Որոնել

Համամիութենական հանդիպում Համամիութենական հանդիպում 

Ֆրանչիսկոս Պապ մասնակցեցաւ երիտասարդներու համամիութենական հանդիպումին :

Այսօր եկեղեցին երիտասարդներուն հետ կ՝ուզէ ողբալ, եւ անոնց ուրախութիւններուն ընկերանալ՝ ծափահարութիւններով եւ ուրախութիւններով, օգնելու համար երիտասարդներուն հետեւելու Յիսուսին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 25-ին, Էսթոնիայի Թալլին քաղաքին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Լուտերական Քաարլի Եկեղիցէն ներս իր մասնակցութիւնը բերաւ երիտասարդներուն հետ համամիութենական հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Էսթոնիայի Լուտերական Աւետարանական եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը, Էսթոնիայի եկեղեցիներուն խորհուրդի Արքեպիսկոպոսը, Էսթոնիայի առաքելական ներկայացուցիչ գերապայծառ Ֆիլիփ Ճորտանը ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ այլ դաւանանքներուն ներկայացուցիչները:

Համամիութենական հանդիպումի սկիզբը, Լուտերական Օրթոտոքս ու Կաթողիկէ եկեղեցիներու պատկան երեք երիտասարդներու կողմէ տրուած վկայութիւններէն ետք, Սրբազան Հայր ներկաներուն յղեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, գեղեցիկ երեւոյթ նկատեց, կեանքի վկայութիւններու բաժնեկցութիւնը, մտածումներուն փոխանակումը, ինչպէս նաեւ Յիսուս Քրիստոս դաւանող հաւատացեալներու միատեղ հաւաքուիլը, դիտել տալով որ սոյն հանդիպումներու միջոցաւ կ՝իրկանացուին Յիսուսի վերջին ընթրիքի երազը « որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ: Յովհ 17, 21

Սրբազան հայրը խօսքը կեդրոնացնելով Եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած իւղաներկի մը վրայ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած գրութեան «Ինծի եկէք, դուք ամէնքդ, որ յոգնած կը հեծէք բեռին ծանրութեան տակ, ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (Մատթ, 11, 28) անդրադարձաւ երիտասարդներու դժուարութիւններուն, դիտել տալով որ անոնք յաճախ լաւ հասկցուած չեն անչափահասներուն կողմէ եւ եկեղեցիներուն համար շատ աւելի դիւրին է խօսիլ ու խորհրդակցիլ երիտասարդներուն հարցերու շուրջ, քան անոնց ունկնդրելը եւ լուսաւորուիլը անոնց ապրումներէն:

Սրբազան Հայրը ակնարկեց երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսին, հաստատելով թէ եկեղեցին քաջատեղեակ է թէ ինչ կ՛ակնկալեն երիտասարդները, որ կ՝ուզեն իրենց առաջնորդ ունենալ, ոչ թէ խիստ դատաւոր մը ոչ ալ վախկոտ ծնողք մը այլ մէկ մը որ չի վախնար անոնց տկարութիւններէն եւ գիտէ ցոլացնել երիտասարդներուն գանձը։

Նորին Սրբութիւնը ապա վստահեցուց որ «Այսօր եկեղեցին երիտասարդներուն հետ կ՝ուզէ ողբալ, եւ անոնց ուրախութիւններուն ընկերանալ՝ ծափահարութիւններով եւ ուրախութիւններով, օգնելու համար երիտասարդներուն հետեւելու Յիսուսին:

Սրբազան Հայրը ապա շեշտեց որ չափահասները պէտք ունին դարձի գալու՝ յայտնաբերելու համար այն իրողութիւնը, որ երիտասարդներուն կողքին գտնուելու համար կարիքը կայ տապալելու՝այն անթիւ կացութիւնները որոնք երիտասարդները կը հեռացնեն եկեղեցիէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց թէ կարգ մը երիտասարդներ, եկեղեցիէն ոչ մէկ բան կը պահանջեն, որովհետեւ իրենց կեանքին համար զայն իմաստալից զրուցակից մը չէն նկատէր ուրիշները ապա եկեղեցւոյ ներկայութիւնը կը համարեն խանգարիչ ու կը վրդովին սեռային ու տնտեսական գայթակղութիւններուն դիմաց...ըսաւ Սրբազան պապը ու հաստատեց « եկեղեցին կ՝ուզէ պատասխանել երիտասարդներուն եւ դառնալ թափանցիկ, հիւրընկալ, հաղորդակից, ազնիւ հասարակութիւն՝ ապա իր հիացմունքը յայտնեց ի տես երիտասարդներուն, որոնք եկեղեցւոյ մէջ միացած կ՝երգեն եւ ուրախ վիճակի մէջ են։ «Հակառակ եկեղեցւոյ դերի վկայութեան, Երիտասարդները կը շարունակեն յայտնաբերել Յիսուսը՝ եկեղեցական հասարակութիւններուն ծոցէն ներս» յարեց Սրբազան հայրը հաստատելով , որ եկեղեցին քաջ իրազեկ է այն իրողութեան, որ հոն ուր Յիսուսը կայ, միշտ կայ վերանորոգում եւ դարձի գալու հնարաւորութիւն, ետին թողելով այն բոլոր բաները որոնք եկեղեցին կը հեռացնեն Յիսուսէս եւ մեր եղբայրներէն:

Սրբազան Հայր ապա հրաւիրեց դարձեալ կրկնելու Յիսուսի Խօսքը «դուք որ յոգնած էք ինծի եկէք եւ ես անդորրութիւնն պիտի տամ ձեզի. զայն կրկնել համոզուած՝՝ սահմանափակումներէն, բաժանումներէն անդին,դիտել տալով որ Յիսուս կը շարունակէ շարժառիթը ըլլայ հոս միասնաբար գտնուելու:

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ապա ներկաները միասնաբար ընկալելու այն նորութիւնը զոր Աստուած կը շնորհէ մեր կեանքի մէջ, այն նորութիւնը որ մեզ կը մղէ կրկին միշտ մեկնելու՝երթալու համար հոն ուր կը գտնուի ամենէն շատ խոցուած մարդկութիւնը: Երթալ հոն ուր մարդիկ կը շարունակեն պատասխան փնտռել կեանքի իմաստին շուրջ ընդգծելով որ այս գործընթացին մէջ երբեք միայնակ պիտի չընթանաք այլ Աստուած մեր հետ պիտի ընթանայ :

Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց յարելով որ սէրը չէ մեռած, սէրը մեզ կը կանչէ եւ կ՝առաքէ: Ան ապա հրաւիրեց հայցելու Առաքելական ուժը՝ աւետարանը փոխանցելու ուրիշներուն եւ հրաժարելու աւետարանը համարելէ մեր կեանքի յուշարձանը»

«Թոյլ տանք, որ Սուրբ Հոգին մեզ խոկալ տայ պատմութեան մասին՝ Յարուցեալ Յիսուսի հեռանկարով, այսպէսով եկեղեցին կարող պիտի դառնայ յառաջ ընթանալու իր մէջ ընկալելով Տիրոջ անակնկալները, վերագտնելով իր երիտասարդներու ուրախութիւնը, հարսի գեղեցկութիւնը որ կը հանդիպի Տիրոջ»: Ըսաւ Սրբազան Հայրը խօսքին աւարտին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2018, 12:00