Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իտալացի երիտասարդներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իտալացի երիտասարդներուն հետ  

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումն ու զրոյցը Իտալացի երիտասարդներուն հետ։

«Կեանքի ամենակարեւոր երազները երիտասարդներուն երազներն են»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 11 օգոստոս 2018-ին երեկոյեան 18.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի պատմական կրկէս «Չիրքօ Մասսիմոյի» մէջ, հանդիպում ունեցաւ այնտեղ համախմբուած իտալացի 70 հազար երիտասարդներուն հետ, որոնք Իտալիոյ տարբեր շրջաններէ ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած են մասնակցելու համար Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ «Մենք Այստեղ ենք» խորագիրով ձեռնարկին, որուն ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ աղօթքի հսկումը ի նպաստ յառաջիկայ հոկտեմբերին կայանալիք երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։

Նորին Սրբութիւնը Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով ժամանեց հսկումի վայր ու շրջելէ ետք երիտասարդներու միջեւ ու զանոնք ողջունելէ ետք բարձրացաւ կեդրոնական բեմ, ուր անոր բարի գալուստի ողջոյնի խօսք ուղղեց, յանուն Իտալացի երիտասարդներուն, Էլէնա անունով 30 ամեայ երիտասարդուհի մը, որմէ ետք չորս երիտասարդներ հարցումներ ուղղեցին Սրբազան Հօր։ Հարցումներ՝ հայող անհատական ինքնութեան կազմաւորումի ու երազներու իրականացումի մասին, կեանքի զատորոշումի ու աշխարհի նկատմամբ պատասխանատու յանձնառում ունենալու մասին ապա հաւատքի փնտռտուքի ու կեանքի իմաստի որոնումի մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը մէկիկ մէկիկ պատասխանեց վերոնշեալ հարցումներուն։

Անհատական ինքնութեան կազմաւորումի ու երազներու իրականացումի մասին խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ երազ ու վախ բառերուն վրայ։ Երազները կարեւոր են, մեր հորիզոնները բաց կը պահեն ու յոյս կը ներշնչեն առօրեային մէջ - ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «ամենակարեւոր երազները  երիտասարդներու երազներն են» ու այդ երազները նմանեցուց փայլող աստղերու։ «Դուք պէտք է յառաջ տանինք  եւ իրականացնէք ձեր երազները» հրաւէր ուղղեց Քահանայապետը, յորդորելով նաեւ այդ երազները բաժնեկցիլ ուրիշներուն հետ։

Աստուածաշունչը մեզի կ՛ըսէ թէ մեծ երազները անոնք են որոնք կարող են պտուղ տալ, անոնք որոնք կարող են խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն սերմանել, որովհետեւ անոնք կը մտածեն բոլորին ոչ թէ «ԵՍ» ով այլ «ՄԵՆՔք» ով։

Սրբազան Պապը ապա նշեց թէ յաճախ երիտասարդներուն երազները վախ կը յառաջացնեն տարեցներուն մէջ, որովհետեւ «գուցէ անոնք դադարեցան երազելէ ու արկածախնդիր ըլլալէ» յարեց Սրբազան Պապը եւ աւելցուց «դուք թոյլ մի տաք որ ձեզմէ խլուի ձեր երազը. Փնտռեցէք բարի դաստիարակներ որոնք կարող են ձեզի օգնել ու կը հասկնան ձեր երազները ու զանոնք շօշափելի կը դարձնեն։ Ապա դուք եւս եղէք բարի դաստիարակներ, յոյսի ուսուցիչներ նոր սերունդներուն համար։ Այն ինչ որ ձրիաբար ընդուեցաք, զայն նուիրեցէք խանդավառութեամբ եւ իմաստութեամբ։ «Կեանքը բախտախաղ մը չէ ուր միայն բախտաւորները կարող են իրենց երազները իրականացնել, կեանքը մարտահրաւէր է՝ ուր կարելի է յաղթել եթէ միասին յաղթենք, եթէ միւսը ոտնակոխ չնենք, եթէ ոչ մէկը կը բացառենք» ըսաւ Քահանայապետը եւ երիտասարդները զգուշացուց թմրեցուցիչի օգտագործումէն։  

Խօսելով ապա կեանքի զատորոշումի ու աշխարհի նկատմամբ պատասխանատու յանձնառում ունենալու մասին Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ «որոշում առնելը» ազատութեան ամենամեծ արտայայտութիւնն է, սակայն այսօրուայ որոշումներու գաղափարը առանց կաշկանդումներու եւ առանց յանձնառումի ազատութեան գաղափար մըն է, կ՛ընտրեմ սակայն…այսպէս ընելով, մենք այդ ազատութիւնը կը քանդենք ու կը թուի թէ այդ ազատութիւնը խաբէութիւն  է եւ երջանկութիւնը գոյութիւն  չունի» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հաստատեց թէ  «ազատութիւնը մեծ պարգեւ մըն է որ կը մերժէ «գաղջութիւնը» ու հրաւիրեց երիտասարդները ընդունելու այդ պարգեւը, որ կարելի է ընկալել այն չափով որ մենք բաց կը պահենք մեր միտքը, մեր սիրտը ու մեր կեանքը»։ Սրբազան Պապը ապա խօսքը կեդրոնացուց սիրոյ վրայ ու սիրոյ կարեւորութեան վրայ որ պէտք է ապրիլ  լիապէս, անկեղծութեամբ եւ իսկական նուիրումով - ըսաւ Ան ու անդրադարձաւ կեանքի կարեւոր ընտրութիւններու մասին։ «Ամուսնութեան եւ ընտանիք կազմելու ընտրանքը, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ եւ եղբայրներու նուիրուելու ընտրանքը, կը նշանակէ մեր գանձը գտնել ու այդ գանձին հետեւիլ, կը նշանակէ ընտրել երախտագիտութեան ճանապարհը, երանութիւններուն ճանապարհը։  «Արկածախնդիր եղէք սիրոյ մէջ, իսկական սիրոյ մէջ» յորդորեց Սրբազան Պապը։

Երրորդ հարցումին պատասխանելով Սրբազան Քահանայապետը  նշեց թէ «յաճախ եկեղեցւոյ մէջ կան անձինք որոնք կ՛ուրանան եւ կը դաւաճանեն Աւետարանը» եւ ընդունեց որ շատ անգամ եկեղեցին հեռու է հաւացեալներէն ու բանտարկուած է իր ծիսակատարութիւններուն մէջ, սակայն ըսաւ Սրբազան Պապը, Եկեղեցին՝ Քահանայապետը, եպիսկոպոսները, քահանաները չեն միայն, այլ բոլոր մկրտուածները եւ ասոր համար իւրաքանչիւրը հրաւիրուած է այդ Եկեղեցին հարստացնելու՝ սիրով, հաղորդութեամբ ու անջատուած երկրային ինչքերէն։

«Եթէ դուք երիտասարդներդ եկեղեցւոյ կեանքին չի մասնակցիք, եթէ ձերը չընէք Աւետարանի պատգամը, Եկեղեցին աւելի աղքատ կը դառնայ եւ կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը»  յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Եկեղեցւոյ իրականութիւնը ու անոր գեղեցկութիւնը կախեալ է նաեւ ձեզմէ ու հրաւէր ուղղեց երիտասարդներուն իրենք եւս իրենց կեանքով վկայելու իրենց հաւատքը որովհետեւ Եկեղեցի մը առանց վկայութեան միայն  «ծուխ» է յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2018, 18:35