելու վայր մը գտան՝ Լիթուաներ, Թաթարներ, Լեհեր, Ռուսեր, Պելառուսեր, Ուքրանացիները, Հայեր, Գերմանացիներ...

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 21 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ իր քահանայապետութեան շրջանի առաքելական 25-րդ միջազգային ճամբորդութեան ու զինք առաջնորդեց Պալթեան երկիներ՝ Լիթուա, Լաթուիա եւ Էսթոնիա։ Նորին Սրբութիւնը Հռոմէն մեկնեցաւ առաւօտեան 7.30-ին եւ ճամբորդութեան առաջին հանգրուան՝ Լիթուայի մայրաքաղաք Վիլինուսի միջազգային օդակայան  ժամանց  3 ժամ տեւող ճամբորդութենէ մը ետք։ Նորին Սրբութեան դիմաւորեցին Լիթուայի նախագահ Տիկ Կալիա Կրիպոսքայթէն ուանոր ընկերացող քաղաքական, քաղաքացիական ու  եկեղեցական իշխանութիւններ։

Ունկնդրէ լուրը

Օդակայանի մէջ կայացած պատուոյ բարի գալուստի արարողութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրուեցան Վիլինուսի նախագահական պալատ՝ ուր Սրբազան Քահանայապետը քաղաքավարութեան այցելութիւն տուաւ Երկրի նախագահին, անոր հետ ունենալով առանձնական հանդիպում, որմէ ետք Նախագահական Պալատի հրապարակին վրայ, հանդիպում ունեցաւ քաղաքական ու  քաղաքացիական ընկերութեան  ներկայացուցիչներուն  ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը «ուրախութեան եւ յոյսի» պատճառ նկատեց այս իր Պալթեան երկիրներ կատարած ուխտագնացութիւնը սկսիլ Լիթուայի երկրէն, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը որակած էր «Լրելեան վկայ մը՝ կրօնական ազատութեան նկատմամբ գորովալի սիրոյ» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով Լիթուայի անկախութեան հռչակումին 100 ամեակին ու դարաշրջանի ընթացքին ապրուած տառապանքներուն։

«Անկախութեան 100 ամեակը տօնախմբելը կը նշանակէ կանք առնել ու վերագտնել ապրուած պահերու յիշողութիւնը ու գտնել բանալին՝ որ թոյլ կու տայ նայելու  ներկայի մարտահրաւէրներուն ու  ձգտելու դէպի ապագան՝ երկխօսութեան եւ միութեան մթնոլորտի մէջ, առանց բացառելու եւ ոչ մէկը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «ամէն մէկ սերունդ կանչուած է յարգելու Հայրերու յիշատակը»։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Լիթուայի ժողովուրդի «հոգիին» որ անոր թոյլ տուաւ դիմադրելու եւ կառուցելու, «անցեալէն քաղելով ուժ՝ որպէսզի այսօրուան նայի քաջութեամբ» ապա  անդրադարձ կատարեց պատմութեան հոլովոյթին Լիթուայի՝ հիւրընկալութեան յատկութեան, ուր բազմաթիւ ժողովուրդներ եւ կրօններ ապրելու վայր մը գտան՝ Լիթուաներ, Թաթարներ, Լեհեր, Ռուսեր, Պելառուսեր, Ուքրանացիները, Հայեր, Գերմանացիներ... կաթողիկէներ, օրթոտոքսներ, բողոքականներ, իսլամներ եւ հրեաներ, ապրեցան միասին եւ խաղաղութեամբ, մինչեւ բռնապետութիւններու գաղափարախօսութեան ժամանումը, որ սերմանեց բռնութիւն ու վախ, ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով թէ «անցեալէն ուժ քաղելը կը նշանակէ նաեւ վերագտնել արմատները ու այդ արմատներու շարքին նշեց հանդուրժողականութիւնը, հիւրընկալութիւնը, յարգանքն ու զօրակցութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց հուսկ համաշխարհային իրականութեան, ուր՝ ըսաւ Ան, «աճ կ՛արձանագրեն բաժանում եւ հակառակութիւն սերմանող ձայներ» ու այս ծիրէն ներս նշեց թէ երկխօսութեան, բացուածքի ու իրար հասկացողութեան ուղիով  կարելի է յաղթահարել այդ ձայները ու Լիթուան դարձնել կամուրջ՝ ընդմէջ եւրոպական ցամաքամասի արեւելքին եւ արեւմուտքին։

«Դուք, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ձեր մորթին վրայ ապրեցաք «միաձեւ» տիպարի բանեցումի փորձերը, որ կ՛ուզէր բնաջնջել տարբերը, հաւատացնելով թէ քիչերու առանձնաշնորհումները կարող են ոտնակոխ ընել ուրիշներու արժանապատուութիւնն ու հասարակաց բարիքը»։ Այս ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերեց վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ խօսքերը «հասարակաց բարիքը կամենալը ու անոր ի սպաս գործելը արդարութեան եւ սիրոյ պահանջ մըն է...մերձաւորը  կը սիրուի այնքանով որքան աշխատանք կը տարուի հասարակաց բարիքին համար»։

«Բոլոր հակամարտութիւնները արդարեւ իրենց լուծումը կը գտնեն երբ ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ մարդուն վրայ, յատկապէս տկարներուն վրայ» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, յատուկէն ակնարկելով նաեւ երիտասարդներուն ու հրաւիրելով քաղաքական գործիչները խթանելու երիտասարդները ներգրաւող քաղաքականութիւններ։ «Այս մէկը անխտիր յոյսի սերմ մըն է, որովհետեւ ան պիտի մղէ դէպի այնպիսի զօրութենականութիւն ուր այս ժողովուրդին «հոգին» պիտի շարունակէ հիւրընկալութիւն արծարծել, հիւրընկալութիւն՝ օտարականին, երիտասարդին, տարեցին, աղքատին ու ապագային նկատմամբ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, այս ծիրէն ներս ապահովեցնելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը՝ որպէսզի այս երկիրը կարողանայ իրագործել իր կոչումը ըլլալու «հաղորդութեան եւ յոյսի կամուրջ երկիր»յարեց Սրբազան Պապը եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2018, 12:02