Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 16 սեպտեմբերի կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը։

«Այսօր՝ Սուրբ Խաչի տօնէն երկու օր ետք, մտածեցի ձեզի նուիրել խաչեր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր՝ Սուրբ Խաչի տօնէն երկու օր ետք, մտածեցի ձեզի նուիրել խաչեր։ Խաչը նշան է Աստուծոյ սիրոյն որ Յիսուսի միջոցաւ՝ իր կեանքը տուաւ մեզի համար։ Ձեզ կը հրաւիրեմ այս պարգեւը ընդունելու որպէս նուէր ու զայն տանելու ձեր տուները, ու զայն զետեղելու ձեր զաւակներու սենեակներու մէջ… Խաչը զարդարանքի առարկայ մը չէ այլ կրօնական նշան՝ որուն մասին պէտք է խոկալ ու աղօթել։ Շնորհակալ եմ մայրապետներուն, աղքատներուն եւ գաղթականներուն որոնք այժմ այդ փոքրիկ ու թանկարժէք նուէրը պիտի բաժնեն ձեզի։ Բոլորին կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 16 սեպտեմբեր 2018-ի կէսօրին, աւարտեց իր գրասենեակի  պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։ Արդարեւ աղօթքի աւարտին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բոլոր հաւատացեալներուն նուիրուեցաւ «խաչ» մը, նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական ողորմաբաշխութեան գրասենեակին։

Ունկնդրէ լուրը

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը, աւանդութեան համաձայն, ներկայացուցած էր նաեւ խորհրդածութիւն մը մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը քաղուած Մարկոս Աւետարանիչէն (Գլ 8, 27-35)  ուր Յիսուս նախ աշակերտներուն հարց կու տայ թէ «մարդիկ ի՞նչ կը մտածեն իրեն մասին եւ Ո՞վ կը կարծեն որ ինք ըլլայ»։ Ապա անոնց հարցում կ՛ուղղէ ըսելով «իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ», եւ Սիմոն Պետրոս կը պատասխանէ «Դուն ես Քրիստոսը»։

«Ո՞վ կը կարծես որ ես ըլլամ» հարցումը ուղղուած է նաեւ մեզի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ու իւրաքանչիւրս կոչուած ենք պատասխան տալու այդ հարցումին։

«Սակայն պէտք է գիտնանք թէ Յիսուս Քրիստոսը դաւանիլը՝ միայն խօսքով չէ այլ կը պահանջէ իսկական ընտրանք ու շօշափելի արարքներ» յարեց Նորին Սրբութիւնը «Յիսուս մեզի կ՛ըսէ թէ եթէ իրեն պիտի հետեւինք, պէտք է  ուրանանք մենք զմեզ ու մեր խաչը առնելով Անոր ետեւէն քալենք։ Ան ապա մեզի կու տայ կանոն մը՝ «Այն որ իր կեանքը փրկէ պիտի կորսնցնէ զայն, իսկ այն որ իր կեանքը կորսնցնէ ինծի համար պիտի փրկէ զայն» ու այս մէկը հասկնալու համար պէտք է յիշենք թէ մեր իսկական կոչումը սէրն է, «որովհետեւ մենք ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին համաձայն, որ միայն սէր է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ յաճախ կեանքի ընթացքին կը կորսուինք ու սխալ ճամբայ կ՛առնենք, երջանկութիւնը փնտռելով կամ մարդոց ու կամ իրերու մէջ։ «Սակայն իսկական երջանկութիւնը կը գտնուի այն ատեն երբ սէրը՝ իսկական սէրը, մեզի կը հանդիպի, մեզ կը զարմացնէ ու մեզ կը փոխակերպէ. այնպէս ինչպէս պատահեցաւ բազմաթիւ սուրբերուն» հաստատեց Քահանայապետը  ու խորհրդածուինը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ քալելու իրեն քալած ճանապարհին վրայ, մեր կեանքը զոհելով իր Զաւկին՝ Յիսուսին ու մեր եղբայրներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2018, 12:20