Ֆրանչիսկոս Պապ Պօղոս Զ Պապին շիրիմին առջեւ Ֆրանչիսկոս Պապ Պօղոս Զ Պապին շիրիմին առջեւ 

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց երանելի Պօղոս Զ Պապին շիրիմին առջեւ

Մեծ երախտագիտութեամբ կը յիշենք Երանելի Պօղոս Զ Պապը, սպասելով որ Ան սրբադասուի 14 հոկտեմբեր 2018-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երանելի Պօղոս Զ. Պապին մահուան 40-րդ տարեդարձին առիթով, երկուշաբթի, օգոստոս 6-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելած է Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ գտնուող Քահանայապետներու դամբարանը, եւ հոն աղօթած է երջանկայիշատակ Երանելի Պօղոս Զ. Պապի շիրիմին առջեւ:

Պօղոս Զ. Երանելի Քայանայապետը, որուն մահուան 40-րդ տարեդարձը նշուեցաւ 6 օգոստոսին, հոգին աւանդած էր առ Աստուած՝ 1978-ին Քասթել Կանտոլֆօ քահանայապետական ամարանոցին մէջ:

Անոր քահանայապետութեան ժամանակաշրջանը տեւած է 15 տարի՝ սկսեալ 21 յունիս 1963-էն: Ան կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան համար նկատուած է երեւելի եւ փայլուն անձերէն մին , ոչ միայն որովհետեւ իր աւարտին հասցուցած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովը այլ իր «Մարդկային կեանք» շրջաբերականով մեծապէս նպաստած է կեանքի եւ ամուսնութեան վերաբերող եկեղեցւոյ վարդապետութեան. շրջաբերական մը, որուն 50 ամեակը նշուեցաւ այս տարի:

Յիշենք նաեւ որ ֆրանչիսկոս Պապ, կիրակի 4 օգոստոսին, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ժամանակ ներկայացուցած խորհուրդածութեան աւարտին ոգեկոչեց Երանելի Պօղոզ Զ. Պապին՝ Հօրենական տուն վերադարձը, նկատելով Մոնթինի Քահանայապետը արդիականութեան մեծ Պապ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ.

«Մեծ երախտագիտութեամբ եւ համակրանքով կը յիշենք Երանելի Պօղոս Զ Պապը սպասելով, որ ան սրբադասուի՝ 14 հոկտեմբեր 2018-ին»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2018, 09:54