Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Եկեղեցական բարեգործական հաստատութիւններու անդամներուն հետ։

«Երբ հաւատքը չի վախնար մէկդի դնելու հանգստաւէտութիւնը ու քաջութիւնն ունի դուրս ելլելու կը դառնայ Վարդապետին արտասանած բառերուն վկայութիւն՝ «Իրար սիրեցէք ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Էսթոնիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ երեքշաբթի 25 սեպտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին այցելեց Թալլինի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու անուան եկեղեցին, ուր հանդիպում ունեցաւ եկեղեցական բարեգործական հաստատութիւններու խնամքի տակ գտնուող անձերու հետ։

Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս աթոռանիստ եկեղեցին կառուցուած է 1841 թուականին։ 1719 Հիւսիսային պատերազմէն ետք երբ Շուէտը Էսթոնիան յանձնեց Ռուսական Կայսրութիւն, երկրին մէջ հաստատուեցաւ կրօնական ազատութիւնը եւ այդ օրէն՝ կաթողիկէութիւնը որ արգիլուած էր 1561 թուականէն ի վեր, դարձեալ ապրեցաւ իր վերածնունդը, ու երկրին փոքրիկ հասարակութիւնը կարողացաւ 1799-ին վերաբանալ Սրբուհի Կատարինէի վանքը ու զայն դարձնել պաշտամունքի վայր ու ճիշդ այդ վայրին մէջ է որ յետագային կառուցուեցաւ առաքելապետերու անունը կրող աթոռանիստ եկեղեցին։

Այցելութեան վայր ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորեցուեցաւ Թալլինի Առաքելական Հոգաբարձուի, եկեղեցւոյ ժողովրդապետի ու Կալկաթայի Մայր Թերեզայի միաբանութեան տեղական տան մեծաւորուհիին կողմէ, որոնց կ՛ընկերանար  9 զաւակներով ընտանիք մը, որոնք խնամուած են Գթութեան Առաքեալներ մայրապետներու կողմէ, մինչ եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Քահանայապետը խանդավառութեամբ ողջունեցին  100 կարիքաւորներ ու բարեգործական հաստատութիւններու անձնակազմը։

Այս առթիւ Նորին Սրբութեան ներկայացուեցան երկու վկայութիւններ, որոնցմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալուին յայտնեց հիւրընկալութեան ու վկայութիւններուն համար, ապա խօսքը ուղղելով ինը զաւակներով ընտանիքին գնահատեց անոնց քաջութիւնն ու զոհողութիւնները ինչպէս նաեւ Մայր Թերեզայի միաբանութեան քոյրերը որոնք մեծ սիրով խնամք կը տանին անոնց։

Այնտեղ ուր զաւակներ ու երիտասարդներ կան կայ ուրախութիւն ու յատկապէս կայ ապագայ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու աւելցուց «Երբ հաւատքը չի վախնար մէկդի դնելու հանգստաւէտութիւնը ու քաջութիւնն ունի դուրս ելլելու կը դառնայ Վարդապետին արտասանած բառերուն վկայութիւն՝ «Իրար սիրեցէք ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։

«Սէր մը որ  կը թօթափէ կղզիացնող եւ բաժնող շղթաները ու կը կառուցէ կամուրջներ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Սէր որ թոյլ կու տայ կերտելու մեծ ընտանիք մը՝ ուր բոլորս ալ մենք մեզ տան մէջ կը զգանք ինչպէս է այժմ այս տան մէջ։ Սէր որ կ՛արտայայտէ կարեկցութիւն եւ արժանապատւութիւն աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով Գթութեան առաքեալներ քոյրերու շօշափելի արարքներով առաքելութեան, ապա խօսքը ուղղեց Վլատիմիր անունով այլ աղքատի մը, որ իր կարգին կը գտնուի Մայր Թերեզայի քոյրերու խնամքին տակ, հաստատելով թէ «Տիրոջ ամենամեծ ուրախութիւնը մեր վերածնունդը տեսնելն է եւ ասոր համար մեզի միշտ կը նուիրէ նոր հնարաւորութիւններ։ Ասոր համար կարեւոր են կապերը ու կարեւոր է գիտակից ըլլալ թէ մենք կը պատկանինք մէկը միւսին եւ թէ ամէն մէկ կեանք ունի իր արժէքը - ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները կապեր որոնելու ապա դուրս երթալու ու շատերուն հաղորդելու թէ անոնք եւս մաս կը կազմեն իրենց կեանքին։

«Յիսուս կոչեց իր աշակերտները եւ այսօր կը կոչէ մեզմէ իւրաքանչիւրը շարունակելու սերմանել ու փոխանցել Անոր Արքայութիւնը։ Ան կը վստահի ձեր պատմութիւններուն, ձեր կեանքին, ձեր ձեռքերուն, քալելու համար քաղաքի ճանապարհներու վրայ ու բաժնեկցելու նոր իրականութիւնները որ դուք ապրեցաք» ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց բոլորին շնորհելով առաքելական օրհնութիւնը, ապա խնդրեց որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2018, 14:26