«Սիրոյ ուրախութիւն» Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորագիրը «Սիրոյ ուրախութիւն» Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորագիրը 

ֆրանչիսկոս Պապին նամակը «Սիրոյ ուրախութիւն յորդորագիրին» մասին գիրք գրած Սթեֆեն Վալֆորտին:

Պօղոսեաններու տպագրատունէն լոյս տեսնելիք յիշեալ գիրքին նախաբանին մէջ ներառուած է ֆրանչիսկոս Պապին հեղինակին յղած նամակը,

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նամակով մը շնորհակալութիւն յայտնած է իր «սիրոյ ուրախութիւն» յորդորագիրին մասին գիրք գրած՝ Սթեֆէն Վալֆորտին: Գիրքին տիտղոսն է «Ֆրանչիսկոս Պապ, ընտանիք եւ ամուսնալուծում, ի պաշտպանութիւն ողորմածութեան եւ ճշմարտութեան»:

Պօղոսեաններու տպագրատունէն լոյս տեսնելիք յիշեալ գիրքին նախաբանին մէջ ներառուած է ֆրանչիսկոս Պապին հեղինակին յղած նամակը, որուն մէջ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է հեղինակին, նկատել տալով թէ յետ սիւնհոդասական «Սիրոյ ուրախութիւն» յորդորագիրը արդիւնքն է եկեղեցական երկար ուղեւորութեան, որ կը ներգրաւէ երկու սիւնհոդոսներ ու տեղական եկեղեցիներու խորհրդակցութիւններ՝ համահաւաք եպիսկոպոսաց դասերուն միջոցաւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծած է, որ «սիրոյ ուրախութիւն» յորդորագիրին պատգամը լաւ ըմբռնելու համար պէտք է զայն ամբողջութեամբ կարդալ՝ ծայրէ ծայր, որովհետեւ անոր մէջ կը պարունակուի, ըլլայ Աստուածաբանական խոխումներու զարգացում, ըլլայ հարցեր դիմագրաւելու կերպեր:

«Սիրոյ Ուրախութիւն» յորդորագիրին մէջ քննարկուած են ժամանակակից շօշափելի հարցեր ինչպէս՝ ընտանիքը այսօրուան աշխարհին մէջ, մանուկներուն դաստիարակութիւնը , Սուրբ Պսակի պատրաստութիւնը, ընտանիքներու դժուարութիւնները…» գրած է Սրբազան Հայրը նամակին մէջ աւելցնելով, որ յորդորագիրին մէջ քննարկուած բարոյական հարցերը կը հետեւին Սուրբ Թովմաս Աքուինացիին դասական վարդապետութեան:

Նորին Սրբութիւնը նամակը աւարտած է շնորհակալութիւն յայտնելով հեղինակին, անոր տուած վկայութեան համար, դիտել տալով որ «Սիրոյ ուրախութիւն» յորդորագիրին մասին գիրքը օգտակար պիտի դառնայ ընտանիքներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2018, 12:36