Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Վիլինուսի բռնատիրութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողի մօտ։

«Տէր թոյլ մի տար որ խուլ ձեւանանք այն անձերու աղաղակին դիմաց որոնք կը շարունակեն իրենց ձայնը բարձրացնել դէպի երկինք»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տէր իմ Տէր իմ ինչո՞ւ թողուցիր զիս» Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսի այս բացագանչութենէն մեկնելով է որ Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը Հրէական թաղամասի զոհերուն յիշատակի յուշարձանին առջեւ արտասանեց զոհերու յիշատակին նուիրուած աղօթքը։

Կիրակի 23 սեպտեմբերի  երեկոյեան Նորին Սրբութիւնը աւարտեց Լիթուա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուան յայտագիրը այցելելով Վիլիլնուսի «Բռնատիրութեան դէմ եւ ազատութեան համար պայքարի թանգարանը»  ու անոր կից գտնուող Հրէական թաղամասի զոհերուն յիշատակի յուշարձանը, ուր աղօթք բարձրացուց առ Հայր ի յիշատակ բազմաթիւ այն անձերուն որոնք դարերու հոլովոյթին ու յատկապէս սովետական բռնատիրութեան շրջանին իրենց կեանքը կորսնցուցին։

Թանգարանը արդարեւ կառուցուած է այն շէնքին մէջ որ ժամանակին եղած է  KGB-ի կեդրոն եւ ուր հազարէ աւելի մարդիկ՝ 1944էն մինչեւ վաթսունական թուականները չարաչար սպաննուեցան։  

Թանգարանի այցելութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Երկրին նախագահուհին ու կառավարութեան անդամներ։

Նորին Սրբութիւնը Թանգարան ժամանելուն դիմաւորուեցաւ Թանգարանի տնօրէնի կողմէ ապա մուտք գործելէ ետք թանգարան այցելեց թիւ 9 եւ թիւ 11 խցիկները ուր վարեց մոմ մը ի յիշատակ զոհերուն։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հալածանքներէն վերապրող Յիսուսեան քահանայ մը։ Սրբազան Քահանայապետը ապա պահ մը ամփոփուեցաւ թանգարանի «վճիռներու» սրահին մէջ, ապա թանգարանի գետնայարկ վերադառնալով ստորագրեց ոսկէ մատեանը որմէ ետք փոխադրուեցաւ Հրեաներու թաղամասի զոհերուն նուիրուած յուշարձանին մօտ, ուր զինք դիմաւորեց բռնութիւններէն վերապրող եպիսկոպոս մը։

Յուշարձանի ոտքին ծաղկեփունջ մը զետեղելէ ետք Սրբազան Պապը աղօթք բարձրացուց առ Հայր ըսելով. «Տէր իմ Տէր իմ ինչու թողուցիր զիս»։ Այս քու աղաղակդ Տէր՝ չի դադրիր հնչելէ այս պատերուն մէջ որոնք կը յիշեցնեն այդ ժողովուրդի զաւակներուն ցաւերը։ Քու աղաղակիդ մէջ արձագանք կը գտնէ անմեղին ճիչը, որ քու ձայնիդ միանալով կը բարձրանայ դէպի երկինք։ Այս յիշատակի վայրին մէջ Տէր՝ քեզի կ՛աղաչենք, որպէսզի քու աղաղակդ մեզ արթուն պահէ մեզ ազատէ հնգեկան հիւանդութիւններէն ու մեր հայերը ու անոնց ապրածն  ու ցաւերը մոռանելու փորձութենէն։ Ապրում ու ցաւեր որոնք մէջ կը գտնենք քաջութիւնը վճռակամ յանձնառութեան մը՝ չի հպատակելու ժամանակի սովորութիւններուն ու այն մարդ անհատէն արժանապատուութիւնը խլելու փորձին։

Տէր Լիթուան թող ըլլայ յոյսի ճրագ։ Թող ըլլայ յիշողութեան հողամաս որ կը նորոգէ յանձնառումը՝ ամէն մէկ անարդարութեան դէմ. Թող խթանէ ստեղծագործ ջանքեր ի պաշտպանութիւն բոլոր անհատներուն յատկապէս ամենէ տկարներուն ու անպաշտպաններուն ու թոպ ըլլայ դաստիարակ՝ տարբերութիւններու հաշտեցումի ու ներդաշնակութեան մէջ։

«Տէր թոյլ մի տար որ խուլ ձեւանանք այն անձերու աղաղակին դիմաց որոնք կը շարունակեն իրենց ձայնը բարձրացնել դէպի երկինք» ըսաւ Հուսկ Սրբազան Պապը աւարտելով աղօթքը ու բոլորին շնորհեց առաքելական օրհնութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2018, 17:05