Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Մարեմեան Աղօթք - Ֆրանչիսկոս Պապ «Աղօթենք Ճենովայի աղէտի զոհերուն համար»

Ձեզ կը հրաւիրեմ ինծի միանալու աղօթքի մէջ, զոհերուն ու անոնց սիրելիներուն համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տառատպեալներու Մխիթարութիւն Մարիամին, որուն մասին այսօր կը խոկանք, կ՛ուզեմ յանձնել մտավախութիւններն ու անձկութիւնները անոնց որոնք աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կը տառապին հոգւով ու մարմնով։ Թող մեր Երկնաւոր Մայրը մեզի համար ընդունի մխիթարութիւն,  քաջութիւն ու անդորրութիւն – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, 15 օգոստոսին արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, ապա յատուկէն յիշեց Ճենովայի դիպուածը ու կամուրջի փլուզումի զոհերը։ 

«Մինչ Աստուծոյ ողորմածութեան կը յանձնեմ բոլոր անոնք որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին, իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս կը փոխանցեմ անոնց ընտանեկան պարագաներուն, վիրաւորներուն, տեղահանուածներուն ու բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այդ ողբերգական արարքի պատճառաւ։ Ձեզ կը հրաւիրեմ ինծի միանալու աղօթքի մէջ, զոհերուն ու անոնց սիրելիներուն համար։ Միասին արտասանենք «Ողջոյն քեզ մարիամ» աղօթքը, հրաւէր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը եւ աղօթքէն ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց բոլոր հաւատացնելներուն, ապա խնդրեց որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։

Նախ քան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը զոր կեդրոնացուց օրուան տօնակատարութեան՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին վրայ, հաստատելով թէ Մարիամի կեանքի բոլոր արարքները տեղի ունեցան Յիսուսին հետ կատարեալ միութեամբ եւ ասոր համար Աստուած Անոր շնորհեց Յիսուսի Յարութեան հետ լիակատար մասնակցութիւն, զայն վերափոխելով երկինք։

Մարիամի վերափոխումը մեր փառաւոր ճակատագրին հաստատումն է, ուր մենք եւս օր մը յարութիւն պիտի առնենք մարմնով – յարեց Սրբազան Պապը ապա հաստատեց թէ «երբ մենք ապրինք Աստուծոյ ծառայելով որ կ՛արտայայտուի մեր եղբայրներուն նուիրուած վեհանձն ծառայութեամբ, մեր ճակատագիրը, յարութեան օրուան առթիւ, պիտի ըլլայ նման մեր Երկնաւոր Մօր։

«Աղօթենք Մարիամին որպէսզի իր մայրական բարեխօսութեամբ մեզ օգնէ ապրելու մեր առօրեայի ուղեւորութիւնը, գործնական յոյսի մէջ որպէսզի կարենանք օր մը իրեն միանալ բոլոր Սուրբերու ու մեր սիրելիներուն հետ, դրախտին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2018, 12:34