Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրերը դէպի էսթոնիա թռիչքի ընթացքին

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Պալթեան եկիրներու առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը. Էսթոնիա

Պալթեան երկիրներու առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, երեքշաբթի, սեպտեմբեր, 25-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Էսթոնիա:

Վիլնիուս քաղաքի օդակայանէն դէպի Էսթոնիայի՝ Թալլին մայրաքաղաք թռիչքի ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ, ըստ աւանդութեան, հեռագիրեր յղեց այն երկիրներու նահագահերուն որոնց օդաին տարածքին վրայէն սաւառնեցաւ, եւ այս առթիւ Լիթուայի եւ Լաթուայի նախագահներուն, երկու երկինրերը որ Նորին Սրբուիւնը այցելած էր նախորդ օրերուն:

Լաթուայի հանրապետութեան նախագահին յղած հեռագիրին մէջ սրբազան Հայրը գրեց «մինչ՝ դարձեալ Լաթուայէն կը մեկնիմ շարունակելու համար առաքելական ճամբորդութիւնս Էսթոնիայի մէջ, կը վերանորոգեմ իմ աղօթքս ձեզի Տիկին նախագահ, ինչպէս նաեւ համայն Լատթույիոյ ժողովուրդին, ու սիրով կը հայցեմ Աստուծոյ առատ օրհնութիւնները:

Մինչ՝ Լատւիոյ օդային տառաքծքէն սաւառնած ժամանակ, ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիր ուղղեց Լատւիոյ հանրապետութեան նախագահին, որուն մէջ ողջունելով զինք ու Լատւիոյ ժողովուրդը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ Լատւիոյ մէջ կատարած այցելութեան համար, ապա Աստուածային խաղաղութեան եւ անդորրութեան օրհնութիւնները հայեց համայն Լատւիոյ ժողովուրդին համար։

Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը էսթոնիա հասաւ տեղական ժամով 9.50-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2018, 09:07