Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային աղօթքի օրուան ի սպաս:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Օգոստոս 29-ին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կոչ ուղղեց , յառաջիկայ սեպտեմբեր 1-ին նշուելիք, արարչագործութեան խնամքի դիտաւորութեան համաշխարհային աղօթքի օրուան համար:
Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Յառաջիկայ շաբաթ, սեպտեմբեր 1-ին, կը նշուի համաշխարհային 4-րդ օրը, աղօթելու համար արարչագործութեան խնամքին դիտաւորութեան զոր պիտի նշենք Օրթոտոքս եղբայրներուն եւ քոյրերուն հաղորդութեամբ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ այլ հասարակութիւններուն մասնակցութեամբ:
Սրբազան Հայրը ապա իր փափաքը յայտնեց, որ այս տարի բոլորին ուշադրութեան յանձնուի առաջնակարգ բարիք նկատուող ջուրի հարցը, զայն մատչելի դարձնելով բոլորին:
Ան ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այս ուղղութեամբ իրագործուող բոլոր ձեռնակներուն համար:
«Երախտապարտ եմ այն բոլոր զանազան ձեռնակներուն համար՝ իրագործուած տարբեր վայրերուն մէջ՝ տեղական եկեղեցիներու, կրօնաւորական կեանքի հաստատութիւններու եւ այլ եկեղեցիներուն կողմէ: Բոլորը կը հրաւիրեմ շաբաթ օր աղօթքով միանալու մեր հասարակաց տան համար , ինչպէս նաեւ մեր հասարակաց տան խնամքի համար»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