Ֆրանչիսկոս Պապ կաթողիկէ օրէնդիրներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ կաթողիկէ օրէնդիրներուն հետ  

Ֆրանչիսկոս Պապ «Քրիստոնեայ քաղաքական անձնաւորութիւնները նախ եւ առաջ թող վկաներ հանդիսանան»:

Նորին Սրբութեան «կաթողիկէ օրէնսդիրներ» կազմակերպութեան անդամներուն ուղղած պատգամը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, օգոստոս 22-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նախ քան հրապարակային ունկնդրութիւնը, Վատիկանի «Պօղոս Զ փոքրիկ դահլիճ» անուամբ սրահէն ներս ընդունեց եւ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց կաթողիկէ օրէնսդիրներուն համար գումարուած միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն:

Ժողովին նախաձեռնողն է «միջազգային կաթողիկէ օրէնսդիրներ ցանց» կազմակերպութիւնը, որ կը համարուի կազմակերպութեան տարեկան 9-րդ ընդհանուր նիստը , ունենալով որպէս նիւթ «ազատութիւնը»:

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, անդրադարձաւ զանազան տարածաշրջաններուն մէջ կրօնային փոքրամասնութիւններուն ողբերգական կացութեան, պատճառուած՝ ծայրայեղականութենէն, որ կը յառաջացնէ խտրականութիւն եւ հալածանք եւ մինչեւ մեր օրերուն, պետութիւններուն կողմէ ոչ մէկ համապատասխան լուծում գոյացուած է, ըսաւ Ան, ապա ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց ծայրայեղականութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարելու վտանգը, զգուշացնելով այդ երեւոյթներուն դէմ ծայրայեղականութեամբ եւ խտրականութեամբ միեւնոյն ձեւով պայքարելէ, նկատել տալով որ քրիստոնեային կոչումն ու առաքելութիւնն է՝ ըլլալ աղ , լոյս ու թթխմոր՝ պատմական որոշ ժամանակաշրջանին մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց ներկաները, որպէս քաղաքական անձնաւորութիւններ իրենց նպաստը բերել կրօնային ազատութեան, ընդգծելով որ մկրտուած քրիստոնեայ քաղաքական անձնաւորութիւնները, կանչուած են հեզութեամբ եւ քաջութեամբ վկայելու եւ առաջարկելու համերաշխ օրինագիծեր՝ քրիստոնեայ անհատի եւ ընկերութեան մը տեսլականով, միշտ փնտռելով միեւնոյն գաղափարակիցներուն հետ համագործակցութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը ապա ժողովի մասնակիցներուն նկատել տուաւ, որ անոնք կը գործեն զանազան միջավայրերուն մէջ, սակայն իրենց միացնող կապն է ՝Աստուծոյ արքայութեան ծառայելու միեւնոյն բարի կամքը՝ լուրջ եւ համեստ քաղաքական յանձնառութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2018, 12:50