Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իտալացի երիտասարդներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իտալացի երիտասարդներուն հետ  

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը իտալացի երիտասարդներուն

Մի բաւարարուիք խոհեմ քայլերով ընթանալ, յանդգնեցէք ցատքել դէպի յառաջ, արիութեամբ.

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 11 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Հռոմի Չիրքօ Մասսիմոյի պատման կրկէսի մէջ համախմբուած 70 հազար երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումին աւարտին, օրուան աւետարանական ընթերցումէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղեց իր սրտին խօսքը, որուն մէջ նախ  շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, իրենց կատարած ուխտագնացութեան, ներկայութեան ու աղօթքին համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Դուք անցաք այն վայրերէն ուր մարդիկ կ՛ապրին ու կ՛աշխատին…կը մաղթեմ որ շնչեցիք իտալիոյ ժողովուրդին ուրախութիւններն ու դժուարութիւնները, անոնց կեանքն ու հաւատքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  ու անդրադարձաւ օրուան աւետարանական հատուածին որ քաղուած էր Յովհաննէս Աւետարանիչէն (Գլ 20, 1-8) ուր կը պատմուի Յիսուսի Յարութեան դրուագը, «որ, ըսաւ Քահանայապետը, Փոխեց մարդկութեան պատմութիւնը»։

Աւետարանը կը պատմէ թէ կիներն ու աշակերտները հազիւ կ՛իմանան Յիսուսին յարութեան լուրը կը սկսին վազել որովհետեւ իմացան թէ Յիսուսին մարմինը անհետացած էր, անոնց սրտերը կը սկսին տրոփել սիրով ու անոնց մէջ ծիլ կ՛առնէ նոր յոյս մը՝ վերստին հանդիպելու Տիրոջ։

Այդ առաւօտէն ետք, սիրելի երիտասարդներ, պատմութիւնը այլեւս նոյնը չէ։ Այդ պահը ուր կարծես մահը յաղթանակ արձանագրած էր, դարձաւ մահուան  պարտութեան պահը  եւ այդ օրէն սկսեալ ամէն մէկ հարստահարուած կեանք, ամէն մէկ վայր ուր կ՛իշխէ բռնութիւն, պատերազմ, ու թշուառութիւն, այնտեղ ուր մարդը ոտնակոխ եղած է ու արհամարհուած, այնտեղ կարելի դարձաւ կեանքի յոյսը։

Սիրելի բարեկամներ մի բաւարարուիք խոհեմ քայլերով ընթանալ, յանդգնեցէք ցատքել դէպի յառաջ, արիութեամբ, որպէսզի կարողանաք երազել եւ Յիսուսին նման իրականացնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը, եւ յանձնառու ըլլալ աւելի եղբայրական մարդկութեան մը համար։

Ես ուրախ պիտի ըլլամ ձեզ տեսնել որ աւելի արագ կը վազէք անոնցմէ որոնք Եկեղեցւոյ մէջ կը քալեն դանդաղ ու վախով, թող որ Սուրբ Հոգին ձեզ մղէ այդ վազքին. Եկեղեցին պէտք ունի ձեզի, ձեր ձգտումներուն, ձեր գուշակումներուն, ձեր հաւատքին։

Միասին քալելով այս օրերուն, դուք փորձարկեցիք ուրախութիւնը՝ ընկալելու եղբայրը կամ քոյրը, հասկնալով թէ որքան ուրախութիւն կը պարգեւէ անոր ներկայութիւնը իմ կեանքիս մէջ։ Միասին քալելը մեզ կը դարձնէ ժողովուրդ, Աստուծոյ ժողովուրդը։ Եւ այս մէկը մեզի կը պարգեւէ ապահովութիւն, որովհետեւ Աստուծոյ Ժողովուրդին մաս կազմելով մենք ունինք ինքնութիւն մը։ Ափրիկեան ասացուածք մը կ՛ըսէ «եթէ կ՛ուզես արագ ընթանալ, մինակդ վազէ, Եթէ կ՛ուզես հեռու հասնիլ, ուրիշի մը հետ քալէ» - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա դարձեալ ակնարկելով Յիսուսին թափուր գերեզմանին, հաստատեց թէ «կարելի է կեանքին հանդիպիլ նաեւ այն վայրերուն մէջ ուր կ՛իշխէ մահը» ու այս մէկը նկատեց Աւետարանին յեղափոխութիւնը՝ Յիսուսի պարապ գերեզմանը որ կը դառնայ նշան Կեանքի յաղթանակին։

Ուրեմն մի վախնաք։ Հեռու մի մնաք տառապանքի, պարտութեան ու մահուան վայրերէն։ Աստուած մեզի տուաւ ուժ մը որ աւելի հզօր է բոլոր անարդարութիւններէն ու պատմութեան դիւրաբեկութենէն։ Յիսուս յաղթեց մահուան իր կեանքը պարգեւելով մեզի համար ու մեզ կ՛ուղարկէ մեր եղբայրներուն մօտ անոնց աւետելու թէ Ինք յարութիւն առաւ, Ինք՝ Տէրը որ մեզի կը պարգեւէ իր Հոգին որպէսզի իր հետ միասին Աստուծոյ արքայութիւնը սերմանենք աշխարհին մէջ։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց դիտել տալով թէ գեղեցիկ ու յոգնեցուցիչ էր Հռոմ ժամանելը սակայն նոյնպէս գեղեցիկ ու յանձնառու պիտի ըլլայ դէպի տուն ուղեւորութիւնը։ Զայն կատարեցէք նման Յիսուսէն սիրուած աշակերտին՝ Յովհաննէսին, այդ գիտակցութեամբ թէ դուք սիրուած էք՝ սիրուած էք Տիրոջմէ, եւ ընթացէք դէպի յառաջ ու պիտի տեսնէք թէ կեանքը պիտի դառնայ գեղեցիկ վազք մը՝ դէպի Յիսուս ու դէպի եղբայրները, սրտով մը որ լի է սիրով, հաւատքով եւ ուրախութեամբ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր պատգամը։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2018, 20:39