Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  

Ֆրանչիսկոս Պապին 19 օգոստոսի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Յաւիտենական կեանքը ընդունելու համար հարկաւոր է սնանիլ Աւետարանի խօսքերով եւ եղբայրներու նկատմամբ սիրով

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 օգոստոս 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւնը մը, ներշնչուելով օրուան Աւետարանական հատուածէն, քաղուած Յովհաննէս Աւետարանիչէն (6,51-58), ուր կը պատմուի Յիսուսի Կափառնաումի մէջ արտասանած ճառին մասին, երբ Ան հինգ հացի եւ հինգ ձուկերու բազմացումի հրաշքէն ետք, ամբոխին կը ներկայանայ որպէս Երկինքէն իջած հաց. Հաց որ կը պարգեւէ յաւիտենական կեանք։ Հաց, ինչպէս կ՛ըսէ Յիսուս որ իր «Մարմինն է աշխարհի կեանքին համար»։

Այս խօսքը խռովութիւն կը պատճառէ Յիսուսին ունկնդիրներուն, որոնք չեն հասկնար անոր իսկական իմաստը։ Յիսուս ապա կ՛աւելցնէ «եթէ չուտէք մարմինս եւ չի խմէք իմ արիւնս, յաւիտենական կեանք պիտի չունենաք»։

Յիսուս արդարեւ հրաւէր կ՛ուղղէ  իր հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու, «Զայն ճաշակելու, Անոր հետ կիսելու՝  աշխարհի համար կեանքի նուիրումը» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ այդ կեանքի հացը կը գտնուի սուրբ Հաղորդութեան մէջ եւ ամէն անգամ որ մենք սուրբ զոհին կը մասնակցինք, երկրի վրայ կը կանխենք երկինքի կեանքը։

«Այսօր եւս Յիսուս մեզի կը կրկնէ նոյն խօսքերը» ըսաւ ապա Քահանայապետը, «յաւիտենական կեանքը ընդունելու համար հարկաւոր է սնանիլ Աւետարանի խօսքերով եւ եղբայրներու նկատմամբ սիրով։ Ան երբեք չի յոգնիր մեզի հրաւէր ուղղելէ մասնակցելու իր «սեղանին», այդ հացին որ իջած է երկինքէն, որուն շնորհիւ մենք կրնանք լիապէս միանալ Քրիստոսին», յարեց Սրբազան Պապը ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի թիկունք կանգնի մեր այդ դիտաւորութեան մէջ, Յիսուս Քրիստոսին հետ հաղորդութեան մէջ մնալու, սնանելով Անոր մարմինէն եւ Անոր Արիւնէն, մեր կարգին դառնալով մեր եղբայրներուն համար բեկանուած հաց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2018, 12:19