Որոնել

Քոլոմպոյի ասպետներ Քոլոմպոյի ասպետներ 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը «Քոլոմպոյի ասպետներուն»:

Աջացկիլ աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն՝ սիրոյ շօշափելի գործերով եւ թիկունք կանգնիլ ընտանիքներուն:

Վազգէն Աբարդեան- Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլին, պատգամ մը յղած Է յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին Ամերիկիոյ Պալթիմոր քաղաքին մէջ իրենց 136-րդ տարեկան ընդհանուր նիստը գումարած, Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քոլոմպոյի Ասպետներ» անուան կարեւորագոյն կաթողիկէ հաստատութեան անդամներուն:

Անգլերէն լեզուով գրուած պատգամին մէջ՝ կարդինալ Փարոլին կը յիշէ հաստատութեան հիմնադիր Հայր Միքայէլ Մք Ճիւնի շնորհապարգեւը ու անոր համոզմունքը՝ «հաւատք ու Սէր» անքակտելի կապի նկատմամբ՝ ցուցաբերուած իր հաստատութեան քրիստոնէական կազմաւորումի յանձնառութեան եւ հաստատութեան անդամներուն միջեւ փոխադարձ զօրակցութեան միջոցաւ:

Կարդինալ Փարոլին ապա նկատել կու տայ որ Ֆրանչիսկոս Պապ Հաւատք ու սէր կապի մասին ընդգծած է « հրճուացէք եւ ուրախացէք» իր յորդորագիրին մէջ հրաւիրելով հաւատացեաները ներշնչուելու մեծ սուրբերէն, որոնք ամէն օր հաւատք- աղօթք  իրարու կը միացնեն սիրոյ արարքներուն միջոցաւ:

Կարդինալ Փարոլին քաջալերեց ասպետները յարատեւելու իրենց ի գործ դրած ջանքերուն մէջ ՝ամէն մակարդակի վրայ, շարունակելով Աստուծոյ սիրոյ վկաները ըլլալ՝ շօշափելի սիրոյ գործերով եւ աջակցելով աղքատներուն ու կարիքաւորներուն:

Կարդինալ Փարոլին ապա անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին Իրլանտա կատարելիք ճամբորդութեան՝ ընտանիքներուն միջազգային հաւաքին համար, գնահատեց  Քոլոմպօ ասպետներուն ընտանիքի աւետարանը հռչակելու յանձնառութիւնը, ի քաջալերանք եւ ի պաշտպանութիւն ամուսնութեան հարազատ բնութեան, եւ ի աջակցութիւն երիտասարդ սերունդներուն,«  աշխարհի մը մէջ որ մթագնուած է Աւետարանի հակառակ լոյսով»։
Պատգամի աւարտին Կարդինալ Փարոլին յիշեց Ասպետներուն յանձնառութիւնը՝ քրսիտոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ, որոնք թիրախ են հալածանքներու եւ հարստահարումներու իրենց դաւանած հաւատքին համար, խնդրելով անոնցմէ, որ շարունակեն աղօթել միջին արեւելքի խաղաղութեան եւ սրտերու դարձի համար, ինչպէս նաեւ անկեղծ երկխօսութեան յանձնառումի եւ հակամարտութիւններուն խաղաղ լուծման համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2018, 10:50