Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Ռիկա քաղաքի «Սան Ճաքոմօ» տաճարը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել կու տայ թէ Սուրբ Յակոբը խօսելով յարատեւութեան մասին կը գործածէ նաե այլ բառ մը՝ համբերութիւնը, որ ունի երկու նշանակութիւն. հաբերութեամբ հանդուրժել եւ համբերութեամբ յուսալ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 24-ին, Ռիկա քաղաքի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց «Սան Ճագոմօ» անուան տաճար։ Ռիկա թեմի արքեպիսկոպոսին արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք Սրբազան Հայրը իր սրտի պատգամը ուղղեց ներկաներուն նախ շնորհահալութիւն յայտնելով արքեպիսկոպոսին արտասանած խօսքերուն համար ապա խօսքը կեդրոնացնելով Յակոբոս առաքեալին թուղթին վրայ ուր առաքեալը կը խօսի յարատեւութեան մասին

ֆրանչսիկս Պապ ներկաներուն դիտել կու տայ թէ անոնց ներկայութիւնը իրեն յիշել կու տան Յակոբոս առաքեալի իր նամակին մէջ օգտգործած երկու արտայայտութիւններ՝ հայող յարատեւութեան:

Սրբազան Հայրը կ՝ակնարկէ տաճարի մէջ ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն անցեալին մէջ ապրած դժուարութիւններուն, քաղաքական հալածանքներուն, ընդգծելով անոնց յարատեւութիւնը ու հաւաքի ուժը որ ոչ նացիական եւ ոչ սովետական համակարգը կրցան մառել անոնց սիրտերուն մէջ։

Սրբազան Հայր յարեց թէ հաւատացեալաներուն ացնցեալին աշխատանքները կատարեալ ըլլալով հանդերձ աւելի կատարելութեան պիտի հասնին նոր շրջանակներուն մէջ ու քաջալերեց ներկաները հետեւելու Սուրբ Յակոբոսի յորդորին՝ զգոյշ ըլլալու եւ յարատեւելու՝ առանց մատնուելու տխրութեան եւ յուսալքումի:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել կու տայ թէ Սուրբ Յակոբը խօսելով յարատեւութեան մասին կը գործածէ նաե այլ բառ մը՝ համբերութիւնը, որ ունի երկու նշանակութիւն. հաբերութեամբ հանդուրժել եւ համբերութեամբ յուսալ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քաջալերեց հաւատացեալները, իրենք եւս իրենց ընտանքիքներուն – եւ իրենց քաղաքներուն մէջ որդեգրելու այս երկու կեցուածքները՝ համբերութեամբ հանդուրժել եւ համբերութեան յուսալ:

«Այսպէս ընելով ըսաւ Սրբազան Հայր պիտի շարունակէք կերտել ձեր ազգը» դուք որ վկաներն էք բազմաթիւ հակասութիւններուն դէմ մղուած յարատեւողականութեան ու նաեւ վկաները մարգարէութեան պարգեւին…մի մոռնաք թէ դուք ազգի մը արմատներն էք, երիտասարդ բողբողջներու արմատները որոնք ապագային պիտի ծաղկին եւ պտուղ պիտի տան: Պաշտպանեցէք սոյն արմատները, զանոնք կենդանի պահեցէք, որպէսզի մանուկներն ու երիտասարդները կարենան այնտեղ բնակիլ ու հասկնալ, որ այն ինչ որ ծառին վրայ ծաղկած է, կապրի շնորհիւ գետնի տակ գտնուող հունտին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2018, 11:28