Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը Ֆրանչիսկոս Պապին մեկնումը 

25-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը կը հասնի իր աւարտին։ Ֆրանչիսկոս Պապ Էսթոնիայի մէջ։

Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առնելէ ետք Վիլինուսէն ուղղուեցաւ Էսթոնիայի մայրաքաղաք Թալլին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պալթեան երկիներ կատարած միջազգային առաքելական 25-րդ ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, նախորդ օրերուն այցելելէ ետք Լիթուան եւ Լաթուիան,  ճամբորդութեան չորրորդ ու վերջին օրը յատկացուց Էսթոնիային։

Արդարեւ երեքշաբթի 25 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան կանուխ, Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առնելէ ետք Վիլինուսի առաքելական նուիրակութենէն, որ այս օրերուն ընտրուած էր որպէս Քահանայապետի բնակավայր, Սրբազան Պապը ուղղուեցաւ Վիլինուսի միջազգային օդակայան, ուր տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը՝ ներկայութեամբ Լաթուիայի նախագահին ու պաշտօնական պատուիրակութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  օդանաւ բարձրացաւ ուղղուելով Էսթոնիայի մայրաքաղաք Թալլին ուր ժամանց մէկ ժամ 20 վայրկեան տեւող թռիչք մը ետք տեղական ժամով 9.50-ին (Հռոմի ժամով 8.50)։

Թալլինի միջազգային օդակայանին մէջ կայացած  պաշտօնական ընդունելութենէ ետք Սրբազան Քահանայապետը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը  փոխադրուեցան  Թալլինի Նախագահական Պալատ։

Պալատի մուտքին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Էսթոնիայի նախագահ Տիկին Քերսթի Քալիուլայտի կողմէ հուսկ տեղի ունեցաւ պատուոյ պաշտօնական արարողութիւնը որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը՝ նախագահին տուած քաղաքավարութեան այցելութեան ծիրէն ներս Անոր հետ ունեցաւ առանձնական հանդիպում որուն աւարտին նախագահական պալատի Վարդերու Պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումը որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը։

Նախագահական պալատին տուած այցելութեան աւարտին Սրբազան                 Քահանայապետը Թալլինի «Քաարլի» անուամբ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ երիտասարդներու հետ տեղի ունեցած համամիութենական  հանդիպումին որմէ ետք «Պրիկիտեան մայրապետներու» վանքին մէջ մասնակցեցաւ իրեն ի պատիւ սարքուած հիւրասիրութեան։

Կէսօրէն ետք նախատեսուած Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը բարեգործական հաստատութիւններուն հետ հուսկ «Ազատութեան Հրապարակին» վրայ  Էսթոնիայի այցին եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Թալլինի օդակայան ու այնտեղ կայացած հրաժեշտի արարողութեան աւարտին վերադարձ կը կատարէ Հռոմ՝ ուր ժամանումը նախատեսուած է Հռոմի ժամով 20.20-ին Չամփինօ օդակայան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2018, 08:00