Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Լաթուիա կատարած միօրեայ առաքելական այցելութինը։

Առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրը յատկացուած էր Լաթուիային

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս արարողութեան աւարտին կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որոնք տարբեր ձեւերով համագործակցեցան այս ճամբորդութեան իրականացման։ Յատկապէս  շնորհակալ եմ Հանրապետութեան նախագահին եւ քաղաքական իշխանութիւններուն ինծի վերապահած հիւրընկալութեան համար։ Այս Մարեմեան Հողին վրայ, Աստուծոյ Սուրբ Մօր որպէս նուէր կ՛ընծայեմ յատուկ Վարդարան մը թող որ Սուրբ Կոյսը ձեզ պաշտպանէ ու ձեզի ընկերանայ միշտ»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց Ակլոնյաի համամիութենական սրբավայրին մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութիւնը ու հրաժեշտ առնելով այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներէն աւարտեց Լաթուիա կատարած միօրեայ առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը վերադարձ կատարելով Լիթուա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2018, 17:47