Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Ակլոնա քաղաքին Աստուածամօր սրբավայրին մէջ:

Աստուածածինը կը յայտնուի որպէս անձ մը նեցուկ տառապողներուն, նեցուկ բոլոր անոնց որոնցմէ աշխարհը կը խուսափի, նեցուկ դատապարտուածներուն, տեղահաններուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 24-ին, յետմիջօրէին, Լատւիա կատարած հովուական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Ակլոնա քաղաքին Աստուածամօր միջազգային սրբավայրին մէջ:
Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Աւետարանական ընթերցումը քաղուած Յովհաննէս Աւետարանիչէն, յարեց թէ Յովհաննէս աւետարանիչը մեզի կը ներկայացնէ երկու պահեր ուր՝ Յիսուսի կեանքը կը խաչաձեւուի Անոր մօր կեանքին հետ, Տիրամայրը կանայի հարսանիքին ընթացին եւ Յիսուսի խաչին մօտ ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով այդ երկու կացութիւններուն հակասութիւնը, մէկը ուրախալի կացութիւնը երկրորդ տխուր։
Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ խաչին տակ գտնուող Տիրամօր ամուր եւ հաստատ կեցուացքին վրայ, դիտել տալով որ անիկա թեթեւ եւ մակերեսային կեցուածք մը չէ այլ՝ կեցուածք մը որ կ՝ուզէ արտայայտել թէ Տիրամօր՝ ոչ մէկ կրնայ այդ վայրէն դուրս բերել:
Ան դիտել տուաւ որ Աստուածածինը կը յայտնուի որպէս անձ մը նեցուկ տառապողներուն, նեցուկ բոլոր անոնց որոնցմէ աշխարհը կը խուսափի, նեցուկ դատապարտուածներուն, տեղահաններուն, ընդգծելով որ կը շարունակէ նեցուկ մնալ ժամանակից ընկերութեան եզրին վրայ գտնուող մեկուսացեալներուն, տառապողներուն ինչպէս նաեւ անհասկացողութեան եւ տառապանքի խաչին վրայ գամուած անձերուն:
Տիրամայրը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մեզի կ՝ուզէ ցոյց տալ նաեւ թէ ինչպէս պէտք է մօտիկ գտնուիլ այդ տառապող անձերուն: Մօտիկ գտնուիլ չի նշանակեր պարզապէս պտոյտ մը կամ կարճ այցելութիւնը մը կատարել, այլ անոնք պէտք են զգալ մեր ամուր եւ կայուն կեցուածքը. փորձարկել կարենալու համար Աստուծամօր այդ քնքուշ մօտիկութիւնը, որովհետեւ իւրաքանչիւր տառապողին մէջ կը գոյատեւեն Աստուածամօր Որդւոյն բաց վէրքերը:
Սրբազան Պապ ապա հրաւիրեց դպչելու ուրիշներու տառապանքներուն: Դէմ յանդիման գալու ժողովուրդին՝ անոնց մխիթարելու եւ ընկերանալու համար, առանց վախնալու փորձարկելէ քնքշութեան ուժը :
Ան քաջալերեց, Տիրամօր նման ոտքի վրայ կանգուն մնալու, մեր հայեացքը սեռել Աստուծոյ վրայ, եւ կգանեցնել անոնք որոնք ինկած են , վերջապէս օգնել վերջ դնելու, անձկութեան մէջ ապրողներուն իրավիճակին:
Սրբազան Հայր դիտել տուաւ նաեւ որ Տիրամայրը, Յիսուսի կողմէ կանչուած է ընկալելու սիրելի առաքեալը՝ որպէս իր զաւակը:
Ան նկատել տուաւ, որ այսօրուան աշխարհին մէջ, բազմաթիւ անձեր իրարու քով գտնուելով, միեւնոյն յարկաբաժինը , միեւնոյն հաւատքը կիսելով հանդերձ , չեն ընկալեր մէկը միւսը սիրալիր կերպով:
Մինչ Տիրամայրը ըսաւ Սրբազան Հայրը հաւատաց Յիսուսին եւ ընկալեց առաքեալը, շեշտելով որ յարաբերութիւններն են, որոնք մեզ կը բուժեն եւ մեզ կ՝ազատագրեն եւ մեզի կը բանան ուրիշներուն հետ եղբայրական հանդիպումին, որովհետեւ ուրիշին մէջն է որ Ինքնին Աստուած կը բացայայտուի:
Սրբազան Հայրը ապա յիշեց տաճարին մէջ հանգչող Գերապայծառ Սլոսճանի գրութիւնը՝ ուղղուած անոր ծնողքին « սրտիս խորքէն կը խնդրեմ որ վրէժխնդրութիւնը ուղի չբանայ ձեր սիրտին մէջ: Թոյլ տալու պարագային իսկական քրիստոնեաներ պիտի չըլլանք այլ մոլեռանդներ:», դիտել տալով որ Տիրամայր եւ այս երկրի առաքեալները մեզ կը հրաւիրեն ընկալելու եւ ընդունելու տիեզերական եղբայրութիւնը: Սրբազան Հայր ընդգծեց Սուրբ Կոյս Մարիամի ընկալուելու կեցուածքը: Տիրամայրը կին մըն է որ հեզօրէն կ՝ընդունի մաս կազմելու առաքեալին կեանքին: Տիրամայրը որպէս հնազանդ առաքեալ այսօր եւս թոյլ կու տայ ընկալուիլ եւ փոխադրուիլ իւրաքանչիւր հաւատացեալի բնակարանը:
Սրբազան Հայրը շեշտեց որ այն ժամանակ երբ հաւատքով կ՝անսանք ընկալելու եւ ընկալուած ըլլալու հրամանին, այն ժամանակն է որ կարելի կը դառնայ բազմազանութիւններուն մէջ կառուցել միութիւնը որովհետեւ , տարբերութիւնները չեն որ մեր կը կասեցնեն, այլ անոնք մեզ կարող կը դարձնեն անդին նայելու, ուրիշներուն մէջ նայելու՝ անոնց խորին արժանապատուութեան մէջ , որպէս զաւակներ միեւնոյն Հօր:
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց այս սուրբ Պատարագին ընթացքին, ինչպէս ամէն պատարագներուն մէջ ոգեկոչել այն օրուան յիշատակը: Խաչին տակ Տիրամայրը, որ մեզի կը յիշեցնէ իր զաւակները ըլլալու ուրախութիւնը, կը յիշեցնէ Յիսուսը որ մեզ կը հրաւիրէ՝ Իր Մայրը Տիրամայրը մեր բնակարաններ տանիլ զայն զետեղելու մեր կեանքին կեդրոնը:
Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը ըսելով Տիրամայրը կ՝ուզէ մեզի նուիրել իր քաջութիւնը՝ ոտքի վրայ կանգուն մնալու համար, կ՝ուզէ շնորհել իր հեզութիւնը, թոյլ կու տայ համակերպելու իւրաքանչիւր պատմութեան պայմաններուն: Տիրամայր իր ձայնը կը բարձրացնէ որպէսզի այս իր սրբավայրին մէջ ամէնքս յանձնառու դառնանք մէկը միւսին ընկալելու առանց խտրականութեան, որպէսզի Լիթուայի մէջ բոլորը գիտնան որ պատրաստ ենք մենաշնորհելու ամենէն շատ աղքատները եւ ձեռք տալու բոլոր անոնք որոնք իյնկած են եւ ընկալելու անոնց որոնք կը հասնին եւ եւ մեր առջեւ կը ներկայանան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2018, 15:39