Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը Իռլանտա կատարած ճամբորդութեան մասին:

«Ընթանալով դէպի յաջորդ միջազգային հանդիպումը որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ 2021 թուականին , բոլոր ընտանիքները վստահինք Յիսուսի Մարիամի եւ Յովսէփի Սուրբ Ընտանիքին, որպէսզի իրենց տուներուն, ժողովրդապետութիւններուն եւ համայնքներուն մէջ իսկապէս ըլլան «ուրախութիւն աշխարհի համար:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, օգոստոս 29-ին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն, որուն նիւթը եղաւ ընտանիքներու համաշխարհային 9-րդ հաւաքին առթիւ Իռլանտա կատարած Իր առաքելական ճամբորդութիւնը:
Խօսելով ճամբորդութեան մասին Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ անցեալ շաբաթավերջին, Իռլատնա ժամանեց մասնակցելու համար ընտանիքներուն հաւաքին, աւելցնելով որ Իր ներկայութեան նպատակներէն մին եղաւ, ընտանիքները հաստատել իրենց կոչումին եւ առաքելութեան մէջ, նկատել տալով որ Տապլինի մէջ հաւաքուած հազարաւոր ընտամիքները՝ իրենց տարբեր լեզուներով եւ մշակոյթներով, նշան հանդիսացան Աստուծոյ շքեղութեան, համայն մարդկային ընտանիքին համար ,աւեցնելով նաեւ Աստուծոյ երազն է , միութիւնը- համերաշխութիւնը, խաղաղութիւնը՝ արդիւնք հաւատարմութեան, համերաշխութեան ներումի՝ շնորհուած բոլորին՝ Քրիստոսի մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ համաշխարհային հաւաքի նիւթին, «ընտանիքի աւետարանը, աշխարհի ուրախութիւնը» նշելով, որ ընտանիքները կանչուած են աւետարանի ուրախութիւնը ցոլացնելու- Քրիստոսի սիրոյ ճառագայթներով:

Ան ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Իռլանտայի վարչապետին եւ քաղաքական, պետական ու կրօնական անձնաւորութիւններուն, որոնք բոլոր հարթակներուն վրայ օժանդակեցին՝ պատրաստելու եւ իրականացնելու հանդիպումի ձեռնարկը:
Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց Տապլինի դղեակին մէջ քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումին նկատելով տալով, որ այդ հանդիպումին ընթացքին շեշտը դրած է ընտանիքին վրայ, ընդգծելով որ եկեղեցին՝ ընտանիքներուն ընտանիքն է :
Ան ապա անդրադարձաւ ընտանիքներուն հանդիպումի կարեւորագոյն կէտերուն .
«Ամէն տարիքի պսակեալ զոյգերու ամուսնական սիրոյ վկայութիւնը, որոնց պատմութիւնները կը յիշեցնեն, որ պսակի սէրը Աստուծոյ յատուկ պարգեւն է եւ զայն  հարկ է մշակել ամէն օր տնային եկեղեցւոյ մէջ, որ է ընտանիքը» ըսաւ Ան
Կարեւորագոյն կէտերէն մին եղած է նաեւ Տապլինի Տիրամօր տաճարին մէջ, պսակեալներու եւ նորապսակ երիտասարդներուն հետ ունեցած Իր հանդիպումը, որուն ընթացքին Ինք ունկնդրած է անոնց մտահոգութիւններուն ու յոյսերուն ապագային նկատմամբ , յիշեցնելով անոնց, որ քրիստոնէական պսակը խորհրդաւոր դաշինք մըն է ՝հիմնուած Քրիստոսի սիրոյ վրայ, ինչպէս նաեւ ընդմիշտ հոսող շնորհքի աղբիւրի վրայ, միասնաբար ընթանալու եւ գերազանցելու վաղանցուկ մշակոյթը :
Սրբազան Հայր ապա անդրադարձաւ հաւաքի նախաձեռնութեան գագաթնակէտ հանդիսացող հանդիպումներուն.
անցեալ շաբաթ երեկոյեան Տապլինի մարզադաշտին մէջ կայացող ընտանիքներուն մեծ տօնակատարութիւնը, որուն յաջորդեց Ֆոնիքս պարտէզին մէջ, կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը:
Ան յարեց որ աղօթքի հսկումի երեկոյեան, ունկնդրած է սրտի դպչող ընտանիքներուն վկայութիւններուն, որոնք տառապած են պատերազմներու պատճառաւ: Ունկնդրած է ընտանիքներու վկայութիւններուն, որոնք վերանորոգուած են շնորհիւ ներումի պարգեւին. ընտանիքներ, որոնք ուղիղ օգտագործումը կը կատարեն բջիջային սարքերուն, առաջնակարգ նկատելով միասնաբար ժամանակ անցնելը:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարեց, որ ընտանիքներուն վկայութիւններէն ի յայտ եկած է սերունդներուն միջեւ հաղորդակցութեան արժէքը, ինչպէս նաեւ պապիկներու եւ մամիկներուն դերը՝ ընտանիքներուն կապերու ամրապնդման եւ անոնց հաւատքի գանձը փոխանցելու ի սպաս:
Ան ապա անդրադարձաւ Քնոք քաղաքի Տիրամօր սրբավայր կատարած այցելութեան յայտնելով, որ սրբավայրի մատրան մէջ ՝ուր Տիրամայրը երեւցած է, Անոր մայրական հովանիին յանձնած է բոլոր ընտանիքները, յատկապէս Իռլանտային ընտանիքները:


Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնելով թէ Իռլանտա կատարած այցելութիւնը մեծ ուրախութեան առիթ հանդիսանալէ զատ պէտք էր նաեւ ըլլալ, ցաւերու եւ տառապանքներու կիսում, որոնք պատճառուած են տարբեր չարաշահումի ձեւերու արաքներէն՝ գործադրուած եկեղեցական անդամներու կողմէ. ցաւերու կիսում, որոնք պատճառուած են նաեւ այն իրողութենէն՝ որ եկեղեցական իշխանութիւնները, անցեալին մէջ չեն կարողացած պատշաճ ձեւով դիմագրաւել այդ ոճիրները:

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ իր վրայ մեծ հետք թողած է այդ չարաշահումի զոհերէն կարգ մը վերապրողներուն հետ ունեցած հանդիպումը նշելով, որ ինք բազմիցս Տիրոջմէ ներողութիւն խնդրած է սոյն մեղքերուն, գայթակղութեան եւ դաւաճանական արաքներուն համար: Ան յարեց նաեւ որ Տիրամայրէն պաղատած է որ բարեխօսէ զոհերու ամոքումին համար եւ բոլորիս ուժ շնորհէ հաստատամտութեամբ հետապնդելու ճշմարտութեան ու արդարութեան ուղին:
Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Իռլանատի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումին, ըսելով որ Իռլանտայի եպիսկոպոսները, շահագործումէն տառապող զոհերուն հետ, ընդգրկած են լուրջ համերաշխութեան եւ մաքրութեան ուղի եւ տեղական իշխանութեան հետ վճռած են խիստ օրէնքներ սահմանել՝ երաշխաւորելու համար երիտասարդներուն ապահովութիւնը:
Ան ապա եպիսկոպոսները քաջալերած է անոնց ի գործ դրած ջանքերուն մէջ, սրբագրելու անցեալի սխալները՝ անկեղծութեամբ, քաջութեամբ վստահելով Տիրոջ խոստումներուն եւ Իռլանտային ժողովուրդին ունեցած խորունկ հաւատքին վրայ , Իռլանտային եկեղեցւոյ մէջ ողջունելու համար վերանորոգումի նոր եղանակ:

Սրբազան Քահանայապետ հրապարակային ունկնդրութիւնը աւարտեց ըսելով.

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Տապլինի ընտանիքներուն համաշխարհային հանդիպումը, մարգարէական փորձառութիւն եւ սփոփանք հանդիսացաւ անթիւ ընտանիքներուն համար, որոնք յանձնառու են պսակի եւ ընտանեկան կեանքի աւետարանական ուղեւորութեան մէջ : Ընտանիքներ որոնք աւետարանի աշակերտներ եւ միսիոնարներ են, ինչպէս նաեւ բարութեան, սրբութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան թթխմոր:
Եւ արդ ընթանալով դէպի յաջորդ միջազգային հանդիպումը որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ 2021 թուականին , բոլոր ընտանիքները վստահինք Յիսուսի Մարիամի եւ Յովսէփի Սուրբ Ընտանիքին, որպէսզի իրենց տուներուն, ժողովրդապետութիւններուն եւ համայնքներուն մէջ իսկապէս ըլլան «ուրախութիւն աշխարհի համար:»
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2018, 12:08