Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աստուծոյ Անունը ի զուր չարտասանես» 22 օգոստոսի հրապարակային ունկնդրութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղեց աղօթելու Տուպլին կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քու Տէր Աստուծոյդ անունը զուր տեղ պիտի չարտասանես որովհետեւ Տէրը անպատիժ չի թողուր ան որ իր անունը ի զուր կ՛արտասանէ» (Ելք 20, 7)

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօր կը խօսինք «Քու Տէր Աստուծոյդ անունը զուր տեղ պիտի չարտասանես» պատուիրանի մասին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան զոր նախագահեց Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, 22 օգոստոս 2018-ի առաւօտեան, շարունակելով պատուիրաններու մասին իր խորհրդածութիւնները։

Սոյն պատուիրանը կը հրահանգէ յարգել Տիրոջ անունը. «պիտի չարտասանես» արտայայտութիւնը հրէական  իմաստով կը թարգմանուի «քու վրադ պիտի չ՛առնես», այնպէս եւս «իզուր» արտայայտութիւնը կը յատկանշէ պարապութիւնը, կեղծաւորութիւնն ու սուտը։

Հին կտակարանին մէջ անունը իրերուն ու յատկապէս անհատներուն մտերմիկ ճշմարտութիւն է։ Աբրահամ  եւ Սիմոն Պետրոսը անուն մը ստացան ու այդ անունին հետ առաքելութիւն մը, որ փոխեց անոնց կեանքի ուղղութիւնը։

«Այդ Աստուծոյ անունը իսկապէս ճանչնալը կը մղէ մեր կեանքի բարեփոխումին, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Մովսէսին»  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Աստուծոյ անունը արտասանելը կը նշանակէ մեր վրայ առնել Անոր անունը եւ ընդունիլ Անոր իրականութիւնը, մտերմիկ յարաբերութեան մէջ մտնելով Անոր հետ։

Մեզի քրիստոնեաներուս համար այս պատուիրանը վերակոչում մըն է յիշելու թէ մենք մկրտուեցանք  «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ», այնպէս ինչպէս կը հաստատենք նաեւ ամէն անգամ որ խաչ կը հանենք։

«Քրիստոնէութիւնը այս է» ըսաւ ապա Քահանայապետը, «սրտին դպչող իրականութիւն մըն է եւ սուրբերը այդ մէկը կը մարմնացնեն, որովհետեւ անոնք կը գործեն Աստուծոյ անունը կրելով իրենց վրայ, ապրելով իսկական յարաբերութիւն, յարատեւողական կերպով, ազնուութեամբ, վեհանձնութեամբ ու պարզ ճշմարտութեամբ։

«Եթէ բազմապատկուին այն  քրիստոնեաները որոնք իրենց վրայ Աստուծոյ անունը կը կրեն առանց կեղծիքի, սրբացնելով Անոր անունը, եկեղեցւոյ քարոզութիւնը աւելիով կ՛ունկնդրուի եւ կը դառնայ աւելի հաւատալի» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով՝ թէ այս մէկը կը պարզէ նաեւ այն իրականութիւնը թէ մենք Քրիստոսի մէջ ենք ու Ան մեր մէջ։

Քրիստոսի խաչէն ետք ոչ մէկը ինքզինք կարող է անարգել, որովհետեւ  իւրաքանչիւրիս անունը կը գտնուի Քրիստոսի ուսերուն վրայ, եւ ասոր համար կ՛արժէ մեր վրան առնել Աստուծոյ անունը ինչպէս կը հրահանգէ Տէրը վերոնշեալ պատուիրանով, դիտել տուաւ Քահանայապետը ու հաստատեց թէ «Որեւէ մէկը կարող է հայցել Տիրոջ անունը, որ է հաւատարիմ  եւ ողորմած սէր։ Աստուած երբեք «ոչ» պիտի չըսէ սրտի մը որ իրեն կը դիմէ անկեղծութեամբ»։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց դահլիճին մէջ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի պատկան հազարաւոր ուխտաւորներուն հուսկ յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդներուն ու նորապսակները զանոնք յանձնելով Աստուածամօր հովանիին՝ որպէսզի անոնց համար ըլլայ ապաւէն դժուար պահերու ընթացքին եւ անոնց սորվեցնէ սիրել իր Որդին, այն նոյն քնքշութեամբ ու սիրով որ Ինք սիրեց զինք։

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար, յառաջիկայ օրերուն՝ 25 եւ 26 օգոստոսին Տուպլին կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար, Ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքին առթիւ։

«Կը մաղթեմ որ  այդ հաւաքը ըլլայ շնորհքի եւ ունկնդրութեան պահ մը, լսելու համար համայն աշխարհի քրիստոնեայ ընտանիքներու  ձայնը։ Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ» ըսաւ Սրբազան Պապը  վերջ տալով հրապարակային ունկնդրութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2018, 10:26