Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սիրելու համար պէտք ենք ազատ ըլլալ կուռքերէն»:

Առարկայի մը կամ գաղափարի մը կապուածութիւնը մեզ կը կուրցնէ սիրոյ հանդէպ: Ասոր համար պէտք է ազատ ըլլանք կուռքերէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 1 օգոստոս 2018-ին, ամարուան շրջանի կարճ դադարէ ետք, սկիզբ առին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները: Նորին Սրբութիւնը այսօրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան նիւթ ըրաւ տասը պատուիրաններուն առաջինը՝ «Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս» (Ելից, 20-1), նկատելով զայն այժմէական եւ յոյժ իմաստալից:

Ունկնդրէ լուրը

«Պատուիրանը կ՝արգիլէ կուռքի կամ պատկերներու վերածել որեւէ իրականութիւն» ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով որ «ամէն ինչ կրնայ օգտագործուիլ որպէս կուռք: Այս մարդկային ձգտում մըն է, որ չի խնայեր ո´չ հաւատացեալներուն եւ ո´չ ալ անաստուածներուն:»
Ան ապա յորդորեց որ «Մենք Քրիստոնեաներս մենք մեզի հարց տանք՝ թէ ո՞րն է մեր իսկական Աստուածը. Երրորդութեա՞ն Սէրը, եւ կամ մեր պատկերները, մեր անհատական յաջողութիւնները՝ թէկուզ եկեղեցիէն ներս։ Կռապաշտութիւնը չի հայիր լոկ հեթանոսական կեղծ պաշտամունքներուն. ան հաւատքի մշտական փորձութիւն կը նկատուի եւ կը կայանայ աստուածացնելու մէջ՝ այն ինչ որ Աստուած չէ»:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հարց տուաւ, թէ գոյութենական կեանքէն ներս ի՞նչ կը նշանակէ Աստուած: Արդեօ՞ք ան իմ կեանքիս կեդրոնն է, եւ անկէ կախեալ է այն ինչ որ կը կատարեմ եւ կը մտածեմ։ Ան նկատել տուաւ, որ կարելի է բնականոն քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ ապրիլ, սակայն իրականութեան մէջ հեռու գտնուիլ Աւետարանի հայեցակէտերէն։
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց որ մարդ էակը չի կրնար ապրիլ առանց կեդրոնանալու բանի մը վրայ եւ այս պատճառաւ է որ աշխարհը կուռքերու վաճառատուներ, պատկերներ, առարկաներ, գաղափարապաշտութիւններ եւ պաշտօններ կʼընծայէ։ Ան կեդրոնացուց իր խօսքը կուռքի երեւոյթին վրայ, նկատելով զայն երեւոյթ մը որ կը ձգտի մտասեւեռումի, մտատանջումի վերածուիլ, դիտել տալով որ կուռքը իրականին մեր անձին ցոլացումն է՝ առարկաներու եւ ծրագիրներու ընդմէջէն:
Կուռքը միջոց մըն է մեր անձերը իրականացնելու եւ մեր էական կարիքները յագեցնելու, եւ զայն կը փնտռենք, անոր մասին խօսելով ու մտածելով միշտ. զայն կը հետապնդենք՝ առարկայ մը իմ սեփականութիւնս դարձնելով կամ կը փնտռենք՝ գաղափարի մը, ծրագիրի մը իրականացումին միջոցաւ հասնելու դիրքի մը: Կուռքը այնպէս կը թուի, թէ կարծես երջանկութեան հասնելու հրաշալի ուղի մը ըլլար, կամ երկինք բարձանալու աշտարակ մը:
Սրբազան Հայրը ապա ընդգծեց, որ կուռքը կը պահանջէ պատշամունքի արարողութիւններ: Զայն հետապնդելու համար ամէն ինչ կը զոհուի: Ան դիտել տուաւ որ հին պատմութեան մէջ մարդկային էակներ կը զոհէին կուռքերուն, սակայն այսօր եւս, մեր ժամանակներուն մէջ, ասպարէզի մը հասնելու համար զաւակներ կը զոհուին, զանոնք շուքի մէջ դնելով կամ պարզապէս զանոնք չծնանելով:

