Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումը  Ռիկա Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումը Ռիկա 

25-րդ առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը՝ Լաթուիան։

Ֆրանչիսկոս Պապին միօրեայ այցելութիւնը Ռիկա

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 24 սեպտեմբեր 2018-ին, Պալթեան երկիրներ կատարած  առաքելական 25-րդ միջազգային ճամբորդութեան ծիրէն  ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, առաւօտեան կանուխ Վիլինուսի առաքելական նուիրակութեան պալատը թողելով  փոխադրուեցաւ Վիլինուսի միջազգային օդակայան որտեղէն մեկնեցաւ՝ առաւօտեան 7.20 անց, ուղղուելով առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող՝ Լաթուիայի մայրաքաղաք Ռիկա՝ ուր ժամանեց մէկ ժամ տեւող ճամբորդութենէ մը ետք դիմաւորուելով Լաթուիայի նախագահ՝ Տիար Ռայմոնտս Վեյոնիսի կողմէ։  

Օդակայանի մէջ տեղի ունեցած հիւրընկալութեան պաշտօնական արարողակարգի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Ռիկայի նախագահական պատմական դղեակ-պալատ, ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեց պատուիրակութիւններու ներկայացում եւ Սրբազան Քահանայապետին Նախագահին տուած քաղաքավարական անցելութիւնը ու առանձնական հանդիպումը։

Նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սրբազան Հայրը կը հանդիպի  քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու անդամներուն հետ ապա կ՛այցելէ  Ռիկայի «Ազատութեան  յուշարձանը» ուր կը զետեղէ ծաղկեփունջ մը,  հուսկ կը փոխադրուի Ռիկայի Սուրբ Կոյս Մարիամի նուիրուած Լուտերական մայր տաճար ուր նախատեսուած է համամիութեան աղօթք մը որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ Սուրբ Յակոբոս կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցի ու քովնտի առաջնորդարանի մէջ եպիսկոպոսներուն հետ միասին կը բաժնեկցի կէսօրուան ճաշը։

Կէսօրէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Լաթուիայի Ակլոնա քաղաքի Մայր Աստուծոյ միջազգային ու համամիութենական սրբավայրը, ուր ժամը 16.30-ին կը մատուցէ  Լաթուիոյ այցելութեան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին՝ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք  վերադարձ կը կատարէ Լիթուա ՝ Վիլինուսի առաքելական պատուիրակութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2018, 08:06