Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի Հրեշտակ Տեառն աղօթքի խորհրդածութիւնը Քաունասի հանրային պարտէզէն:

Զօրակցութեան համաշխարհայնացումը իրականութիւն կը դառնայ , այն ժամանակ երբ՝ Յիսուսի թոյլ կու տանք հասնելու մեր սրտին խորքը :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, սեպտեմբեր 23-ին, «Քաունաս» քաղաքի «Սանթաքոս» հանրային պարտէզին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ նոյն վայրէն արտասանեց հրեշտակ տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ խօսքը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումին վրայ՝ քաղուած Իմաստութեան գիրքէն, ուր կը խօսուի հալածուած արդարին մասին, որուն ներկայութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը խանգարում կը պատճառէ անհաւատին :«Սուրբ Գիրքին մէջ անհաւատը նկարագրուած է որպէս անձը մը, որ չի կարեկցիր այրի կնոջ եւ ոչ ալ կը յարգէ զայն: Անհաւատը իր ուժը կը պարտադրէ շահագործելով արդարութեան օրէնքը: Անհաւատը կը վախնայ որ ուրիշներուն կատարած բարիքը ի յայտ կը դնէ իր գործելաձեւը :

Ունկնդրէ լուրը

«Անհաւատին մէջ չարը միշտ կ՝ուզէ ոչնչացնել բարին»: Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ 70 տարի առաջ Վիլնիուս քաղաքին մէջ հրէաներու դէմ կատարուած հալածանքին, Վիլնիուս քաղաքին հրէաներու թաղամասի ոչնչացումին, դիտել տուաւ թէ պատմութեան մէջ պատահած է, որ ժողովուրդ մը ինքզինք գերադասէ ՝ իրեն վերապահելով իրաւունքներ ու մենաշնորհումներ, ապա յորդորեց հետեւելու Յիսուսի աշակերտներուն թողած ուսուցումին այն է «բոլորին մէջ ըլլալ վերջիններ եւ ծառաները. գտնուիլ հոն ուր ոչ մէկը կ՝ուզէ երթալ ՝արուարձանները, ստեղծելով հանդիպումի վայրեր եւ ծառայելով մեկուսացեալներուն»:

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ զօրակցութեան համաշխարհայնացումը իրականութիւն կը դառնայ , այն ժամանակ երբ՝ Յիսուսի թոյլ կու տանք հասնելու մեր սրտին խորքը :

Ակնարկելով ապա բազմաթիւ երկիրներու մէջ յայտնաբերուած տարբեր ձեւերով պատերազմներուն հաստատեց, թէ «մենք քրիստոնեաներս պէտք են ուրիշը ճանչնա, ուրիշին վէրքերը ամոքել եւ կամուրջներ կառուցել, կապեր հաստատել եւ իրար օգնել՝ մէկը միւսին բեռը կրելով».

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խորհրդածութիւնը յայտնելով, որ Լիթուայի մէջ կայ խաչերու բլուր մը որուն վրայ դարերու հոլովոյթին շատեր խաչեր տնկած են ու հրաւիրեց հաւատացեալները, հրեշտակ Տեառն աղօթքի մէջ Տիրամայրէն խնդրեն, որ մեզի օգնէ տնկելու ծառայութեան խաչը, նուիրումի խաչը՝ հոն ուր մեզի պէտք ունին, այն բլուրին վրայ՝ ուր վերջինները կը բնակին, հոն ուր կարիքը կը զցացուի ուշադրութիւն ընելու մեկուսացեալներուն, փոքրամասնութիւններուն, հեռացնելու համար մեր շրջանակներէն եւ մեր մշակոյթներէն ուրիշը ոչնչացնելու կարելիութիւնը։

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիթուայի նախագահի եւ քաղաքական իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց որոնք համագործակցեցան սոյն ճամբորդութիւնը կազմակերպելու համար ու անոնք որոնք աղօթքով միացած են իրենց։ Ան յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ Հրէայ հասարակութեան յայտնելով, թէ այսօր յետմիջօրէին պիտի այցելէ Քիլինսուիս Հրէայ թաղամասի զօհերու յուշարձանը, հրէական թաղամասի կործանման 75-ր տարելիցին առթիւ։ Թող ամենակալը օրհնէ երկխօսութիւնը ու միասնական յանձնառումը ի նպաստ արդարութեան եւ խաղաղութեան ըսաւ ապա Սրբազան հայրը բարի կիրակի մաղթելով բոլորին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2018, 11:30