Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Օգոստոս ամսոյն առաքելական աղօթքի դիտաւորութիւնը

Վազգէն Աբարդեան- Վատիկան

Հինգշաբթի ,օգոստոս 2-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատկերասփռուած պատգամով ներկայացուց 2018ի Օգոստոս ամսոյն առաքելական աղօթքի դիտաւորութիւնը:

 Պատգամին մէջ Սրբազան Հայր ըսաւ «Խօսելով ընտանիքներու մասին յաճախ կը մտաբերեմ գանձի մը պատկերը։ Ընթացիկ կեանքի ռիթմը, հոգեկան ճնշումը, գործի ճնշումը ինչպէս նաեւ հաստատութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած քիչ ուշադրութիւնը կրնան վտանգի ենթարկել ընտանիքները:
Բաւ չէ խօսիլ անոնց կարեւորութեան մասին, պէտք է խթանել հաստատ միջոցառումներ եւ անոնց դերակատարութիւնը զարգացնել՝ ընկերութեան մէջ, ընտանեկան համապատասխան քաղաքականութեամբ:
Յիսուսի հետ միասին աղօթենք, որպէսզի տնտեսական, քաղաքական կարեւոր որոշումները պաշտպան կանգնին ընտանիքներուն՝ որպէս մարդկութեան գանձ մը»
:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2018, 16:00