Որոնել

Սուրբ Ստանիսլաւ Քոսթքա Սուրբ Ստանիսլաւ Քոսթքա 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սուրբ Սթանիսլաւ Քոսթքայի մահուան 450 ամեակի առիթով

«Աշխարհը պէտք ունի երիտասարդներուն հոգիի ազատութեան»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ պատգամ մը յղած է Լեհաստանի Փլոք թեմի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Փիոթր Լիպերային, երիտասարդ հասակին՝ 18 տարեկանին մահացած, Յիսուսեան միաբանութեան դպրեվանքի նորընծայ, Սուրբ Ստանիսլաւ Քոսթքայի մահուան 450 ամեակի առիթով։

Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ  մեծարելով Սուրբ Սթանիսլաւը, քաջալերանքի խօսք յղած է երիտասարդներուն, խրախուսելով զանոնք միշտ քաջ գտնուելու, նկատել տալով որ աշխարհը պէտք ունի երիտասարդներուն հոգիի ազատութեան, պէտք ունի անոնց դէպի ապագայ՝ վստահութեամբ աչքերով սեւեռած հայեացքին, ինչպէս նաեւ անոնց Ճշմարտութեան ծառաւին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորած է երիտասարդները հետեւելու Սուրբ Սթանիսլաւի ուսուցումներուն գրելով

«Սուրբ Աթանիսլաւը կ՝ուսուցանէ այն ազատութիւնը, որ չի կայանար կոյրօրէն վազելու մէջ,  այլ նպատակ մը զատորոշելու կարողութիւն է՝ հետեւելու համար կեանքի վերաբերմունքի լաւագոյն ուղիներուն։

Սուրբ Սթանիսլաւը կ՝ուսուցանէ, Յիսուսին հետ միշտ բարեկամութիւն մշակել, խոկալով Անոր խօսքին մասին, ընկալելով Անոր ողորմելի ներկայութիւնը Սուբր Հաղորդութեան մէջ ՝ դիմադրելու համար աշխարհիկ մտայնութեան պայմանաւորումներուն»: Գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ իր յղած պատգամին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2018, 11:24