Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Թալլին քաղաքի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին:

Բոլորս կանչուած ենք սրբութեան՝ սիրով ապրելով եւ վկայութիւն շնորհելով մեր առօրեայ կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ ամոքելով ընկերութեան արուարձանները գտնուող մեր եղբայրներուն վէրքերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Էսթոնիայի Թալլին քաղաքի «ազատութեան» անուան հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ երեքշաբթի, սեպտեմբեր 25-ին, մատուցանեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ ակնարկելով Սուրբ Գրային ընթերցումին, ուր կը խօսուի Հրէա ժողովուրդին՝ եգիպտոսի գերութենէ ազատագրումէն ետք, Սինա լեռ ժամանումին մասին անդրադարձաւ Պալթեան երկիրներու յեղափոխութեան յաղթանակին, նշելով որ թէ այդ երկիրներուն ժողովուրդները, քաջ իրազեկ են ազատութեան ի սպաս մղուած պայքարներուն եւ անոնք կրնան լաւ նոյնանալ գերութենէն ազատագրուած հրեայ ժողովուրդին, հրաւիրելով հաւատացեալները, անսալու Աստուծոյ խօսքին՝ ուղղուած Մովսէս նահապետին, լաւ հասկնալու համար Աստուծոյ պատգամը, որպէս ժողովուրդ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց, որ հրեայ ժողովուրդը ստիպուած չէր Աստուած սիրելու, Տէրը ազատ կ՝ուզէր զայն, դիտել տալով որ Աստուած ինք է որ առաջինը եղաւ որ սիրեց իր ժողովուրդը յայտնելով իր սէրը անոր:

Նորին Սրբութիւն դիտել տուաւ նաեւ որ մենք եւս հաւատացեալներս Քրիստոնեաներ կը նկատուինք առանց ճնշումի ենթարկուելու, առանց բան մը Աստուծմէ ակնկալելու, յատկապէս քաջ գիտակցելով, որ Աստուած ոչ մէկ բան կ՝առնէ մեզմէ, ընդհակառակը ան կը կատարելագործէ մարդու բոլոր ձգտումները:

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Աստուծմէ հեռու եւ բաժնուած ապրող մարդոց, որոնց ինքզինքինն ազատ կը համարեն, հաստատելով թէ անոնք իրականութեան մէջ իրենց կեանքը կ՝ապրին, որպէս որբեր առանց բնակավայրի մը ուր կարելի է վերադառնալ հուսկ հրաւիրեց ունկնդրել եւ փնտռել, ինչպէս կատարեց Եգիպտոսէն դուրս եկող Ժողովուրդը, ապա ակնարկեց էսթոնիայի ժողովուրդին ձեռքբերած ազատութեան յորդորելով Էսթոնիայի բնակիչները, որ այդ ազատութիւնը վերջ չգտնէ սպառողութեան, անհատականութեան, զօրութեան ծարաւի, ստրկութեան լուծին տակ, յարելով որ Աստուած լաւ կը ճանչնայ մեր կարիքները, նոյնիսկ տիրանալու, իշխանութեան ձգտումի թաքնուած փափաքները դիտել տալով որ Յիսուս մեզ կը քաջալերէ զանոնք շրջանցելու համար:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ Քրիստոնեայ ժողովուրդին մասին որ ընտրեալ ժողովուրդ մըն է դիտել տալով թէ այս մէկը չի նշանակեր, որ բացառիկ ենք այլ կը նշանակէ որ մաս կը կազմենք մասնիկի մը որ պէտք է շաղուի եւ աճի առանց բաժնուելու եւ առանց ինքզինք լաւագոյն նկատելու

Նորին Սրբութիւնը ապա օրինակ բերելով արծիւը որ պաշտպանելով հանդերձ իր ձագուկները, զանոնք հանգստաւէտ բոյնէն դուրս կը նետէ՝ թռչիլ սորվիլ կարենալու համար, ու այս օրինակէն մեկնելով յարեց թէ Աստուած նաեւ կ՝ուզէ որ իր ընտրեալ Ժողովուրդը դուրս ելլէ՝ միշտ քաջ եւ արի ըլլայ մինչ Ինք միշտ պահապան պիտի կանգնի անոնց։

Քահանայապետը ապա քաջալերեց ներկաները առանց վախի ամրագրուած վայրերէս դուրս ելլելու, դուրս ելլել որպէս քահանաներ՝ մկրտութեամբ: Դուրս ըլլել խթանելու համար Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը, զայն դիւրացնելու եւ նպաստելու համար սիրոյ հանդիպումին, անոր հետ որ կ՝աղաղակէ Ինծի եկէք եկէք (Մատթ 11,28).

Վերջապէս դուրս ելլել վկայելու համար որ Սուրբ Ժողովուրդ ենք: ըսաւ Սրբազան հայրը հաստատելով որ բոլորս կանչուած ենք սրբութեան,՝ սիրով ապրելով եւ վկայութիւն շնորհելով մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Ինչպէս նաեւ ամոքելով մեր ընկերութեան արուարձաններուն մէջ գտնուող եղբայրներուն վէրքերը:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը հրաւիրելով հաւատացեալները որ Մովսէս նահապետին հետ Սուրբ Լեռ բարձրանան՝ Յիսուսին լեռը, եւ խնդրեն Աստուծմէ այն ինչ որ էսթոնիայի ճամբորդութեան այցելութեան կարգախօսը կ՝ըսէ . որպէսզի Տէրը մեր սիրտերը արթնցնէ եւ մեզի շնորհէ Սուրբ Հոգիին պարգեւները ՝զատորոշելու համար պատմութեան իւրաքանչիւր պահուն, թէ ինչպէս կարելի է ազատ ըլլալ, ինչպէս կարելի է բարին ողջագուրել, ինչպէս կարելի է ընտրեալ ժողովուրդ զգալ եւ ինչպէս կարելի է Աստուծոյ թոյլ տալ որ Էսթոնիայի եւ համայն աշխարհին մէջ աճեցնէ իր Սուրբ ազգը  իր քահանայական Ժողովուրդը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2018, 16:04