Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան տարեդարձը։

Առաջին քայլը կատարելը կը նշանակէ մօտենալ, հենուլ ու դպչիլ վիրաւոր ու լքուած եղբօր վէրքին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2017-ի սեպտեմբեր 6-11 Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաշտութեան առաքեալի հանգամանքով առաքելական ճամբորդութեամբ մեկնեցաւ Քոլոմպիա եւ այսօր կը յիշատակուի այդ ճամբորդութեան առաջին տարեդարձը։

“Demos el primer paso”, այսինքն ''Առաջին քայլը կատարենք'', այս էր Ճամբորդութեան կարգախօսը որով կը մատնանշուէր Քոլոմպիացիներուն հաշտութեան իղձի գործընթացն ու անոր հարկաւորութիւնը, կէս դար տեւող ներքին հակամարտութենէ մը ետք որ տառապանք ու թշնամութիւններ սերմանեց,  յառաջացնելով դժուար դարմանուելիք բազմաթիւ վէրքեր։

Ճամբորդութենէն վերադարձին Սրբազան Քահանայապետը Քոլոմպիացի ժողովուրդը որակեց «Ուրախ եւ յոյսով ժողովուրդ մը՝ հակառակ բազմաթիւ տառապանքներուն» որ «կարեւորութիւն կու տայ իր մանուկներուն զանոնք ներկայացնելով որպէս հարստութիւնն ու յոյս:

Ճամբորդութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ երկրին քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն այս վերջիններուս  փոխանցելով հովուական քաջալերանք։

Ան ապա մասնակցեցաւ «Հաշտութեան նիւթին նուիրուած յատուկ օրուան», որ եղաւ ամբողջ ճամբորդութեան գագաթնակէտը, եւ որ տեղի ունեցաւ Վիլլավիսենսիոյի մէջ ուր եւ տեղի ունեցաւ նաեւ Եէզուս Էմիլիօ Եարամիլլօ Մոնսալվէ եպիսկոպոսի եւ Փետրօ Մարիա Ռամիրես Ռամոս Քահանայաի երանացման արարողութիւնը, որով ընդգծուծցաւ  թէ խաղաղութիւնը հիմնուած է, սիրոյ, ճշմարտութեան ու արդարութեան վկաներու արեան վրայ ինչպէս նաեւ՝ հաւատքի համար զոհուած մարտիրոսներու արեան վրայ։

Սրբազան Քահանայապետը այցելեց նաեւ Մետելլին քաղաքը ու քաղաքի '«Hogares» ները՝ կեանքէն խոցուած պատանիներու տուները։ Անոնք արդարեւ այնտեղ կարող են գտնել նոր ընտանիք, սէր, պաշտպանութիւն, ու խնամք։

Ճամբորդութեան երրորդ հանգրուանը հանդիսացաւ Քարթակենան, ստրուկներու առաքեալ Սուրբ Փիեթրօ Քլավէրի քաղաքը՝ ուր շեշտը դրուեցաւ մարդ անհատի ու անոր հիմնական իրաւունքներու խթանման վրայ։

«Առաջին քայլը կատարելը կը նշանակէ մօտենալ, հենուլ ու դպչիլ վիրաւոր ու լքուած եղբօր վէրքին։ Այս ընել Քրիստոսի հետ, Տէրը որ դարձաւ ծառայ մեզի համար։ Անոր շնորհիւ յոյս կայ, որովհետեւ Ան ողորմութիւն ու խաղաղութիւն է» ըսած էր Սրբազան Քահանայապետը՝ 13 սեպտեմբեր 2017-ի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին,  ճամբորդութենէն վերադարձին, Քոլոմպիան ու անոր սիրալիր ժողովուրդը  յանձնելով   Չիքինքիրայի Տիրամօր,ապա հայցելով որ «Աստուածամօր օգնութեամբ իւրաքանչիւր Քոլոմպիացի կարողանայ ամէն օր կատարել դէպի եղբայրն ու քոյրը մղուող առաջին քայլը ու այդպէս՝ միասին, օր ըստ օրին կառուցել՝ սիրոյ, արդարութեան ու ճշմարտութեան մէջ խաղաղութիւնը»։ 

Առաքելական ճամբորդութեան  պաշտօնական յայտագիրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2018, 08:00