Որոնել

Սեպտեմբեր ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը «Ափրիկէն եւ երիտասարդները»։

Աղօթենք՝ որպէսզի Ափրիկեան ցամաքամասի երիտասարդները, հնարաւորութիւն ունենան իրենց երկրին մէջ ունենալու կրթութիւն եւ աշխատանք»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետին աղօթքի համաշխարհային ցանցի նախաձեռնութեամբ, ամէն ամիս կը հրապարակուի Ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնը, որ անցեալ տարուընէ սկսեալ, կը հրապարակուի Քահանայապետին յղած լսատեսողական պատգամով մը, որուն միջոցաւ Սրբազան Հայրը հրաւէր կ՛ուղղէ հաւատացեալներուն այդ ամսուայ աղօթքները յատկացնելու յատուկ դիտաւորութեան մը։

Ունկնդրէ լուրը

2018-ի Սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը, որ լոյս տեսաւ երեքշաբթի 4 սեպտեմբեր 2018- յետմիջօրէին, նուիրուած է Ափրիկէին ու Ափրիկեցի երիտասարդներուն։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ըսէ.

«Ափրիկէն հարուստ ցամաքամաս մըն է ու անոր ամենամեծ եւ ամենէ թանկագին հարստութիւնը՝ երիտասարդներն են։ Պէտք է որ անոնք կարենան ընտրանք կատարել ընդմէջ. յաղթահարուիլ դժուարութիւններէն եւ կամ դժուարութիւնները վերածել հնարաւորութիւններու։

Իրենց այս ընտրանքին մէջ անոնց օգնելու ամենէ արդիւնաւէտ ճանապարհը անոնց կրթութեան ուղղութեամբ ներդրումներ կատարելն է։ Եթէ երիտասարդ մը կրթութեան հնարաւորութիւնը չունի ի՞նչպէս կարող է ապագան կերտել։

Աղօթենք՝ որպէսզի Ափրիկեան ցամաքամասի երիտասարդները, հնարաւորութիւնն ունենան իրենց երկրին մէջ ունենալու կրթութիւն եւ աշխատանք»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2018, 16:00