Ֆրանչիսկոս Պապ Քաունասի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Քաունասի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քաունասի մէջ։

25-րդ առաքելական ճամբորդութեան երկորդ օրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 սեպտեմբերի առաւօտեան, Լիթուա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ինքնաշարժով  փոխադրուեցաւ Լիթուայի ամենամեծ երկրորդ քաղաք՝ Քաունաս, ուր ժամանեց մէկ ժամ տեւող ճանապարհորդութիւնէ մը ետք եւ Քաունասի Սուրբ Գէորգ աթոռանիստ եկեղեցւոյ առջեւ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն եպիսկոպոսէն, ապա երկուքը մէկ բարձրացան Քահանայապետական Սպիտակ ինքնաշարժ ու շրջանը կատարեցին Սանթաքոս հանրային պարտէզին որ կը գտնուի Նեմունաս եւ Ներիս գետերու մօտ, ողջունելով այնտեղ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները։

Նշենք թէ այդ նոյն վայրին մէջ  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը՝ 1993-ի սեպտեմբեր 6-ին մտուցած էր Սուրբ պատարագ որուն յիշատակին համար՝ 2011-ի յունիսին   զետեղուեցաւ երջանկայիշատակ Քահանայապետին արձանը։

Սանթաքոս պարտէզի տարածքին Նորին Սրբութիւնը  կը մատուցէ Սուրբ Պատարագի զոհը ապա նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Մարեմեան Աղօթքը հուսկ  կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի տեղական եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ, մինչ յետ միջօրէին նախատեսուած է՝ Քահանաներու կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու ու նորընծաներու հետ հանդիպում՝ Քաունասի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը վերադարձ կը կատարէ Վիլինուս ուր կ՛այցելէ  «ազատութեան համար պայքարի եւ բռնատիրութեան» թանգարանը, ուր Նորին Սրբութիւնը յատուկ աղօթք մը կը կատարէ՝ ի յիշատակ բռնատիրութեան զոհերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2018, 08:36