Ֆրանչիսկոս Պապ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Տիրամօր յանձնեց Պալթեան Երկիներ կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը Պալթեան երկիրները կ՛այցելէ 22 -25 սեպտեմբեր 2018

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իր սովորութեան համաձայն  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պալթեան երկիրներ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան ուր «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի Եկեղեցւոյ փրկութիւն»  Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ Անոր յանձնելով յառաջիկայ օրերուն Պալթեան երկիներ կատարելիք առաքելական 25-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը։  Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Կրէկ Պուրքը։

Ճամբորդութեան օրակարգը

Սրբազան Քահանայապետը Հռոմէն կը մեկնի վաղը Շաբաթ 22 սեպտեմբերի առաւօտեան 7.30-ին եւ Լիթուայի մայրաքաղաք Վիլինուս կը ժամանէ 3 ժամ տեւող ճամբորդութենէ մը ետք տեղական ժամով 11.30 (Հռոմի ժամով 10.30) Լիթուայի ճամբորդութեան առաջին օրուան յայտագիրը կը նախատեսէ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը, քաղաքական իշխանութիւններու հետ հանդիպում, Ողորմութեան Մայր սրբավայրի այցելութիւնը ապա երիտասարդներու հետ հանդիպումը։ Երկրորդ օրը՝ կիրակի 23 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վիլինուսէն կը փոխադրուի Քաունաս քաղաք որ Լիթուանիոյ երկրորդ ամենամեծ քաղաքն է։

Նորին Սրբութիւնը այնտեղ կը ժամանէ տեղական ժամով առաւօտեան 9.30-ին եւ Սանթոքաս հրապարակի վրայ կը մատուցէ սուրբ պատարագը, որուն աւարտին նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Մարեմեան Աղօթքը ապա կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի տեղական եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ, մինչ յետ միջօրէին նախատեսուած է՝ Քահանաներու կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու ու նորընծաներու հետ հանդիպում՝ Քաունասի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը վերադարձ կը կատարէ Վիլինուս ուր կ՛այցելէ  «ազատութեան համար պայքարի եւ բռնատիրութեան» թանգարանը, ուր Նորին Սրբութիւնը յատուկ աղօթք մը կա կատարէ՝ ի յիշատակ բռնատիրութեան զոհերուն։

Առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրը յատկացուած է Լաթուիոյ։Ֆրանչիսկոս Պապ առաւօտեան կանուխ կը փոխադրուի Վիլինուսի միջազգային օդակայան որտեղէն կը մեկնի դէպի Ռիկա ուր կը ժամանէ մէկ ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք եւ ուր պաշտօնական ընդունելութենէն ետք կը փոխադրուի Նախագահական պալատ ուր տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը,  հուսկ հանդիպում քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու անդամներուն հետ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա կ՛այցելէ  Ռիկայի «Ազատութեան  յուշարձանը» ուր կը զետեղէ ծաղկեփունջ մը,  հուսկ կը փոխադրուի Ռիկայի Սուրբ Կոյս Մարիամի նուիրուած Լուտերական մայր տաճար ուր նախատեսուած է համամիութեան աղօթք մը որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ Սուրբ Յակոբս կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցի ու քովնտի առաջնորդարանի մէջ եպիսկոպոսներուն հետ միասին կը բաժնեկցի կէսօրուան ճաշը։

Կէսօրէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Լաթուիայի Ակլոնա քաղաքի Մայր Աստուծոյ միջազգային ու համամիութենական սրբավայրը, ուր ժամը 16.30-ին կը մատուցէ  Լաթուիոյ այցելութեան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին՝ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք  վերադարձ կը կատարէ Վիլինուս՝ առաքելական պատուիրակութեան կեդրոն։

Երեքշաբթի 25 սեպտեմբերին Սրբազան Քահանայապետը ճամբորդութեան չորրորդ ու վերջին օրը կը յատկացնէ Էսթոնիային։ Հրաժեշտ առնելէ ետք առաքելական նուիրակութենէն Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի Վիլինուսի միջազգային օդակայան, ուր հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնէն ետք, օդանաւ կը բարձրանայ եւ կ՛ուղղուի դէպի Էսթոնիայի մայրաքաղաք Թալլին ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 9.50-ին։

Պաշտօնական ընդունելութենէ ետք Սրբազան Պապը կը փոխադրուի Նախագահական Պալատ ուր տեղի կ՛ունենայ  բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւն ապա քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպում, որուն կը յաջորդէ Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած՝ երիտասարդներու մասնակցութեամբ համամիութենական հանդիպումը։

Կէսօրէն ետք Սրբազան Պապը հանդիպում կ՛ունենայ բարեգործական հաստատութիւններուն հետ հուսկ «Ազատութեան Հրապարակին» վրայ կը մատուցէ Էսթոնիայի այցին եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Թալլինի օդակայան ու այնտեղ կայացած հրաժեշտի արարողութեան աւարտին վերադարձ կը կատարէ Հռոմ՝ ուր ժամանումը նախատեսուած է Հռոմի ժամով 20.20-ին Չամփինօ օդակայան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2018, 10:03