Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յիսուսեան երիտասարդներուն խումբ մը

Սրբազան Հայրը պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ ուղղուած ինքնասպանութեան, թմրանիւթի եւ հրոսակային արարքներու կապուած հարցերուն:

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, օգոստոսի 1ին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութենէն առաջ ընդունեցաւ երիտասարդ Յիսուսեանները, որոնք յուլիսի 28էն մինչեւ օգոստոսի 20ը կը մասնակցին հանդիպումի մը, որուն բնաբանն է «Եւրոպացի Յիսուսեաններ՝ կազմաւորումի մէջ»։
Սրբազան Հայրը պատասխանեց երիտասարդներու ուղղած հարցերուն, որոնք կը հայէին աշխատանքի եւ արժանապատուութեան միչեւ եղած առընչութեան եւ անոնց հետ կապուած ինքնասպանութեան, թմրանիւթի եւ հրոսակային արարքներու յարումի վտանգներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ ստէպ անդրադարձած է աշխատանքի եւ անոր հետ առընչուած մարդու արժանապատուութեան, եւ միշտ նկատած է թէ չկարենալ օրուան հացը ճարել՝ կը կորզէ մարդու արժանապատուութիւնը։ Յիշեալ հանդիպումի ընթացքին ան յիշեցուց թէ գործազրկումը «երիտասարդներու համար ամենէն սուր եւ ցաւալի խնդիրներէն մին է։» Ան նկատեց թէ ներկայիս տեղի կʼունենայ համաշխարհային տնտեսութեան այլափոխում մը։ Տնտեսութիւնը, որ շօշափելի բան մըն է, տեղի կու տայ դրամին, որ վերացական բան մըն է։ Դրամը, որ դաժան է, միշտ աւելի կը գրաւէ կենդրոնական դիրք, մինչ տնտեսութեան կենդրոնը պէտք է ըլլար մարդ արարածը։ Սրբազան Հայրը մարդու արժանապատուութեան դէմ գործուած մեծ մեղք կը նկատէ՝ մարդ արարածը տեղահան ընել տնտեսութեան կենդրոնէն։
Սրբազան Հայրը կը նկատէ, թէ «երիտասարդներու ինքնասպանութեան պարագաները կʼաւելնան, սակայն պետութիւններ չեն հրապարակեր ճշգրիտ թիւերը. կը հրապարակեն միայն մինչեւ որոշ կէտ մը, որովհետեւ դա գայթակղեցուցիչ բան մըն է։ Ինչու՞ համար այդ երիտասարդները ինքնասպան կʼըլլան։ Նախնական պատճառը, գրեթէ բոլոր պարագաներուն, աշխատանքի պակասն է։ Անոնք անկարող են իրենց անձը զգալու պիտանի, եւ այդպէսով վերջ կը գտնեն»։
Ապա գործազուրկ երիտասարդները կը սայթաքին թմրանիւթի կախուածութեան մէջ։ «Կախուածութիւնը փախուստի ճամաբայ մըն է՝ արժանապատուութեան բացակայութենէն» կʼըսէ Սրբազան Հայրը եւ կʼաւելցնէ «մտածեցէք, թէ քոքաինի իւրաքանչիւր հատիկին մէջ կայ համաշխարհային մեծ վաճառականութիւն որ կարելի կը դարձնէ այդ. դա հաւանաբար աշխարհի մէջ դրամի մեծագոյն շրջանառութիւնն է։»
Ֆրանչիսկոս Պապ ուշադրութեան յանձնեց նաեւ այն պարագան, ուր երիտասարդներ կʼընտրեն մասնակցիլ հրոսակային արարքներու, որպէսզի կարենան շահ ապահովել։ Ան կʼըսէ «Ինքնասպանութիւններ, թմրանիւթի կախուածութիւն եւ դիմում դէպի հրոսախումբեր, այսօր երեք կարելութիւններն են երիտասարդներուն համար, երբ չկայ աշխատանք։ Կարեւոր է հասկնալ երիտասարդներու խնդիրը, երիտասարդներուն զգալի դարձնել թէ կը հասկնանք զանոնք։ Ապա պէտք է ընթանալ յառաջ՝ լուծելու այս խնդիրը։ Լուծում կայ, սակայն պէտք է գտնել ձեւը. կարիքը կայ մարգարէական խօսքի, կարիքը կայ մարդկային հնարամտութեան. պէտք է գործել, պէտք է ձեռքերը թաթխել գործի մէջ ...»

Վերջապէս Սրբազան Պապը երիտասարդ Յիսուսեաններուն յիշեցուց անոնց Միաբանութեան առաքելութեան ուղին եւ նպատակը մէջբերելով երանելի Պօղոս Զ. քահանայապետի խօսքը, որ ուղղած էր Յիսուսեան միաբաններուն 1974 թուակնին, Միաբանութեան 23րդ ընդհանրական ժողովի գումարման ժամանակ։ Ան ըսած էր՝ «Ուր կան գաղափարներու, խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու խաչմեռուկներ, այնտեղ է նաեւ Յիսուսեանը։» Ապա Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Յիսուսեան միաբան Հայր Փետրօ Առուփէի, Միաբանութեան 28րդ ընդհանրական մեծաւորին, որուն սրբադասման դատը արդէն բացուած է Հռոմի մէջ, եւ շեշտեց Յիսուսեան միաբանին առաքելութեան վրայ։ Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով՝ «Յիսուսեան ըլլալը կը պահանջէ քաջութիւն։ Չեմ ուզեր ըսել թէ Յիսուսեանը պէտք է ըլլայ անզգայ կամ անշրջահայեաց, այլ պէտք է քաջութիւն ունենայ։ Քաջութիւնը Աստուծոյ մէկ շնորհքն է, ինչպէս կը տեսնենք Պօղոս առաքեալի մօտ, որ համարձակօրէն կը քարոզէր։ Ապա նաեւ կարիքը կայ աղօթքի նուիրուած ծունկերու։ Կը կարծեմ, թէ այս երկու կէտերով պիտի ունենաք ներշնչումը ընթանալու հոն ուր Սուրբ Հոգին ձեր սրտին մէջ ձեզի պիտի թելադրէ»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2018, 11:50