Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «արմատախիլ ընել չարաշահումի ողբերգական սարսափը որ կը քանդէ անմեղներու կեանքը:»

«Երկու բառեր միայն կրնան արտայայտել սոսկալի չարաշահումի ոճիրները՝ ամօթ եւ ցաւ»։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Կրէկ Պուրք յայտարարութիւն մը կատարած է չարաշահումի հարցով Փենսիլվէնիայի Եկեղեցւոյ կողմէ ներկայացուած տեղեկատուութեան մասին։ Ան ըսած է՝ «ի տես այս շաբաթ Փենսիլվէնիայի կողմէ հրատարակուած տեղեկատուութեան, երկու բառեր միայն կրնան արտայայտել այս սոսկալի ոճիրները՝ ամօթ եւ ցաւ»։ Պուրք կը նշէ, թէ «Սուրբ Աթոռը, մեծ լրջութեամբ նկատի կʼառնէ Փենսիլվէնիայի յետախուզիչ շեծ երդուելախումբի կատարած աշխատանքը եւ անոնց կողմէ պատրաստուած տեղեկատուութիւնը։ Սուրբ Աթոռը միանշանակօրէն կը դատապարտէ անչափահասներու սեռային չարաշահումը։ Տեղեկատուութեան մէջ նկարագրուած չարաշահումները քրէական եւ բարոյական յանցագործութիւններ են։ Այդ արարքները դաւաճանած են վստահութեան դէմ եւ զոհերէն խլած են անոնց արժանապատուութիւնը եւ հաւատքը»։

Պուրք կը շեշտէ, թէ «Եկեղեցին պէտք է սորվի անցեալի դասերէն։ Անոնք մեզ պէտք է մղեն պատասխանատուութեան յանձնառութեան՝ ըլլա´յ անոնց կողմէ, որոնք կատարած են չարաշահումի արարք, ինչպէս եւ անոնց կողմէ որոնք թոյլ տուած են որ այդ արարքները կատարուին։ Տեղեկատուութեան մէջ ներկայացուած դէպքերուն մեծ մասը կատարուած են 2000 թուականէն առաջ։ Նկատի առնելով որ 2002 թուականէն վերջ դէպքեր չեն գտնուած, Մեծ Երդուելախումբի եզրակացութիւնը կը համընկնի վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւններուն հետ, որոնք ցոյց տուած են թէ ինչպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարեկարգումները ԱՄՆի մէջ կտրուկ կերպով նուազեցուցած են կղերի կողմէ գործադրուած չարաշահումի արարքները։ Սուրբ Աթոռը կը քաջալերէ անչափահասները եւ խոցելի չափահասները»։

Կրէկ Պուրք կʼընդգծէ քաղաքային օրէնսդրութեան հնազանդելու հարկաւորութիւնը, ներառեալ անչափահասներու չարաշահումի դէպքերուն՝ իրաւապահ մարմիններու հաղորդելու պարտաւորութիւնը։

Պուրք կʼեզրափակէ՝ «Սրբազան Հայրը, շատ լաւ կը հասկնայ թէ որքան այս ոճիրները կը ցնցեն հաւատացեալներու հաւատքը եւ հոգին եւ կը հաստատէ կոչը՝ ամէն ճիգ թափելու, Եկեղեցւոյ եւ ամբողջ ընկերութեան մէջ ստեղծելու համար ապահով միջավայր մը՝ անչափահասներու եւ խոցելի չափահասներու համար։ Զոհերը պէտք է գիտնան, թէ Սրբազան Պապը իրենց կողմն է։ Անոնք որոնք տառապած են, Սրբազան Հօր համար առաջնահերթ տեղ ունին, եւ Եկեղեցին կʼուզէ անոնց ունկնդրել՝ արմատախիլ ընելու համար այս ողբերգական սարսափը որ կը քանդէ անմեղներու կեանքը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2018, 12:31