Ռիմինիի տօնավաճառը Ռիմինիի տօնավաճառը 

«Առանց Աստուծոյ ոչ մէկ յեղափոխութիւն կարող է գոհացնել մարդը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Քրիստոնեան չի կրնար հրաժարիլ աւելի լաւ աշխարհի մը երազանքէն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պատմութիւնը շարժող նոյն ուժերն են որոնք մարդը երջանիկ կը դարձնեն» այս է Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում շարժումի 2018 տարուայ Ռիմինիի տօնավաճառի բնաբանը, որուն բացման արարողութեան առթիւ, կիրակի 19 օգոստոս 2018-ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամ մը յղեց անոր մասնակիցներուն որուն մէջ հաստատեց թէ  «քրիստոնեան չի կրնար հրաժարիլ աւելի լաւ աշխարհի մը երազանքէն»։

Կարդինալ Փարոլին ակնարկելով շարժումի պատմութեան ու հիմնադիրի իտէալին քննադատեց «պատերու»  կառուցումը փոխան կամուրջներու, որոնք՝ նշեց Ան, անտարբերութեան զգացում կ՛աճեցնեն, որ ապագային նկատմամբ վախի զգացում կը զարգացնէ։

«Մարդուն փորձութիւնը ի սկզբանէ եղած է թէ անոր խելացիութիւնն ու  կարողութիւնները աշխարհը կառավարող սկզբունքներէն են» կը գրէ ապա Վատիկանի Պետքարտուղարը դիտել տալով թէ «քրիստոնեան կը խուսափի այս տեսակէտէն, առանց սակայն հրաժարելու փոփոխութեան զգացումէն» ապա աւելցուց թէ  «Քրիստոնեան չի կրնար հրաժարիլ այն երազանքէն թէ աշխարհը կարող է աւելի լաւ դառնալ  հիմնուած այն համոզումի ու վստահութեան վրայ թէ Քրիստոս՝ նոր  աշխարհի սկիզբն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հաստատէ «Անոր յարութիւնը անցեալի իրողութիւն մը չէ. Ան կը պարունակէ կեանքի ուժ մը որ մխրճուեցաւ աշխարհի մէջ, եւ այնտեղ ուր ամէն ինչ մեռած կը համարուէր ծնունդ կ՛առնեն յարութեան նոր ծիլեր»  գրեց Կարդինալ Փարոլին ու պատգամը եզրափակեց հաստատելով որ «ոչ մէկ ջանք, ոչ մէկ յեղափոխութիւն, կարող է գոհացնել մարդուն սիրտը։ Միայն Աստուած կարող է զայն լեցնել իր անվերջ ներկայութեամբ. Ասոր համար է որ Ան մարդեղացաւ  որպէսզի մարդիկը կարողանան հանդիպիլ Անոր որ կը փրկէ եւ կ՛իրականացնէ երջանկութեան օրերը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2018, 14:02