Որոնել

Հահամիութենական աղօթք Ռիկայի մէջ Հահամիութենական աղօթք Ռիկայի մէջ 

Համամիութենական աղօթք Ռիկայի Լուտերական եկեղեցւոյ մէջ։

«Հայր ըրէ որ ամէնքը մէկ ըլլան…որպէսզի աշխարհը հաւատայ» Յիսուսին խօսքերն են ասոնք որոնք կը շարունակեն մեզ հարցադրել ու մեզմէ պահանջել միութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լաթուիա կատարած միօրեայ առաքելական այցելութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 24 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, այցելելէ ետք Ռիկայի Ազատութեան Յուշարձանը փոխադրուեցաւ Ռիկայի Սուրբ Կոյս Մարիամ Լուտերական եկեղեցի, որ կառուցուած է  ԺԳ դարուն որպէս կաթողիկէ եկեղեցի եւ որ 1524-ին տրուած է Լուտերական եկեղեցւոյ, այնտեղ մասնակցելով Համամիութենական Աղօթքի հանդիպումին։

Այս առթիւ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ համախմբուած էին հազարաւոր ուխտաւորներ մինչ Եկեղեցւոյ մուտքին Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Լուտերական Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսի կողմէ, ապա ողջունեց այս առթիւ այնտեղ ներկայ գտնուող այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, հուսկ միասնաբար մուտք գործեցին եկեղեցի՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Սուրբ Մէյնարտոյի։

Եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած համամիութենական աղօթքի հանդիպումը  սկիզբ առաւ Ռիկայի Լուտերական եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Եանիս Վանակսի ողջոյնի խօսքով, որուն յաջորդեցին սուրբ գրային ընթերցումներ հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ելոյթը։

Ունկնդրէ լուրը

«Ուրախ եմ ձեր հետ հանդիպելուս համար այս երկրին մէջ որ յատկանշուած է յարգանքի, համագործակցութեան ու բարեկամութեան ընթացքի յատկանիշներով՝ քրիստոնեայ զանազան եկեղեցիներու միջեւ, որոնք յաջողեցան միութիւն հրահրել, իւրաքանչիւրը պահելով իր սեփական հարստութիւններն ու իւրայատկութիւնները։ Պիտի համարձակիմ ըսել «կենդանի համամիութիւն մը» որ կը յատկանշէ Լաթուիան եւ որ անկասկած յոյսի եւ գոհաբանութեան պատճառ է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տալով ելոյթին ու շնորհակալութիւն յայտնելով Վանակս Արքեպիսկոպոսին՝ որ «բացաւ իր դռները, այստեղ իրականացնելու այս աղօթքի հանդիպումը» աւելցուց Քահանայապետը նշելով թէ «Եկեղեցին 800 տարիներէ ի վեր կը հիւրընկալէ այդ քաղաքի քրիստոնեայ կեանքը։ «Ան այսօր մեզ կը հիւրընկալէ որովհետեւ Սուրբ Հոգին կը շարունակէ արուեստական կերպով մեր միջեւ հիւսել հաղորդութեան կապեր ու մեզ կը դարձնէ միութեան արհեստաւորները «որպէսզի մեր տարբերութիւնը բաժանում չի դառնան» ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով թոյլ տալ որ Սուրբ Հոգին շարունակէ իր այդ ներգործութիւնը։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Եկեղեցւոյ մէջ գտնուող պատմական երգեհոնին հաստատելով թէ ան մաս կը կազմէ քաղաքի հաւատացեալի կեանքին, աւանդութեան եւ ինքնութեան, մինչ զբօսաշրջիկին համար ան անցեալի պատմական գործիք մըն է ու ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ շատ անգամ այս  սպառնալիք մըն է՝ «մեր ինքնութիւնը յատկանշող գործիքը դարձնել անցեալի գործիք»։ Այս կը պատահի նաեւ մեր հաւատքին հետ։ Կը դադրինք քրիստոնեայ ըլլալէ ու կը դառնանք զբօսաշրջիկներ ու բոլոր մեր քրիստոնեայ աւանդութիւնը կը դառնայ անցեալի իրականութիւն մը, փակուած մեր եկեղեցիներու պատերուն մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով նաեւ թէ «Այսուհանդերձ մեր հաւատքը սահմանուած չէ փակումի այլ պէտք է հնչէ ընկերութեան զանազան շրջանակներուն մէջ, որպէսզի բոլորն ալ կարենան խոկալ եւ լուսաւորուիլ այդ հաւատքի լոյսով»։

