Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը «կռապաշտութիւնը»։

Մարդուն ազատութիւնը ծնունդ կ՛առնէ երբ Ան թոյլ կու տայ որ ճշմարիտ Աստուածը ըլլայ միակ Տէրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 8 օգոստոս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներուն ու շարունակելով պատուիրաններու մասին իր խորհրդածութիւնները խօսեցաւ կռապաշտութեան մասին, ներշնչուելով Հին Կտակարանի Ելքի գիրքէն քաղուած հետեւեալ հատուածէն։

⁷ Տէրը Մովսէսին ասաց. «Շո՛ւտ արա, գնա իջի՛ր այստեղից, որովհետեւ անօրինութիւն է կատարում քո ժողովուրդը, որին դուրս բերեցիր Եգիպտացիների երկրից։
⁸ Նրանք շատ շուտ շեղուեցին այն ճանապարհից, որ ցոյց տուեցիր նրանց։ Նրանք ձուլածոյ հորթ են կերտել, երկրպագում են նրան, զոհեր մատուցում ու ասում. «Սա՛ է քո աստուածը, Իսրայէ՛լ, որ քեզ դուրս բերեց Եգիպտացիների երկրից»։(Ելք 32:7,8)

Ունկնդրէ լուրը

Սոյն իրադարձութիւնը ունի յստակ միջավայր՝ անապատը ուր ժողովուրդը կը սպասէ Մովսէսին որ լեր բարձրացած էր Աստուծմէ հրահանգներ ընդունելու համար։ «Ի՞նչ է անապատը» հարց տուաւ Քահանայապետը ու պատասխանեց. «վայրն է ուր կ՛իշխէ վաղանցկութիւնն ու անապահովութիւնը ուր կը պակսի ջուրը, կերակուրը եւ ապաստանարանը։ Անապատը պատկերն է մարդկային կեանքին, որուն վիճակը անորոշ է եւ չունի անձեռնմխելի վստահութիւններ։ Այս անապահովութիւնը մարդուն մէջ կը յառաջացնէ վախեր, Ի՞նչ ուտել, Ի՞նչ խմել… ու երբ Մովսէս կ՛ուշանայ, անոնց կը պակսի ապահով առաջնորդի ձայնը, ու կը դիմեն Ահարոնին խնդրելով որ անոնց շինէ տեսանելի աստուած մը եւ Ահարոն կը շինէ ոսկիէ հորթ մը, նշան առատութեան, հարստութեան եւ իշխանութեան, որոնք կը յատկանշեն ամէն ժամանակի փորձութիւնները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «Կուռքերուն դիմելը կը ծնի՝ Աստուծոյ վրայ վստահելու անկարողութենէն ու մարդակեդրոն այն վարուելակերպէն ուր Աստուծոյ համար տեղ չկայ։

Երբ կ՛ընկալենք Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը որ աղքատ դարձաւ մեզի համար, այն ժամանակ կը հասկնանք թէ մեր տկարութիւնները ընդունիլը, մարդկային կեանքի դժբախտութիւնը չէ, այլ պայմանն է մենք մեզ բանալու Անոր որ իսկապէս հզօր է - ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «Մարդուն ազատութիւնը  ծնունդ կ՛առնէ երբ Ան թոյլ կու տայ որ ճշմարիտ Աստուածը ըլլայ միակ Տէրը։ Այս կը նշանակէ ընդունիլ մեր տկարութիւնները ու մերժել մեր սրտին կուռքերը։

Մենք քրիստոնեաներս մեր հայեացքը կը սեւեռենք խաչեալ Քրիստոսին, որ տկար է, անարգուած, ու մերկացած ամէն ինչքէ։ Սակայն Անոր մէջ կը յայտնուի ճշմարիտ Աստուծոյ դիմագիծը եւ սիրոյ փառքը։ Յիսուս կու գայ մեզի յայտնելու Աստուծոյ հայրութիւնը, ու Քրիստոսի մէջ մեր աղքատութիւնը այլեւս դժբախտութիւն ըլլալէ կը դադրի ու կը դառնայ վայր հանդիպումի, հանդիպում Հօր հետ ու ակնաղբիւր  երկնքէն եկած նոր ուժի»։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած իտալացի եւ օտար ազգի պատկան ուխտաւորներուն ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները, յիշեցնելով որ այսօր եկեղեցին կը յիշատակէ՝ քարոզիչներու միաբանութեան հիմնադիր՝ Սուրբ Տոմենիքօ Տի Կուզմանի ծիսական տօնը. «Անոր օրինակը որպէս Քրիստոսի ու Անոր եկեղեցւոյ հաւատարիմ ծառայ, ըլլայ ձեզի համար քաջալերանք ու խթան» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա շնորհաւորեց բոլոր անոնք որոնք կը կրեն Տոմենքօ անունը, հուսկ վերջ տուաւ հրապարակային ունկնդրութեան բոլորին վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2018, 09:52