Իրանտայի մէջ Տիրամօր Նուիրուած Քնոք Սրբավայրը Իրանտայի մէջ Տիրամօր Նուիրուած Քնոք Սրբավայրը 

Իրլանտայի մէջ Տիրամօր նուիրուած Քնոք սրբավայրը կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապին

Կաթողիկէ իրլանտացիներուն սիրտը գրաւող Մարեմեան Քնոք Սրբավայրը ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ յառաջիկայ օգոստոս 26-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օգոստոս 26-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Տապլինի ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքին օրուան առիթով, Իրլանտա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս պիտի այցելէ նաեւ «Քնոք» Տիրամօր սրբավայրը, որ կը գտնուի Իրլանտայի հիւսիս արեւմտեան «Մայօ» շրջանին մէջ:
Կաթողիկէ իրլանտացիներուն սիրտը գրաւող Մարեմեան Քնոք Սրբավայրին մէջ այսօր՝ 14 օգոստոսին սկիզբ կ՝առնէ Տիրամօր նուիրուած, «Հաւատք եւ ընտանիք» կարգախօսով աւանդական իննօրեայ աղօթքի նախաձեռնութիւնը, որ առնչուած է Տապլինի ըտանքիքներուն համաշխարահային հանդիպումին:

Արժանի է անդրադառնալ Սրբավայրին հակիրճ պատմականին

21 օգոստոս 1879-ին, տեղատարափ անձրեւի օր մը, Քնոք գիւղին մէջ, 6-75 տարիք ունեցող 15 հաւատացեալներ ականատես կ՝ըլլան Տիրամօր երեւումին, որ կը յայտնուի ժողովրդապետութեան փոքրիկ եկեղեցոյ տանիքին վրայ:
Աւանդութեան համաձայն կը պատմուի թէ երեւցած Տիրամօր կողքին կը գտնուէին երկու երեւելի դէմքեր, Սուրբ Յովսէփն ու Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչը:
Տիրամօր Երեւումէն յափշտակուած 15 հաւատացեալները, կը շարունակեն աղօթել տեղտարափ անձրեւին տակ ՝ առանց թրջուելու:
Հրաշալի եւ տպաւորիչ դէպքէն մի քանի շաբաթ վերջ Տիրամօր երեւումի հրաշքը կը ցնցէ ամբողջ Իրլանտան: Եկեղեցական իշխանութեան հրամանով կը կազմուի յանձմախումբ մը քննարկելու համար Տիրամօր երեւումին ականատես եղած վկաներուն ստուգութիւնը:
1979-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը այցելած է Քնոք Տիրամօր սրբավայրը շրջապատուած աւելի քան 500 հազար հաւատացեալներով:
Ամէն տարի Քնոք Սրբավայրը յաճախուած է աւելի քան մէկ ու կէս միլոն ուխտաւորներէ:
1940ին օգոստոս ամսոյն, 50 հազարէ աւելի հաւատացեալներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սրբավայրին մէջ կազմակերպուած Իրլանտայի եւ համայն աշխարհին խաղաղութեան ի սպաս կատարուած ուխտագնացութեան:
1954ին, Պիոս ԺԲ. Պապին կողմէ հռչակուած Մարեմեան տարուան առթիւ, աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն ուխտաւորներ կ՝այցելեն Քնոքի Տիրամօր Սրբավայրը ուր երջանկայիշատակ քահանայապետին հրամանով տեղի կ՝ունենայ Տիրամօր արձանի թագադրութեան արարողութիւնը:

Տիրամօր երեւումներէն մէկ դար վերջ, փոքրիկ եկեղեցւոյ տարածքին վրայ կը կառուցուի Տիրամօր նուիրուած սրբավայր մը որուն առաջին քարի օրհնութիւնը կը կատարէ, Երանելի Պօղոս Զ. Պապը 1973-ին, ապա անոր բացման արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ 18 յուլիս 1979ին:
Քնոքի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ կան 5 մատուռներ նուիրուած՝ Քնոքի Տիրամօր, Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչին, Յիսուսի Սուրբ Սիրտին եւ Սուրբ Քոլոմպիանի։
Սրբավայրի կառուցման աշխատանքը, կատարուած 1967-1986 թուականներուն, կը պարտինք սրբավայրին ժողովրդապետ հայր Ճամս Հորանի: Ան ճանչուած է որպէս «Քնոքի կառուցողը», ոչ միայն սրբավայրին կառուցման աշխատանքներուն համար այլեւ Քնոք քաղաքին մէջ միջազգային օդակայանի ծրագիրը իրականացնելուն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2018, 12:00