Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սեռային չարաշահումի զոհերը պէտք է գիտնան թէ Սրբազան Պապը միշտ իրենց կողմն է

Ֆրանչիսկոս Պապ «կը խոստանամ, որ պիտի հետապնդենք ճշմարտութեան ճանապարհը, ուր որ ալ մեզ առաջնորդէ ան:»

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 17 օգոստոսին հաղորդած էինք Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Կրէկ Պուրքի հաղորդագրութիւնը, որ կը հայէր սեռային չարաշահումներու մասին հրապարակուած տեղեկատուութեան՝ պատրաստուած Փենսիլվէնիայի մէջ։ Այդ փաստաթուղթին մէջ յայտնուած էր թէ 300 կղերականներու սեռային չարաշահումի արարքները ունեցած են աւելի քան հազար զոհեր։ Կրէկ Պուրք ըսած էր թէ «զոհերը պէտք է գիտնան թէ Սրբազան Պապը իրենց կողմն է»։ Այս խօսքերը կը յիշեցնեն Ֆրանչիսկոս Պապի յստակ կեցուածքը, երբ ան երեք տարի առաջ Փենսիլվենիա եւ Ֆիլատելֆիա կատարած այցելութեան առիթով հանդիպած էր չարաշահումի զոհերու հետ։ 27 սեպտեմբեր 2015ին Սրբազան Հայրը ըսած էր՝ «Խորապէս կը ցաւիմ որ որոշ եպիսկոպոսներ թերացած են մանուկները պաշտպանելու իրենց պատասխանատուութեան մէջ», եւ դիմելով զոհերուն տրտմութեամբ աւելցուցած էր՝ «շատ մտահոգիչ է գիտնալ, թէ որոշ պարագաներու նոյնիսկ եպիսկոպոսները կատարած են չարաշահումներ։ Կը խոստանամ, որ պիտի հետապնդենք ճշմարտութեան ճանապարհը, ուր որ ալ մեզ առաջնորդէ ան։ Կղերականները եւ եպիսկոպոսները հաշուետուութեան պիտի կոչուին եթէ չարաշահած են մանուկ մը եւ կամ եթէ չեն կարողացած պաշտպանել զայն։ Մեր հաւատքի ընտանիքէն ներս եւ մեր մարդկային ընտանիքներէն ներս, մանուկներու սեռային չարաշահումի մեղքը եւ ոճիրը պէտք չէ ըլլան գաղտնիք եւ ամօթ»։
Սրբազան Հայրը այդ առիթով ապահովցուցած էր իր յանձնառութիւնը՝ պայքարելու չարաշահումի համաճարակին դէմ։ Նոյն օրը ան խօսած էր եպիսկոպոսներուն, որոնք կը մասնակցէին Ֆիլատելֆիայի հանդիպումին, ըսելով՝ «անչափահասներու դէմ կատարուած սեռային չարաշահումի ոճիրները եւ մեղքերը չեն կրնար մնալ թաքուն։ Յանձնառու եմ Եկեղեցւոյ ուշադիր հսկողութեան՝ պաշտպանելու անչափահասները եւ կը խոստանամ որ բոլոր պատասխանատուները հաշիւ պիտի տան»։
Երբ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեալ հանդիպումէն դէպի Հռոմ կը վերադառնար, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն ըսած էր՝ «երբ քահանայ մը չարաշահում կը կատարէ, յոյժ ծանր արարք է, որովհետեւ քահանային կոչումն է տուեալ մանուկը կամ պարմանուհին բարձրացնել դէպի վեր, դէպի Աստուծոյ սէրը, դէպի հասունութիւն, դէպի բարին։ Մինչ փոխանակ այդ կատարելու, քահանան խորտակած ու ճնշած էր այդ մանուկը։ Սա սրբապղծութիւն է. պէտք չէ ծածկել այդ արարքը. եւ յանցաւոր են նաեւ անոնք, որոնք ծածկած են այդ արարքները»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2018, 10:08