Մահապատիճի անկողին Մահապատիճի անկողին 

Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխէ կաթողիկէ Քրիստոնէականի մահապատիժի հայող յօդուածը

Եկեղեցին վճռակամօրէն յանձնառու կը մնայ մահապատիժի վերացման ամբողջ աշխարհի մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ վաւերացուց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնէականի մահապատիժի հայող թիւ 2267 յօդուածին փոփոխութեան հրապարակումը:

Սրբազան Հայրը նոր յօդուածին մէջ գրած է հետեւեալը.

Երկար ժամանակէ ի վեր, օրինաւոր դատավարութենէ ետք, իշխանութիւններու կողմէ որդեգրուած մահապատիժը, նկատուած էր ծանր յանցագործութիւններու պատշաճ պատասխան եւ ընդունուած միջոց, թէկուզ ծայրայեղ՝ հասարակաց բարիքի պաշտպանութեան ի խնդիր:

Այսօր միշտ առ աւելիով գիտակից ենք այն պատասխանատուութեան, որ մարդու արժանապատուութիւնը չի կրնար նուազիլ ոչ իսկ ծանր յանցագործութիւն կատարելէ ետք:

Ինչպէս նաեւ տարածուած է պետութեան կողմէ որդեգրուած քրէական յանցագործութեան պատիժներունոր իմաստ մը: Ի վերջոյ որդեգրուած են կալանաւորման աւելի արդիւնաւէտ համակարգեր, որոնք կ՝երաշխաւորեն քաղաքացիներուն պարտաւոր պաշտպանութիւնը, սակայն միեւնոյն ժամանակ անոնք չեն վերացներ յանցագործին՝ վերջնական ձեւով փրկագինը վճարելու հնարաւորութիւնը: Ուստի եկեղեցին կը սորվեցնէ Աւետարանի լոյսին ներքոյ, որ մահապատիժը անթոյլատրելի է, որովհետեւ ան ուշադիր է անձի արժանապատուութեան եւ անբռնաբարելիութեան եւ վճռակամօրէն յանձնառու կը մնայ անոր վերացման ամբողջ աշխարհի մէջ:

Նշենք, որ Ֆրանչիսկոս Պապին մահապատիժի մասին յիշեալ գիրը քաղուած է 11 յոկտմեբեր 2017-ին՝ Քահանայապետական նոր աւետարանումի խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած հաւաքի մասնակիցներուն ուղղած ճառէն: Մինչ անոր վաւերացումը կատարած է հաւատոյ ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լուիս Լատարիայի հետ ունեցած, անցեալ 11 մայիսին հանդիպումի ընթացքին: Սրբազան Հայրը ապա 1 օգոստոս 2018ին ստորագրած է յիշեալ յօդուածը,   Սուր Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորիի տօնին օրը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2018, 15:04