Որոնել

Երիտասարդներուն ուխտերթը դէպի Հռոմ Երիտասարդներուն ուխտերթը դէպի Հռոմ  

Ֆրանչիսկոս Պապին 11 օգոստոսի թուիթը՝ Խորհիլ Աստուծոյ արարքներուն մասին:

Հրաւէր խոկալու Աստուծոյ հրաշալիքներուն մասին որոնք կը գերազանցեն մադու որեւէ երեւակայութիւնը:

Շաբաթ, օգոստոս 11-ին, քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակած թուիթին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց լռութեան մէջ խորհիլ Աստուծոյ արարքներուն մասին, որոնք կը գերազանցեն, նշեց Ան, մարդուն որեւէ երեւակայութիւնը:

«Լռութեան մէջ սորվինք խոկալ Աստուծոյ գործերուն մասին, որոնք կը գերազանցեն մեր ամբողջ երեւակայութիւնը»: Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ:

Լռութիւն ու խոկում որուն հրաւիրուած են Իտալացի 70 հազար երիտասարդներ որոնք այս օրերուն, Իտալիոյ 195 թեմերէն ուխտագնացութեամբ ժամանեցին Հռոմ մասնակցելու համար Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին կողմէ կազմակերպուած «Մենք Այստեղ ենք» խորագիրով երիտասարդներու ազգային հաւաքին, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին որ նախատեսուած է հոկտեմբեր ամսոյն մէջ եւ որ նուիրուած է երիտասարդներուն։ Իտալացի երիտասարդները իրենց այս ուխտագնացութեան ծիրէն ներս առիթ կ՛ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս պապին հետ. Շաբաթ 11 օգոստոսի երեկոյեան Չիրքօ Մասսիմօ Հռոմի պատմական կրկէսի տարածքին ապա կիրակի 12 օգոստոսին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2018, 13:30