Ֆրանչիսկոս Պապ Էսթոնիայի նախագահին հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Էսթոնիայի նախագահին հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Էսթոնիան յիշողութեան ու պտղաբերութեան հողամաս է»

Երկիր մը կը դառնայ պտղաբեր ու ժողովուրդ մը կարող է ապագայ ստեղծելու միայն այն չափով որ ան կեանք կու տայ իր անդամներու միջեւ միջ-անձնական յարաբերութիւններուն

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 25 սեպտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Էսթոնիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Էսթոնիայի նախագահական պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհի ինչպէս նաեւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը որուն մէջ շեշտեց Էսթոնիայի ժողովուրդին վճռակամութեան յատկութիւնը որ թոյլ տուաւ անոնց միշտ վերսկսիլ՝ հակառակ ամէն տեսակ հակառակութիւններուն։

Ունկնդրէ լուրը

Այս հողերը դարերէ ի վեր կոչուած են «Մարիամի հողամաս – Մաարիամաա» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ Մարիամին մտածելը զինք կը մղէ մտածելու երկու բառերու մասին. յիշատակ եւ պտղաբերութիւն։ «Ան յիշատակի կին է, որ իր սրտին որպէս գանձ կը պահպանէ ամէն կենդանի իրողութիւն, ան ապա պտղաբեր մայրն է, որ կեանք կու տայ իր Զաւկին եւ ահա թէ ինչու ինծի հաճելի է մտածել Էսթոնիային որպէս յիշողութեան ու պտղաբերութեան երկիր» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Էսթոնիայի անցեալին ու ազատութեան եւ անկախութեան համար տարուած պայքարին, ինչպէս նաեւ ներկային մէջ անոր իրականացուցած «հսկայական քայլերուն» որոնց շնորհիւ երկիրը կը գտնուի զարգացած երկիրներու շարքին։ «Նկատի առնելով ձեր անցեալն ու ձեր ներկան, պատճառ ունինք ապագային նայելու յոյսով, ի տես նաեւ նոր մարտահրաւէրներուն» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ«յիշողութեան հողամաս ըլլալ կը նշանակէ յիշել թէ այն ինչ որ ունիք այսօր կը պարտիք ձեր հայրերու ջանքերուն, աշխատանքին ու անոնց հաւատքին»։ «Դուք եւս այսօր կանչուած էք նոր ճամբաներ բանալու անոնց որոնք ձեզի պիտի յաջորդեն» յարեց Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով պտղաբեր երկիր ըլլալու իրողութեան եւ այս ծիրէն ներս շեշտը դնելով ժամանակակից երեւութի մը վրայ հայող՝ կեանքի, ուրախութեան եւ ապրելու իմաստի կորուստին ու յատկապէս արմատներու կորուստին՝ որպէս ազգ, որպէս մշակոյթ եւ որպէս ընտանիք։

«Այդ կորուստը մեզ կը զրկէ երազանքի, արկածախնդրութեան ու ստեղծագործ ըլլալու կարողութենէն» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով նաեւ որ «վստահիլ միայն արուեստագիտութեան յառաջընթացքին՝ որպէս զարգացումի միակ միջոց, կրնայ յառաջացնել միջ-անձնական, միջ-սերունդային եւ միջ-մշակութային յարաբերութիւններ ստեղծելու կարողութեան կորուստը։ Այսուհետեւ՝ յարեց Սրբազան Քահանայապետը ընկերային, քաղաքական, դաստիարակչական ու կրօնական որեւէ մէկ պարտականութեան ստանձնումը մեզ կը դնէ կարեւոր  պատասխանատուութեան մը դիմաց, այն է՝ դառնալ «յարաբերութիւններու ու կապերու արհեստաւորներ» որովհետեւ պտղաբեր երկիր մը ըլլալու համար հարկ է ստեղծել կենսական ցանց մը, որուն հասարակութեան անդամները իրենք զիրենք զգան իրենց տան մէջ։ Երկիր մը կը դառնայ պտղաբեր ու ժողովուրդ մը կարող է ապագայ ստեղծել միայն այն չափով որ ան կեանք կու տայ իր անդամներու միջեւ միջ-անձնական յարաբերութիւններուն ու կը ստեղծէ միջ-սերնդային կապեր ու նաեւ այն չափով որ կարող կ՛ըլլայ ընդմիջել այն պարոյրները՝ որոնք կը մթագնեն զգայարանքները, մեզ հեռացնելով մէկը միւսէն։ Այս ուղղութեամբ ձեզի կ՛ուզեմ վստահեցնել Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աջակցութիւնը, թէեւ փոքրիկ համայնք մըն է ձեր մէջ, սակայն մեծ իղձ ունի իր սատարը տալու այս երկրի պտղաբերութեան համար  - յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահին ու ներկաներուն, ապա անոնց վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները ու յատկապէս տարեցներուն եւ երիտասարդներուն վրայ, որպէսզի պահելով յիշողութիւնը ու զայն իւրացնելով, այս երկիրը դարձնեն պտղաբերութեան տիպար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2018, 10:13