Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Յովսէփի միաբանութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Յովսէփի միաբանութեան անդամները 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Յովսէփի Նուիրեալներու միաբանութեան անդամները։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց միաբանութեան անդամները, որ շարունակեն ապրիլ եւ աշխատիլ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ՝ Մարիամի փեսային պարզ եւ էական առաքինութիւններով:

 Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Սուրբ Յովսէփի Նուիրեալներու միաբանութեան Ընդհանրական Ժողովի առիթով, ուրբաթ 31 օգոստոս 2018-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զեկոյց մը տուաւ Ժողովի մասնակիցներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Ան ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները եւ յատուկ կերպով անդրադարձ կատարեց Միաբանութեան նորընտիր Ընդհանրական Մեծաւոր Հայր Եան Փելչարսքիի, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով անոր նախորդին՝ Հայր Միքելե Փիսքոփոյի։

Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ կրօնաւորական հաստատութեան մը Ընդհանրական Ժողովը յատուկ շնորհքի պահ մըն է, ոչ միայն անոր անդամներուն կամ հասարակութեան համար, այլ նաեւ եկեղեցւոյ, ժողովրդապետութիւններու, ընտանիքներու եւ միաբանութեան անդամակից աշխարհականներուն համար։ Ան յիշեցուց հիմնադրի, Սուրբ Յովսէփ Մարելլոյի միաբանութեան յանձնած առաքելութիւնը, անոնց յատուկ շնորհապարգեւը՝ Նազարեթի Սուրբ Յովսէփին նման ապրիլ ծառայութեան առաքելութիւնը, նմանելով սուրբին խոհեմ, խոնարհ եւ աշխատասէր վարքին։ Սուրբ Յովսէփ ապրեցաւ իր կոչումը հաւատարմութեամբ եւ պարզութեամբ՝ իբր պաշտպան Մարիամի եւ Յիսուսի - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով Սուրբ Յովսէփի Նուիրեալներու միաբանութեան անդամներուն առաքելութեան եւ շնորհապարգեւին, դիտել տալով, թէ անոնք կոչուած են, Սուրբ Յովսէփի նման, ըլլալու մխիթարական աւետիսին իւրայատուկ պատգամին վկաները այս աշխարհի վրայ՝ իրենց ծառայութիւնը մատուցանելով Եկեղեցւոյ եւ եղբայրներուն, եւ յատուկ ուշադրութիւն շնորհելով  երիտասարդներուն եւ խոնարհ մարդոց։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց միաբանութեան անդամները, որ շարունակեն ապրիլ եւ աշխատիլ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ՝ Մարիամի փեսային պարզ եւ էական առաքինութիւններով՝ խոնարհութեամբ, Տիրոջ հետ մտերմութեամբ, լռութեամբ եւ թաքուն՝ միացած Տիրոջ կամքին։ Ան յորդորեց, որ իրենց վանքերուն մէջ պահեն ամփոփումի եւ աղօթքի մթնոլորտ մը, լռութեամբ եւ հասարակութեան պատշաճ հանդիպումներով։ Վերջապէս ան կրկին անդրադարձաւ միաբանութեան հիմնադրի կերպարին, շեշտելով անոր շնորհապարգեւին եւ թողած ժառանգին վրայ։

Զեկոյցը եզրափակելով, Ֆրանչիսկոս Պապ  ըսաւ՝ «Տիեզերական Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբին, Սուրբ Յովսէփի եւ ձեր հիմնադրի բարեխօսութիւնը արգասաւոր դարձնէ ձեր Ընդհանրական Ժողովին աշխատանքը։ Օգնէ Մարելլեան Ընտանիքին՝ անոր նուիրեալներուն եւ անոր անդամակից աշխարհականներուն, որոնք կը բաժնեկիցն ձեր հոգեկանութեան։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2018, 12:00