Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 30 սեպտեմբերի պատարագն ու Մարեմեան աղօթքը։

«Աւետարանը կը յորդորէ չի դատել ուրիշները այլ խղճի քննութիւն կատարել ու մեզմէ խզել այն բոլոր բաները որ գայթակղութիւն կրնան պատճառել հաւատքի փոքրիկներուն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 30 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին մօտ գլխաւորեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը  ներկայութեամբ Վատիկանի Ոստիկանութեան Մրամնի անդամներուն, Ոստիկանութեան հիմնադրութեան 202րդ յոբելեանի առթիւ։

Պատարագէն ետք Սրբազան Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց  Լիպերիայի մօտ առաքելական նուիրակ՝ գերապայծառ Ռակոպերթօ Քամփոս Սալասը ու անոր ընկերացող ընտանեկան պարագաները, հուսկ կէսօրին՝ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցումը, քաղուած Մարկոս Աւետարանիչի իններորդ գլուխէն, ուր Յովհաննէս՝ Յիսուսին կը պատմէ անձի մը մասին որ դեւեր կը հանէր Յիսուսին անունով եւ Յիսուս կը հրահանգէ արգելք չի հանդիսանալ անոր, ապա կը հաստատէ  թէ «այն որ մեզի հակառակ չէ մեր կողմն է»։ Յիսուս ապա կ՛աւելցնէ «Եթէ ձեռքդ կը գայթակղեցնէ քեզ՝ կտրէ՛ զայն. աւելի լաւ է քեզի՝ պակասաւո՛ր մտնել կեանքը, քան երկու ձեռք ունենալ ու երթալ գեհենը՝ անշէջ կրակին մէջ, ուր անոնց որդը չի վախճանիր եւ կրակը չի մարիր:Եթէ ոտքդ կը գայթակղեցնէ քեզ՝ կտրէ՛ զայն. աւելի լաւ է քեզի՝ կա՛ղ մտնել կեանքը, քան երկու ոտք ունենալ ու նետուիլ գեհենը՝ անշէջ կրակին մէջ,ուր անոնց որդը չի վախճանիր եւ կրակը չի մարիր:Եթէ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ՝ հանէ՛ զայն. աւելի լաւ է քեզի՝ մէ՛կ աչքով մտնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը, քան երկու աչք ունենալ ու նետուիլ գեհենի կրակը,ուր անոնց որդը չի վախճանիր եւ կրակը չի մարիր: Որովհետեւ իւրաքանչիւրը կրակո՛վ պիտի աղուի, ու ամէն զոհ աղո՛վ պիտի աղուի:

«Աշակերտներու փակ մտայնութեան դիմաց Յիսուս կը պատասխանէ Աստուծոյ ազատ հոգիով», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ այդ վարուելակերպը ունինք յաճախ նաեւ մենք երբ կ՛ուզենք պաշտպանել որոշ փորձառութիւններու վաւերականութիւնը ու կը հակառակինք ուրիշը ընդունելու մեր միջեւ։ Մինչ Աստուծոյ ազատութիւնը ինքզինք նուիրելու մէջ, հրաւէր մըն է փոխելու մեր վարուելակերպն ու մեր յարաբերութիւնը։ Յիսուս մեզ կը կոչէ չի մտածելու բարեկամ/թշնամի, մենք/իրենք դասաւորումներու համաձայն, այլ բանալու մեր սրտերը որպէսզի ճանչնանք իր ներկայութիւնը նաեւ անսովոր վայրերու մէջ։

«Աւետարանը արդարեւ կը յորդորէ չի դատել ուրիշները այլ խղճի քննութիւն կատարել ու մեզմէ խզել այն բոլոր բաները որ գայթակղութիւն կրնան պատճառել հաւատքի փոքրիկներուն» յարեց Նորին Սրբութիւնը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը մինչ Մարեմեան աղօթքէն ետք ողջոյնի խօսք ուղղելով այս առթիւ հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը արտայայտեց Ինտոնեզիայի Սուլավեզի կղզիի բնակչութեան, որոնք թիրախ դարձան ահեղ «ծովաշարժի» մը։ «Կ՛աղօթեմ բոլոր զոհերուն ու վիրաւորներուն համար ու բոլոր անոնց որոնք կորսնցուցին իրենց տուերն ու ինչքերը» ըսաւ Քահանայապետը Տիրոջմէ խնդրելով որ մխիթարէ ու թիկունք կանգի անոնց ու բոլոր փրկարար մարմիններուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի եւ հնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2018, 12:30