Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ դպիրներուն. «ծառայել մերձաւորին, սրբութիւնը ծոյլերուն համար չէ»:

Ընթանալ կարենալու համար սրբութեան՝ Յիսուս մեզի կու տայ պարզ ծրագիր մը՝ սիրոյ պատուիրանը Աստուծոյ եւ ընկերոջ հանդէպ։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 31 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց 19 տարբեր երկիրներէ Հռոմ հասած գրեթէ 70հազար դպիրներու, մասնակցելու համար յուլիսի 30էն մինչեւ օգոստոսի 3ը կայանալիք միջազգային 12րդ ուխտագնացութեան՝ «փնտռէ խաղաղութիւնը եւ հետապնդէ զայն» բնաբանին տակ։ Սրբազան Հայրը պատասխանեց 13-23ամեայ երիտասարդներու հարցերուն, ընդգծելով, թէ կարեւոր չէ եթէ մօտակայ անձը համաքաղաքացի է եւ կամ օտար, այլ ընդառաջելով անոր կարիքներուն «կրնաք իսկապէս սուրբեր ըլլալ եւ փոխակերպել աշխարհը»։

Դպիրներու Միջազգային Խումբի նախագահ, Գերապայծառ Լատիսլաւ Նեմեթ, ողջունեց Սրբազան Պապը, մասնաւոր կերպով շեշտելով թէ որքան պարզութեամբ կʼընդունինք խաղաղութեան վիճակը Եւրոպայի մէջ, եւ թէ որքա՛ն գեղեցիկ պիտի ըլլար այդպիսի խաղաղութիւն մը տեսնել ամբողջ աշխարհի տարածքին։ Ան խնդրեց Սրբազան Պապէն որ քաջալերէ ներկաները, որպէսզի խաղաղութեան իղձերը գերիշխեն վախին վրայ. որպէսզի կարենան իրենց հետ տանիլ բաց սրտի մը փորձառութիւնը՝ ընտանիքներուն, դպորցներուն, բարեկամներու եւ ազգականներուն եւ այն բոլոր միջավայրերուն, ուր երջանկութիւնը կը պակսի։ Գերապայծառ Նեմեթ ապա Սրբազան Հօր յանձնեց դպիրներու նուէրները՝ ձեռնաշղթայ մը եւ սպիտակ վզկապ մը, որոնք պատրաստուած էին յատկապէս յիշեալ ուխտագնացութեան համար։

Ապա Սրբազան Պապը պատասխանեց այն հինգ հարցերուն, որոնք տրուած էին դպիրներու կողմէ։

Առաջին հարցը նկատի ունէր բարիք գործել եւ դէպի սրբացում ընթանալ։
Սրբազան Հայրը նկատեց թէ հոգնեցուցիչ բան է միշտ բարին գործել եւ սրբանալ, սակայն սրբութեան ճանապարհը ծոյլերու համար չէ
։ Կարենալ ընթանալու համար սրբութեան՝ Յիսուս մեզի կու տայ պարզ ծրագիր մը՝ սիրոյ պատուիրանը Աստուծոյ եւ ընկերոջ հանդէպ։ Յիսուս այս նպատակով մեզի ցոյց կու տայ ողորմածութեան գործերը։ Բաւ է որ իւրաքանչիւրը իր անձին հարց տայ՝ թէ «ի՞նչ կարող եմ ընել այսօր՝ ընդառաջելու ընկերոջս կարիքներուն։ Ապրելով Քրիստոսի սէրը՝ կարելի է սրբանալ եւ փոխակերպել աշխարհը։»
Երկրորդ հարցը կը հայէր խաղաղութեան։ Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ «խաղաղութեան փնտռտուքը կը սկսի փոքր բաներէ։ «Զոր օրինակ, ընտանիքի մէջ, եղաբայրներու եւ քոյրերու հետ ունեցած կռիւէ մը ետք արդեօք ես վշտացած կը փակուի՞մ իմ անձիս մէջ, եւ կամ կը փորձեմ քայլ մը կատարել դէպի ուրիշը։ Արդեօք պատրաստ եմ բոլոր պարագաներուն մէջ ես ինծի հարց տալ՝ թէ ʼՅիսուս այս պարագային ի՞նչ պիտի ընէրʼ»։
Երրորդ հարցը որ կը ներկայացուէր Սրբազան Հօր, կը խնդրէր թէ ի՛նչ կերպով կարելի է համադրել ներանձնութիւնը եւ գործնական ծառայութիւնը։ Սրբազան Պապը խրատեց՝ թէ «պէտք է Աստուծոյ ներկայանանք այնպէս ինչպէս որ ենք, առանց դիմակաւորումի, առանց զգեստափոխումի, մեր արժէքներով եւ սահմանափակումներով, հայցելով Անկէ թէ ի՛նչպէս կարող ենք աւելի լաւ ծառայել Իրեն եւ ընկերոջ։»

