Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2 սեպտեմբերի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Այսօր եւս Տէրը մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալու հաւատքի իսկական սիրտը հանդիսացող իրականութիւնը՝ այսինքն սէր Աստուծոյ ու մերձաւորին նկատմամբ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիակն

Կիրակի 2 սեպտեմբեր 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանեց հրեշտակ Տեառն Մաերեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը, քաղուած Մարկոս Աւետարանիչէն (Մարկոս 7,1-8.14-15.21-23), ուր Յիսուս կը խօսի հաւատացեալներուն համար կարեւոր նիւթերու մասին. «Աստուծոյ խօսքին՝ մեր հնազանդութեան անկեղծութիւնը»։

Ունկնդրէ լուրը

Աւետարանիչը կը պատմէ  թէ փարիսեցիներն ու դպիրները  կը քննադատեն Յիսուսին աշակերտներուն վարուելակերպը որոնք անմաքուր, անլուայ ձեռքերով ճաշ կ՛ուտէին, մինչ հիներու աւանդութեան  համաձայն առանց ձեռքերը լուալու ոչ մի բան կարելի էր ուտել։

Անոնք  Յիսուսին կը հարցնեն թէ «ինչո՞ւ անոր աշակերտները չեն հետեւիր հիներու աւանդութիւններուն» եւ Յիսուս անոնց կը պատասխանէ ըսելով «կեղծաւորներ, Եսային լաւ մարգարէացաւ ձեր մասին, երբ գրեց «Այս ժողովուրդը կը մեծարէ զիս շրթունքներով, բայց անոր սիրտը հեռացած է ինձմէ։ Ի զուր կը պաշտեն զիս եւ վարդապետութիւնը զոր կը սորվեցնեն լոկ մարդկային պատուէրներն են»։

«Յստակ եւ զօրեղ խօսքեր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Յիսուս արդարեւ կ՛ուզէ ցնցել փարիսեցիներն ու դպիրները որոնք սխալի մէջ էին։ Յիսուս խստութեամբ կը վարուի անոնց հետ որովհետեւ հարցը կը հայի Աստուծոյ ու մարդու միջեւ յարաբերութեան ճշմարտութեան ու հոգեւոր կեանքի իսկականութեան։

«Այսօր եւս Տէրը մեզ կը հրաւիրէ հեռու մնալու ձեւին քան նիւթին  աւելի մեծ արժէք տալու վտանգէն։ Ան մեզ կը կոչէ ճանչնալու հաւատքի փորձառութեան իսկական սիրտը հանդիսացող իրականութիւնը՝ այսինքն սէր Աստուծոյ ու մերձաւորին նկատմամբ, զանց ընելով օրէնքի կեղծաւորութիւնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով թէ Աւետարանական այսօրուայ պատգամը աւելիով կ՛ամրապնդուի Յակոբս առաքելի խօսքերով որ մեզի կ՛ըսէ թէ ինչպէս պէտք է ապրեցուի իսկական կրօնը «Այցելել տառապող որբերն ու  այրիները ու չի պղծուիլ այս աշխարհէն»։ «Այս կը նշանակէ բարի գործեր կատարել սկսեալ անոնց նկատմամբ որոնք աւելիով կարիքը ունին, դիւրաբեկները, անտեսուած ու բացառուածները» ըսաւ Սրբազան Հարը, դիտել տալով թէ «Աստուած անոնց հոգ կը տանի եւ մեզմէ կը խնդրէ որ նոյնը կատարենք»։ 

«Հարկաւոր է նաեւ որ մեր մտածելակերպը չի համակերպի աշխարհիկ մտածելակերպին որ յատկանշուած է ունայնութեամբ, ագահութեամբ եւ հպարտութեամբ» յարեց ապա Քահանայապետը ու հրաւիրեց խղճի քննութիւն կատարել ու խոկալ  թէ ի՞նչպէս կ՛ընկալենք Աստուծոյ Խօսքը։ Եթէ ուշադիր ենք կամ ցրուած։ Եթէ զայն կ՛ընկալենք բաց սրտով եւ ընկալող մտքով, որպէսզի մեր մէջ բնակի ու բարի պտուղներ պարգեւէ։

«Եթէ այսպէս ընենք Աստուծոյ Խօսքը կը բիւրեղացնէ մեր սիրտը եւ մեր արարքները ու մեր Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հետ յարաբերութիւնը ազատ կ՛ըլլայ  կեղծաւորութենէ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի  բարեխօսութիւնը որպէսզի մեց օգնէ պատուելու համար Տէրը սրտով ու մեր սիրոյ վկայութեամբ, առօրեայի շօշափելի մեր ընտրանքներուն մէջ՝ ի նպաստ եղբայրներու բարիքին։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2018, 12:09