Սրբազան Հայրը նկատեց , որ գեղեցկութիւնը կարիք ունի մարդկային զոհերու, մեր համբաւը կը պահանջէ մեր անձին զոհաբերութիւնը եւ մեզմէ կը խլէ մեր յատուկ անմեղութիւնն ու հարազատութիւնը. կուռքերը արիւնի պէտք ունին. դրամը կը յափշտակէ կեանքը եւ հաճոյքը կ՝առաջնորդէ մէկուսացեալ կեանքի:Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, թէ նաեւ տնտեսական կառոյցները մարդկային կեանքեր կը զոհեն՝ աւելի շահ դիզելու համար: Կ՝ապրինք այնպիսի ժամանակահատուածի մէջ ուր կեղծաւորութամբ կը կատարենք ու կը խօսինք այն ինչ որ ուրիշները կ՝ակնկալեն մեզմէ : Այսպիսով ընտանիքներ կը քայքայուին եւ երիտասարդները կենթարկուին կործանարար տիապարներու՝ լոկ շահ աճեցնելու եւ ապահովելու համար :

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց կուռքերուն չծառայել, նկատել տալով որ կուռքերը մեզ կը ստրկացնեն: Անոնք երջանկութիւն կը խոստանան, սակայն իրականութեան մէջ ոչ մէկ բան կու տան։ Մեր անձը կը գտնենք այնպիսի վիճակի մը մէջ, ուր կʼապրինք այդ կուռքին համար կամ այդ տեսլականին համար, կլանուած ինքնակործանումի հոսանքէն, ակնկալելով արդիւնք մը՝ որ կը մնայ անհասանելի։
Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց որ կուռքերը կեանք կը խոստանան, սակայն իրականին անոնք կեանք կը խլեն: Ճշմարիտ Աստուածը կեանք չի պահանջեր այլ զայն կը շնորհէ: Ճշմարիտ Աստուածը չի շնորհեր յաջողութիւններու ցոլացում այլ կը սորվեցնէ սիրել: Ճշմարիտ Աստուածը որդիներ չի պահանջեր, այլ Ան ի´ր Որդին մեզի համար կու տայ։
Կուռքերը ապագայի եզրակացութիւններ կը ցոլացնեն թերագնահատելով ներկան: Մինչ Ճշմարիտ Աստուածը մեզի կը սորվեցնէ ապրիլ ամենօրեայ իրականութեան մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը, նկատելով թէ ճանչնալ մեր իւրայատուկ կուռքերը՝ շնորհքի սկիզբ կը նկատուի, եւ մեզ կը զետեղէ սիրոյ ճանապարհին վրայ:
Սէրը անհաշտ է կռապաշտութեան հետ. այն ժամանակ երբ բան մը անմատչելի եւ անհասանելի կը դառնայ, այն ժամանակ այդ բանը աւելի կարեւոր կը դառնայ քան ամոլը, զաւակը կամ բարեկամութիւն մը:
Առարկայի մը կամ գաղափարի մը կապուածութիւնը մեզ կը կուրցնէ սիրոյ հանդէպ: Ասոր համար պէտք է ազատ ըլլանք կուռքերէն, ըսաւ Ֆրաչնիսկոս Պապ հրապարակային ընհանուր ունկդրութեան աւարտին ապա զանազան լեզունեով ողջոյնի խօսքը ուղեց Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորներուն, յատուկէն Գթութեան Տիրամար միաբանութեան ինչպէս նաեւ Նազարեթի դուստեր միաբանութեան քոյերուն՝ անոնց միաբանութեան հիմնադրութեան 125-րդ ամեակին առիթով:
Ֆրանչիսկոս Պապ ինչպէս միշտ ողջունեց նաեւ  հրապարակային ունկնդրութեան հետեւող երիտասարդները, տարեցները, հիւանդները եւ նորապսակները, յայտնելով որ այսօր կը նշուի ծիսական տօնը՝ Սուրբ Ալֆոնսօ Տէ Լիկորիի՝ նախանձադիր հովիւին, որ մարդոց սրտերը գրաւեց հեզութեամբ ու քնքշութեամբ՝ արդիւնք Աստուծոյ հետ յարաբերութեան, որ է անսահաման բարութիւն, մաղթելով որ Սուրբ Ալֆոնսոյին տիպարը բոլորին օգուտ դառնայ՝ իրենց հաւատքը ուրախութեամբ ապրելու՝ ամենօրեայ համեստ գործերուն մէջ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2018, 11:16