Ֆրանչիսկոս Պապ հարաւային Քորէա այցելութեան ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ հարաւային Քորէա այցելութեան ժամանակ 

Ֆրանչիսկոս Պապի Հարաւային Քորէա կատարած առաքելական այցելութեան 4-րդ տարեդարձը:

Ի տես երիտասարդներու մասին եպիսկոպոսաց սինոդոսին, ընդհանուր ակնարկ Նորին Սրբութեան հարաւային Քորէայի երիտասարդներուն ուղղած հրաւէրին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

13 օգոստոս 2014-ին, ճիշդ չորս տարի առաջ այսօրուան պէս, Ասիոյ երիտասարդներուն 6րդ հաւաքին առիթով, սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հարաւային Քորէայի առաքելական այցելութիւնը։ Այդ առթիւ Սրբազան Հօր արտասանած քարոզներուն եւ ճառերուն կորիզը եղաւ հրաւէր՝ ուղղուած երիտասարդներուն, աղօթելու երկու քորէաներուն միութեան համար, ինչպէս նաեւ իրենց երիտասարդութիւնը համարելու շնորհք՝ պարգեւուած Յիսուսին եւ աշխարին:

Ի տես յառաջիկայ հոկտեմբեր 2018-ին կայանալիք երիտասարդներուն նուիրուած «հաւատք եւ կոչումի զատորոշում» նիւթով եպիսկոպոսաց սինհոդոսին, արժանի է անդրադառնալ Ֆրանչիսկոս Պապի չորս տարի առաջ Հարաւային Քորէայի մէջ «Մարտիրոսներուն փառքը թող ցոլայ ձեր վրայ» բնաբանով երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն:

15 օգոստոս 2014ին, Տէճոն քաղաքին Սոմոէ սրբավայրին մէջ երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ, անգլերէն լեզուով իր արտասանած երկարաշունչ ճառին մէջ , հրաւիրեց երիտասարդները, որ իրենց կեանքով վկայեն յոյսի աւետարանը, իրենց սիրտերը ազատագրեն եսասիրութեան, անարդարութեան զգացումներէն, եւ ի վերջոյ աղօթեն երկու Քորէաներուն միութեան համար, հայցելով Տիրոջմէ «Տէր, մէկ ընտանիք ենք, օգնէ մեզի ըլլալու մի: Թող չըլլան յաղթողներ ոչ ալ յաղթահարուածներ այլ թող ըլլայ միայն մէկ ընտանիք:»

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա եզրափակելով Ասիոյ երիտասարդաց 6-րդ հաւաքը «Հայըմի» դղեակին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, յորդորեց երիտասարդները, որ լիուլի մաս կազմեն ընկերային կեանքին, «Թոյլ տալով Քրիստոսին, որ կերպարանափոխէ երիտասարդներուն բնական լաւատեսութիւնը՝ քրիստոնէական յոյսին, անոնց ուժականութիւնը՝ բարոյական առաքինութեան, անոնց բարի կամքը՝ բիւրեղ սիրոյ, որ գիտէ զոհաբերուիլ:

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց Ասիոյ երիտասարդները կառուցելու աւելի սուրբ, աւելի միսիոնարական եւ հեզաբարոյ եկեղեցի մը, որ գիտէ Աստուած սիրել ու պաշտել, ծառայութիւն մատուցանելով աղքատներուն, մէկուսացեալներուն եւ հիւանդներուն :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2018, 11:25