Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Քաունասի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին։

Մենք ըլլալու ենք դէպի դուրս եկեղեցի մը, վախ չունենանք դուրս ելլելու ու շաղուելու, կորսուելու փոքրիկներուն, մոռցուածներուն, ու գոյութենական արուարձաններու մէջ ապրող անձերու ետին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 սեպտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լիթուայի Քաունաս քաղաքի Սանթաքոս պարտէզի տարածքին, առաւօտեան 11-ին (Հռոմի ժամով 10-ին) մատուցեց սուրբ պատարագ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր հաւատացեալներ եւ որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ քաղուած Մարկոս Աւետարանիչէն ուր առաքեալը կը խօսի Յիսուսի չարչարանքներու երկրորդ յայտնութեան մասին ինչպէս նաեւ առաքեալներու միջեւ ծագած մրցակցութեան մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Մարկոսը Աւետարանի ամբողջ մէկ հատուածը կը յատկացնէ աշակերտներուն ուղղուած ուսուցումին։  Աւետարանիչը կը պատմէ թէ ինչպէս Յիսուս երեք առիթներով յայտնեց իր չարչարանքները ու երեք անգման ալ աշակերտները չուզեցին այդ մէկը ընդունիլ ու Տէրը ուզեց անոնց թողուլ ուսուցում մը եւ այսօրուայ աւետարանին մէջ ունկնդրեցինք  այդ ուսուցումներէն մին։

Քրիստոնէական կեանքը միշտ ունի խաչի պահեր որոնք յաճախ կը թուին անվերջ։  Անցեալի սերունդները փորձարկեցին այդ մէկը ու ձեզմէ քանիներ այսօր կարող են պատմել տառապանքի ու հալածանքի դէպքեր։  Քանիներ փորձարկեցին պահը երբ հաւատքը սկսաւ խախտիլ որովհետեւ Աստուած չի յայտնուեցաւ ձեզ պաշտպանելու…Քաունաս քաղաքը եւս կը ճանչնայ այդ իրականութիւնը։ Համայն Լիթուան կարող է վկայել այդ մէկը, լոկ Սիպերիա անունը արտասանելով եւ կամ, ի մէջ այլոց, Վիլինուսի  ու Քաունասի «կետտոները» հրէական թաղամասերու մասին խորհելով…

Աշակերտները սակայն չէին ուզէր որ Յիսուս անոնց խօսէր տառապանքի ու Խաչի մասին եւ Սուրբ Մարկոս կը նշէ թէ անոնք հետաքրքրուած էին այլ բաներով ու կը վիճէին թէ ո՞վ էր անոնց միջեւ մեծը։ Յիսուս իմանալով այդ մէկը անոնց կ՛առաջարկէ այդ իշխանութեան պայքարի ու զոհաբերումի մերժումի դէմ դարման մը ու այդ իր ուսուցումին հանդիսաւորութիւն շնորհելու համար իր մօտ կը կանչէ տասներկուքը ու մանուկ մը կ՛առնէ ու կը տնկէ անոնց մէջտեղ ըսելով. «Ով որ կ՛ուզէ ձեր մէջ առաջին ըլլալ, թող վերջինը ըլլայ եւ ամէնուն ծառայողը» ապա կ՛աւելցնէ   «Ով որ իմ անունովս ասոր պէս մանուկ մը ընդունի զիս կ՛ընդունի, եւ ով որ զիս կ՛ընդունի՝ կ՛ընդունի Ան որ զիս ղրկեց»։

«Ո՞վ պիտի դնէր Տէրը այսօր մէջտեղ» հարց տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, ո՞վ են մանուկները, ու աղքատները որոնք պիտի ընկալենք այսօր անկախացումէն հարիւր տարիներ ետք։ Ո՞վ է ան որ ոչ մի բանով կարող է փոխարինել մեր պարգեւածը։ Արդեօք մեր քաղաքներու մէջ ապրող ցեղային փոքրամասնութիւնները, կամ անգործները որոնք ստիպուած են առնել գաղթականութեան ճամբան եւ կամ տարեցները որոնք մինակ են ու կամ երիտասարդները որոնք իրենց կեանքին իմաստ մը չեն գտներ, որովհետեւ կորսնցուցած են իրենց արմատները»։

«Մէջտեղ կը նշանակէ հաւասար, այնպէս որ ոչ մէկը ինքզինք ձեւացնէ  որ չի տեսներ ու ոչ մէկը կարող ըլլայ ուրիշին վերապահել այդ պատասխանատուինը» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց Ներիս Գետին որ կը շաղուի Նեմունաս գետի ջուրերուն մէջ ու այս ուղղութեամբ  նշեց թէ մենք ըլլալու ենք դէպի դուրս եկեղեցի մը, վախ չունենանք դուրս ելլելու ու շաղուելու, կորսուելու փոքրիկներուն, մոռցուածներուն, ու գոյութենական արուարձաններու մէջ ապրող անձերու ետին։ Քաջատեղեակ ըլլալով նաեւ որ դուրս ելլելը կը նշանակէ նաեւ շատ անգամ կանգ առնել, մէկդի դնել անձկութիւնները ու շտապ գործերը- նայելու համար մերձաւորի աչքերուն, ունկնդրելու ու առաջնորդելու ան որ մնացած է ճամբուն եզերքը. Շատ անգամ պէտք է գործենք նման անառակ որդիին Հօր՝ որ դուռին սեմին կը սպասէր իր զաւկին վերադարձը եւ կամ ինչպէս ըսաւ Յիսուս աշակերտներուն՝ գիտակից ըլլանք թէ երբ մանուկ մը կ՛ընկալենք նոյնինքն Յիսուսն է որ կ՛ընկալենք։

Քահանայապետը քարոզը աւարտեց հաստատելով թէ մենք այսօր կ՛ընկալենք Յիսուսը Սուրբ հաղորդութեան մէջ։ Զայն կ՛ընկալենք որպէսզի Ան մեր յիշողութիւնը հաշտեցնէ ու մեզ առաջնորդէ ներկային մէջ ու մեզ ոգեւորէ իր մարտահրաւէրներով, որպէսզի հետեւինք իրեն՝ որպէս աշակերտներ…Ասոր համար է որ որպէս հասարակութիւն՝ որ մարդկայնութեան մէջ զօրակից է, կ՛ուզենք կեանքը պարգեւել ծառայութեան եւ ուրախութեան մէջ, բոլորին ապացուցելու համար թէ Յիսուս Քրիստոսը մեր միակ յոյսն է - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2018, 09:50