Այլ երիտասարդ մը հարց տուած էր Ֆրանչիսկոս Պապի, թէ ինչպէս կարելի է ետ բերել այն երիտասարդները, որոնք հեռացած են Քրիստոսէ եւ Եկեղեցիէն եւ չեն մասնակցիր Սուրբ Պատարագին։ Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց, թէ երիտասարդները կրնան ըլլալ առաքեալներ, որոնք գիտեն մարդիկ քաշել դէպի Յիսուս։ «Շատ խօսքերու կարիք չկայ ասոր համար – ըսաւ Սրբազան Հայրը – աւելի կարեւոր են մօտիկութեան եւ ծառայութեան իրականութիւնները։ Երիտասարդները, ինչպէս ամէն մարդ, կարիքն ունին բարեկամներու, որոնք բարի օրինակ ըլլան, առանց հաւակնութեան, առանց ակնկալութիւններու։
Վերջապէս երիտասարդ մը հարց տուած էր, թէ ինչու՛ համար հաւատքը կարեւոր էր Սրբազան Հօր համար, մինչ շատ մարդիկ կʼըսեն թէ Աստուծոյ կարիքը չունին։ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատեց, թէ «հաւատքը էական է, ինծի կեանք կու տայ։ Հաւատքը մեր շնչած օդին նման է։» Աստուած կʼուզէ մեզի հետ ունենալ կենեղուտ յարաբերութիւն մը։ Ան շեշտեց նաեւ, թէ անհատ մը չի կրնար ինքզինք Աստուծոյ միակ զաւակը նկատել։ «Բոլորս ալ Աստուծոյ զաւակներ ենք։ Կոչուած ենք կազմելու Աստուծոյ ընտանիքը, այսինքն Եկեղեցին, Քրիստոսի եղբայրներուն եւ քոյրերուն հասարակութիւնը»։
Երեկոյեան հանդիպումը եւ ունկնդրութիւնը կատարուեցաւ աղօթքի ծիրէն ներս։ Սուրբգրային ընթերցումներու եւ աղօթքի աւարտին

Սրբազան Պապը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղուած նամակին, ուր առաքեալը կը յորդորէ «ամէն ինչ Աստուծոյ փառքին համար կատարել»։ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցուց, թէ այսօրուան սուրբը, Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացի, «իբր երիտասարդ զինուոր կը մտածէր իր անձի փառքին մասին, սակայն ան հրապուրուած Աստուծոյ փառքէն, յայտնաբերեց թէ հո՛ն էր կեանքի կենդրոնը եւ իմաստը»։ Սրբազան Հայրը շեշտեց՝ թէ «Ծառայել Աստուծոյ փառքին, ամէն բանի մէջ որ կը կատարենք, մեր արարքներուն վճռորոշ չափանիշն է, գերագոյն համադրութիւնն է Յիսուսի հետ ապրուած բարեկամութեան։ Ուղեցոյցն է, որ մեզի ուղղութիւն կու տայ ճիշտը կատարել՝ երբ անապահով ենք։ Մեզի կʼօգնէ ճանչնալ Աստուծոյ ձայնը մեր մէջ, որ կը խօսի մեզի խղճի միջոցաւ, որպէսզի կարենանք պարզորոշել Անոր կամքը։ Աստուծոյ փառքը մեր խղճի կողմնացոյցին ասեղն է։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2018, 11:21