Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ նախ քան Վատիկան վերադառնալը այցելեց Մարիա Մաճճորէ Տաճար։

22 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան 20.05-ին վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Պալթեան երկիրներ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 22 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան 20.05-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու անոր հետ ճամբորդող պատուիրակութիւնը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Հռոմի Չամփինօ օդակայան, վերջ տալով Նորին Սրբութեան քահանայապետութեան առաքելական միջազգային 25-րդ ճամբորդութեան, որ զինք առաջնորդած էր Պալթեան երկիրներ՝ Լիթուա Լաթուիա եւ Էսթոնիա։

Նախ քան Վատիկան փոխադրուիլը Նորին Սրբութիւնը սովորութեան համաձայն այցելութիւն տուաւ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա ու «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի մատրան մէջ աղօթք ընծայելով առ Աստուած ու շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրբ Կոյս Մարիամին, առաքելական ճամբորդութեան յաջողութեան համար։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Տիար Կրէկ Պուրք, 22 սեպտեմբերին հրապարակած մէկ թուիթով մը, որուն աւարտին կը գրէ «Վերադարձ դէպի տուն՝ Հռոմ։ Շնորհակալութիւն»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2018, 07:00