Զգուշացնելով այն վտանգէն որ Աւետարանի երաժշտութիւնը դադրի մեր կեանքին մէջ հնչելէ, դադրի թռթռելէ մեր սրտերուն մէջ ու դադրի նաեւ ունկնդրուելէ մեր տուերուն ու մեր հրապարակներուն վրայ, ինչպէս նաեւ մեր աշխատանքի վայերուն մէջ, քաղաքականութեան ու տնտեսութեան մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ «Երբ Աւետարանի այդ երաժշտութիւնը դադրի հնչելէ մենք կորսնցուցած կ՛ըլլանք այն հնչիւնները որոնք մեր կեանքը երկինք կ՛առաջնորդեն ու կը փակուինք ժամանակակից ամենադաժան առուափոսին մէջ, որ է առանձնութիւնը ու կղզիացումը։ Հիւանդութիւն մը որ ծնունդ կ՛առնէ անոնց մէջ որոնք ոչ մէկ յարաբերութիւն ունին եւ որ կարելի է գտնել իրենց ճակատագրին լքուած ծերունիներուն մէջ ինչպէս նաեւ առանց նպատակակէտի ու ապագայի հնարաւորութեան երիտասարդներուն մէջ» յարեց Սրբազան Պապը։

«Հայր ըրէ որ ամէնքը մէկ ըլլան…որպէսզի աշխարհը հաւատայ» Այս բառերը կը շարունակեն զօրեղօրէն հնչել մեր մէջ։ Յիսուսին խօսքերն են անոնք որուն առաքելութիւնը այսօր եւս կը շարունակէ մեզ հարցադրել ու մեզմէ պահանջել միութիւնը։ «Այդ առաքելութիւնը կը պահանջէ որ մենք դադրինք անցեալի վէրքերուն նայելէ՝ կեդրոնանալու համար Վարդապետի աղօթքին վրայ» նշեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով միշտ բաց վարուելակերպ ունենալ  մէկը միւսին նկատմամբ  եւ չի յուսահատիլ՝ ընդունելով հանդերձ որ այս ժամանակաշրջանը դժուար ժամանակաշրջան է, յատկապէս երբ տեսնենք, ըսաւ Ան, մեր եղբայրները՝ որոնք իրենց հաւատքին համար կ՛ապրին աքսորը ու նահատակութիւնը։ Անոնց վկայութիւնը սակայն մեզ կը մղէ բացայայտելու որ Տէրը կը շարունակէ մեզ կոչել ու հրաւիրել ուրախութեամբ ապրելու Աւետարանը ու Տէրը մեզի պիտի տայ պէտք եղած ուժը» յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ Տէրը կը կոչէ մեզ միութեան մը որ ունի միսիոներական բնոյթ եւ կը պահանջէ որ դուրս ելլենք մեր բնակարաններէն հասնելու համար  մարդոց սրտերուն, անոնց մշակոյթին, ու ընկերութեան՝ որուն մէջ կ՛ապրինք։ Այդ համամիութենական առաքելութիւնը կարելի է իրականացնել երբ թոյլ տանք որ Քրիստոսի Հոգին ներգործէ մեր մէջ ու վերադառնանք ակնաղբիւրին որ է Աւետարանը՝ որոնելու համար նոր ճանապարհներ ու նոր ոճեր, աւելի խօսուն նշաններ ու այսօրուայ աշխարհին համար վերանորոգուած իմաստներով խօսքեր ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով այնպէս ընել որ Աւետարանի երաժշտութիւնը շարունակուի հնչել մեր մէջ։ «Թող որ ան երբեք չի դադրի հնչելէ որովհետեւ ան մեր սրտերուն թոյլ կու տայ երազը շարունակելու ու ձգտելու լիակատար կեանքին որուն կը կոչէ մեզ Տէրը՝ այն է ըլլալ անոր առաքեալ աշակերտները մեր ապրած աշխարհին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2018, 09:14